
Չաւուշօղլու Երուսաղէմի Մէջ Թուրքիոյ Գործունէութիւնը Արգիլելու Իսրայէլի Որոշումը Կը Նկատէ «Կեղտոտ Խաղ»
28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ 17 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին «նոր կեղտոտ խաղ կը խաղան»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք երբեք պիտի չհրաժարինք Պաղեստինի բռնագրաւուած մայրաքաղաք Արեւելեան Երուսաղէմի հարցին մէջ մեր պաղեստինցի եղբայրներուն աջակցելէն եւ անոնց շահերը պաշտպանելէն», նշած է Չաւուշօղլու:
Նախքան այդ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց «Թուիթըր»-ի վրայ եբրայերէնով եւ արաբերէնով գրառում կատարելով յայտնած էր, որ իր ղեկավարած նախարարութիւնը յատուկ քայլերու թղթածրար մը կը պատրաստէ` «Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ գրգռիչ ու սադրիչ գործունէութիւնը դադրեցնելու համար»:
Ան աւելցուցած էր, թէ «ծրագիրին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ» պիտի հաղորդուին հետագային:
aztagdaily.com/archives/451515





