Վարչապետ Փաշինեան. «Հետեւողականօրէն Պիտի Բարձրացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան Ինքնիշխանութեան Ու Անվտանգութեան Մակարդակը»

Վարչապետ Փաշինեան. «Հետեւողականօրէն Պիտի Բարձրացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան Ինքնիշխանութեան Ու Անվտանգութեան Մակարդակը»

28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելն է, ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան մակարդակը հետեւողականօրէն բարձրացնելը, մեր երկրի եւ անոր քաղաքացիներու անվտանգութեան ու բարեկեցութեան համար աւելի նպաստաւոր արտաքին միջավայր ձեւաւորելը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ կեդրոնական անձնակազմի եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքի ընթացքին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` նշելով, որ ասիկա տեղի ունենալու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ձայնը, դիրքորոշումները, մօտեցումներն ու նպատակները աշխարհին համար ըլլան աւելի տեսանելի, լսելի եւ ընդունելի:

«Այսպիսով, կը ձեւակերպուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան խնդիրը. բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան առարկայականութիւնը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Արդեօք մենք ասոր համար ունի՞նք նախադրեալներ եւ կարելիութիւններ: Այո՛, միանշանակ», ըսած է վարչապետը` անդրադառնալով նախորդ տարուան ժողովրդային շարժումին: «Ժողովրդավարութիւնը պէտք է դառնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան թիւ մէկ այցեքարտը, եւ մեր խնդիրն է աշխարհին ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը անշրջելի է, որովհետեւ անիկա հիմնուած եւ յենուած է ո՛չ թէ անձի, ո՛չ թէ յստակ քաղաքական շրջանակի, այլ ժողովուրդի գիտակցութեան, կամքին եւ ձգտումներուն վրայ», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետին համոզումով` յաջորդ սկզբունքը, որ պէտք է օգնէ բարձրացնելու Հայաստանի առարկայականութիւնը, համահայկականութիւնն է:

«Մեր արտաքին քաղաքական բարդութիւններէն ու բարդոյթներէն ամէնէն առանցքայինը փոքր ազգի, փոքր պետութեան ընկալումն է: Ի դէպ, այս բարդոյթը յաճախ արտայայտութիւն կը գտնէ մեր հանրային, պետական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, ամէնօրեայ կենցաղէն մինչեւ արտաքին քաղաքականութիւն: Հետեւաբար, փոքրի բարդոյթը յաղթահարելը կենսական նշանակութիւն ունի մեզի համար, եւ ասոր գործնական լուծումը իմ պատկերացումովս հետեւեալն է` Հայաստանի դեսպանները իրենց հաւատարմագրուած երկիրներուն մէջ պէտք է ներկայանան ո՛չ թէ իբրեւ փոքր քաղաքական խմբակի կամ իշխող վերնախաւի կամ, նոյնիսկ, անգամ, փոքր պետութեան, այլ, իբրեւ համահայկական ներկայացուցիչ, համայն հայութեան ներկայացուցիչ: Ասոր համար այսօր կան բոլոր պայմաններն ու նախադրեալները, որովհետեւ Հայաստանի կառավարութիւնը ունի ժողովրդական աջակցութեան նոյնպիսի մակարդակ Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ, եւ քանի որ համաձայնեցանք, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը անշրջելի է, ու քանի որ բազմիցս յայտարարած ենք, որ մեր կառավարութեան նպատակը սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ սահմանները ջնջելն ու վերացնելն է, հասկնալն է, որ այսպիսի իրավիճակը պէտք է յարատեւ ըլլայ: Համահայկականութեան տրամաբանութիւնը պէտք է նոր կշիռ տայ Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր խօսքին ու դիրքորոշման, իսկ այսպիսի խնդիր լուծելու համար Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները հայկական համայնք ունեցող բոլոր երկիրներուն մէջ պէտք է ըլլան ամբողջ հայութիւնը համախմբող գործօն, եւ դադրին սփիւռքի մեր հայրենակիցները բաժնելու ընդդիմադիրներու եւ իշխանամէտներու, հիներու եւ նորերու», նշած է վարչապետը:

Միւս կողմէ, նոյն հաւաքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք մինչեւ օրս արտայայտուած են նաեւ ուժի կիրարկումով, շրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են` ընդգծելով, որ «Հայաստանը հանդէս կու գայ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման դիրքերէն, սակայն չի կրնար ընդունիլ Ազրպէյճանի կողմէ բացայայտ կամ քողարկուած ուժի կիրարկման սպառնալիքները, եւ զինադադարը պայմանական դարձնելու որեւէ նկրտում: Լարուածութեան պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու Ազրպէյճանի ջանքերը կը խոչընդոտեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, եւ, ըստ այդմ, չեն նպաստեր տագնապի մնայուն եւ համապարփակ լուծման: Ազրպէյճանը իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան սպառնալիքը: Խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, եւ Հայաստանն ու Արցախը ունին բաւարար ուժ` խաղաղութեան ապահովման համար», նշած է Մնացականեան:

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է նաեւ, որ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը ունին բաւարար ուժ խաղաղութեան ապահովման համար:

«Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը եւ ամրապնդումը կը բխի շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն շահերէն: Մենք տեսած ենք, թէ մեր դրացի շրջաններուն մէջ անվտանգութեան համակարգի փլուզումը ինչ ծանրագոյն հետեւանքներ ունեցած է այդ ժողովուրդներուն, անոնց տնտեսութեան եւ պետականութեան համար: Ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումն է մեր շրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան անհրաժեշտ պայմանը, եւ Հայաստանը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ», ըսած է նախարար Մնացականեան:

aaztagdaily.com/archives/451510

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail