Եւրոպական Խորհուրդի Պատուիրակութեամբ Մը Արցախ Կ՛այցելէ

Եւրոպական Խորհուրդի Պատուիրակութեամբ Մը Արցախ Կ՛այցելէ

27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

26 Օգոստոս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Օգոստոս 2018ին, դէպի Արցախ կատարած իր առաջին այցելութենէն ետք, Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի անդամ Մարթին Սոննըպորն անգամ մը եւս Արցախ կը գտնուի, այս անգամ առաջնորդելով 25 հոգինոց պատուիրակութիւն մը, որ կը ներառէ շարք մը գերմանացի դասախօսներ, լրագրողներ եւ կուսակցութիւններու անդամներ:

Պատուիրակութեան կ՛ուղեկցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի Հեղինէ Էվինեան եւ ծրագիրներու պատասխանատու Աշխէն Ֆիքովա:

26 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի խորհրդարանի Եւրոպայի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը ընդգծեցին նման այցելութիւններու կարեւորութիւնը՝ իբրեւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ պարտադրուած ընկերային մեկուսացման դէմ պայքարի միջոց: Հանդիպման մասնակցողները շեշտեցին բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան կարեւորութիւնը, հակամարտութեան խաղաղ եւ կայուն կարգաւորման հասնելու նպատակով:

Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախի մէջ գործող »HALO Trust« ականազերծման միջազգային կազմակերպութեան կեդրոնը: Այնուհետեւ պատուիրակութեան մաս կազմող երկու անդամներ հանդէս եկան հանրային դասախօսութեամբ մը, ուր հիւրերն ու Ստեփանակերտի քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունեցան միտքեր փոխանակելու:

Մեկնաբանելով այցելութիւնը՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. »Մենք շատ ուրախ ենք մասնակցելու Սոննըպորնի ձեռնարկած այս այցելութեան, որ զգալիօրէն պիտի օժանդակէ ամրապնդելու՝ երկու ժողովուրդներուն միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող կապերը, ստեղծելով նոր կամուրջներ: Այս այցելութիւնը նաեւ կը հանդիսանայ յստակ ուղերձ մը աշխարհին, որ Ատրպէյճանի վարած հակահայ քաղաքականութիւնը՝ Արցախի մեկուսացման փորձերը եւ Արցախ այցելողներուն դէմ սպառնալիքները, ձախողած քաղաքականութիւն է«:

Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեան անդամները պիտի հանդիպին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ եւ պիտի այցելեն Արցախի օդակայանը:

Շաբաթ, 24 Օգոստոսին, Արցախ ժամանելէ առաջ, գերմանական պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:

yerakouyn.com/2019/08/27/եւրոպական-խորհուրդի-պատուիրակութեամ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail