Փութինի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Պատշաճ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրենք Սոչիի Համաձայնութեան Հիմամբ Իտլիպի Մէջ Հանդարտութեան Ամրապնդման Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան
28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան` քննարկելու համար Իտլիպի կացութիւնը:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ժուքովսքի միջազգային օդակայանին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենար Ռուսիոյ օդանաւերու եւ անջրպետագնացութեան «ՄԱՔՍ-2019» տարեկան ցուցահանդէսը: Փութին Էրտողանին ներկայացուց Ռուսիոյ գերարդիական «Սու-57» օդանաւերը, այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիան ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար դուրս մղուած է ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն:
Երկու ղեկավարները քննարկեցին Սուրիոյ վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար Իտլիպի մէջ տիրող կացութիւնն ու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու թուրք-ամերիկեան ջանքերը:
Հանդիպումէն առաջ երկու նախագահները ներկայ գտնուեցան «ՄԱՔՍ-2019»-ի բացումին:
Էրտողան ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ «սերտ ու անկեղծ երկխօսութիւն»-ը` յայտնելով, որ պատմական խոր ենթահողը ճամբայ հարթած է այսպիսի գործակցութեան մը: Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա այցելող ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը մրցանիշ արձանագրած է: «Կը նախատեսենք, որ 2019-ին շուրջ 6 միլիոն ռուսեր այցելեն Թուրքիա», նշեց ան` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտուրը արդէն շրջանցած է 25 միլիառ տոլարը, սակայն նպատակը զայն 100 միլիառ տոլարի հասցնելն է:
Ռուսիոյ նախագահը իր թուրք պաշտօնակիցին հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Էրտողանի հետ քննարկեցի Իտլիպի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն վերաբերեալ միացեալ քայլերը, եւ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացուցի Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու որջերը փակելու համար պէտք եղած քայլերը որդեգրելու կարեւորութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ համաձայնեցանք Սուրիոյ միութեան ու հողերու անձեռնմխելիութեան շուրջ»:
«Թուրքիան կը կրէ սուրիացի մեծաթիւ գաղթականներու ներկայութեան բեռը, եւ կը հասկնանք թրքական մտավախութիւնները», ըսաւ ան:
«Կը զօրակցինք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման ձգտող ջանքերուն», նշեց Ռուսիոյ նախագահը` ընդգծելով. «Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը լաւ պիտի ըլլայ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան համար»: Անոր համաձայն, ատիկա «պիտի նպաստէ Սուրիոյ գերիշխանութեան պահպանման»:
«Թուրքիոյ հետ քաղաքային ու զինուորական օդանաւերու արտադրութեան ոլորտի զարգացման ծրագիրներ ունինք», ըսաւ ան:
Էրտողան իր կարգին յայտնեց. «Այսօրուան Ռուսիա այցելութիւնս մեծ կարեւորութիւն ունի եւ մեծ խթան պիտի հանդիսանայ շարք մը կարեւոր հարցերու համար»:
«Մասնաւորաբար քննարկեցինք Իտլիպի մէջ Լարուածութեան մեղմացման գօտիի հարցը: Ցաւ կը զգանք, որ սուրիական ուժերը կը խախտեն համաձայնութիւնները, ինչ որ մեզի համար կը դժուարացնէ Սոչիի համաձայնութեան գործադրումը: Սուրիական գործողութիւնները դէպի Թուրքիա մեծ տեղահանութիւն յառաջացուցին եւ կը վտանգեն մեր ուժերը. չենք ուզեր, որ հարցը շարունակուի»:
«Սուրիոյ կառավարութեան Իտլիպի մէջ շղթայազերծած յարձակումները խախտեցին այն հանդարտութիւնը, որ Թուրքիան ու Ռուսիան հաստատած էին շրջանին մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պատշաճ բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք Սոչիի համաձայնութեան հիմամբ Իտլիպի մէջ հանդարտութեան ամրապնդման համար»:
«Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քայլեր որդեգրեցինք, եւ կը յուսանք, որ յառաջիկայ հանդիպումները կը նպաստեն Սուրիոյ մէջ կացութեան կայունացման», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:
Ժապհաթ Նուսրա Իտլիպի Մէջ Հակայարձակում Շղթայազերծած Է
Միւս կողմէ` «Նաշրա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրան ու անոր դաշնակից զինեալ խմբաւորումները երէկ առաւօտեան Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ շղթայազերծած են հակայարձակում մը: Երկու կողմերուն միջեւ կ՛ընթանան բուռն բախումներ: Մինչեւ հիմա զինեալները չեն կրցած որեւէ նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրել:
Զինեալ խմբաւորումները յարձակում գործած են սուրիական բանակի արձանագրած յառաջխաղացքին յաջորդած երկու օր տեւած հանդարտութենէն ետք:
aztagdaily.com/archives/451525