ՀՀ-ն եւ Արցախը Բաւարար Ուժ Ունին Խաղաղութեան Ապահովման Համար. ԱԳ Նախարար

ՀՀ-ն եւ Արցախը Բաւարար Ուժ Ունին Խաղաղութեան Ապահովման Համար. ԱԳ Նախարար

27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Հայաստանը լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացի եւ ուժային կեդրոններու հետ յարաբերութիւններու կառուցման ծիրէն ներս կ՝առաջնորդուի տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման նպատակով: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտարարած է ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան՝ Երեւանի մէջ ընթացող ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու ամենամեայ համաժողովի ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին:

Ան նշած է, որ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը ունեն բաւարար ուժ խաղաղութեան ապահովման համար։

«Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը եւ ամրապնդումը կը բխի տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն շահերէն: Մենք տեսած ենք, թէ մեր հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ անվտանգութեան համակարգի փլուզումը ինչ ծանրագոյն հետեւանքներ ունեցած է այդ ժողովուրդներուն, անոնց տնտեսութեան եւ պետականութեան համար: Ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումն է մեր տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան անհրաժեշտ պայմանը եւ Հայաստանը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ:

yerakouyn.com/2019/08/27/հհ-ն-եւ-արցախը-բաւարար-ուժ-ունին-խաղաղո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail