Յարութ Սասունեան – «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհո՞ւրդ», Թէ՞ Հայկական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդ.
28-08-2019 | ԱՄՆ | Վերլուծություն
15 Օգոստոս 2019ին, ամերիկահայ քսան կազմակերպութիւններու համախմբումը յայտարարեց «Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդ»իկազմութեան մասին:
Համախմբումի անդամներն են.
Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցի – Արեւմտեան Թեմ
ԱռաջնորդարանՀայոցԱ. Մ. Նահանգներու -ԱրեւմտեանԹեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի ՀայԿաթողիկէԹեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն- Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն – Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն- Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Միացեալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար – Արեւմտեան Շրջանային Գրասենեակ
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Ասոնք յարգարժան կազմակերպութիւններ են, որոնք հիանալի աշխատանք կատարած են Ամերիկայի հայկական համայնքի կեանքին մէջ:
Խորհուրդը յայտարարեց, որ «համայնքային այլ կազմակերպութիւններ, որոնք կը փափաքին անդամակցիլ այս հաւաքական ջանքերուն եւ ունին առնուազն 300 գործօն անդամ, այսու կը հրաւիրուին մաս կազմելու Խորհուրդին»:
Նաեւ, Խորհուրդը բացատրեց, որ «այս Խորհուրդի խորհրդակցական բնոյթը եւանոր որոշումները պարտադիր չեն որեւէ
անդամ կազմակերպութեան համար: Ուստի, Խորհուրդի գոյութիւնը որեւէ իշխանութիւն չի շնորհերանոր՝ Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններու գործունէութեան նկատմամբ»:
Խորհուրդը յայտարարեց, որ իր առաքելութիւնն է՝
. Ծրագրել եւ իրագործել համահամայնքային բնոյթի աշխատանքներ:
. Քաջալերել հայութեան հաւաքական շահերն ու հայ համայնքի իրաւունքները առաջ տանող աշխատանքները եւ աջակցիլ անոնց:
. Քայլերու ձեռնարկել՝ դիմակայելու համար հայերու հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն հակասող գործողութիւններնու ի գործ դրուած ճիգերը:
. Հաւաքագրել եւ կեանքի կոչել համայնքի հայութեան ներուժը՝ յանուն համայնքի շահերուն, այլեւՀայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու բարօրութեան:
. Մնայուն կերպով ուշադրութիւն դարձնել հայ համայնքի հաւաքական բարեկեցութեան եւ ապահովութեան վրայ:
Ասոնք բոլորը արժանաւոր նպատակներ են՝ ի նպաստ տեղւոյն համայնքի, ինչպէս նաեւյօգուտ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի շահերուն: Արդիւնքը միշտ հրաշալի կ՛ըլլայ, երբ հայերը ձեռք-ձեռքի տան։ Ինչպէս բոլորս գիտենք՝ միասնութիւնը ուժ է: Հայերը որքան աւելի կազմակերպուած ըլլան եւ խօսին միասնական ձայնով, այնքան աւելի հզօր կ՛ըլլան իբրեւ համաշխարհային ժողովուրդ:
Համահայկական խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւնները տեսակցեցան 16 Օգոստոս 2019ին, Քալիֆորնիոյ Պըրպէնք քաղաքի Արեւմտեան թեմէն ներսեւ ստորագրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը: Թէեւ ձեռնարկը յայտարարուած էր իբրեւ մամլոյ ասուլիս, սակայն, ներկայ գտնուող լրագրողներուն կարելիութիւն չտրուեցաւ հարցումներ ուղղելուեւ կարգ մըկարեւորհարցեր յստակացնելու:
Ահա որոշ հարցեր, զորս կը փափաքէի բարձրացնել այս համաժողովին.
1) Ներկայիս ի՞նչ բան դրդեց այս կազմակերպութիւնները, որ ստեղծեն նման Խորհուրդ մը:
2) Նախքան այսպիսի Խորհուրդի մը ստեղծումը կամ վերստեղծումը, գրեթէ նոյն անդամակցութեամբ նման համախմբում մը գոյութիւն ունէր 2013էն 2015 թուականներուն՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբ Արեւմտեան Ամերիկա»յիներքոյ: Ինչո՞ւ վերջինս լուծուեցաւ 2015ին եւ վերստեղծուեցաւ հիմա՝ կորսնցելով չորս տարուան համագործակցութեան ջանքերու կարելիութիւնը։ Իբրեւ հարիւրամեակի յանձնախումբի համանախագահներէն մէկը, ես բազմիցս յորդորած եմ խումբը, որ2015ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի աւարտէն ետքչլուծուի: Աւելին, ինչպէս ես տեղեկացուցած էի 8 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր իմխմբագրականիս մէջ, թէ 26 Սեպտեմբեր 2015ին, Երեւան կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետականհամաժողովին մէջ, 40 երկիրներուՀայոցՑեղասպանութեանյանձնախումբերուներկայացուցիչներումասնակցութեամբընդունուեցաւբանաձեւ՝ կազմելու համար «Համահայկական խորհուրդ», որ կը յաջորդէ Հարիւրամեակի յանձնախումբին։ Նշանակուեցաւ կազմակերպական կոմիտէ, որ բաղկացած էր Հայաստանի պետական բարձրաստիճանպաշտօնեաներէ եւ Սփիւռքի մեծ կազմակերպութիւններէ: Ցաւօք, նախատեսուած Համահայկական խորհուրդը չիրագործուեցաւեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբի 40 մասնաճիւղերը լուծուեցան։
3) Եթե նորաստեղծ Համահայկական խորհուրդի նպատակը Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համախմբման ստեղծումն է, ապա համայնքը արդէն ամբողջ մէկ տասնամեակ մը ունեցած է նման համախմբում, որկը գործէ 39 հայկական կազմակերպութիւններէ բաղկացած «Լոս Անճելըսի Միացեալ հայկական խորհուրդի» ներքեւ:
4) Համահայկական նոր Խորհուրդի անունը պէտք է ըլլար «Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւններու համախմբում»: «Համահայկական»կը նշանակէ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր հայերը կ՛անդամակցին այս Խորհուրդին, մինչդեռ վերը ներկայացուած են միայն կարգ մը կազմակերպութիւններու անդամներ: Հայերու մեծ մասը, որ որեւէ կազմակերպութեան մը անդամ չէ, ներկայացուած չէայս Խորհուրդին մէջ:
5) Թէեւ հայկական աւանդական քաղաքականերեքկուսակցութիւններէն երկուքը Խորհուրդի մէջ են, երրորդը՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, չես գիտեր ինչո՛ւ, Խորհուրդին մէջ ներկայացուած չէ: Կան նաեւ հայկական ուրիշ մեծ կազմակերպութիւններ, որոնք Խորհուրդի անդամ չեն, ինչպիսիք են Հայկական մասնագիտական ընկերութիւնը եւ «Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներ եւ գիտնականներ» կազմակերպութիւնը: Կարեւոր է նաեւ այն, որ Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ գաղթածներու հսկայական համայնքը պատշաճ կերպով ներկայացուած չէ Խորհուրդին մէջ:
Վերջապէս, իսկական Համահայկական խորհուրդը, կամ նման անուն կրող կառոյցը պէտք է ընտրուի Արեւմտեան Ամերիկայի կամ Սփիւռքի ամբողջ հայութեան քուէով, այլ ոչ թէքանի մը կազմակերպութիւններու անդամներուն կողմէ: Միայն այսպիսի ժողովրդավարական կառոյց մը կրնայ յաւակնիլ Սփիւռքի հայութիւնըներկայացնելուեւ խօսելուանոր անունով։
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
nt.am/am/news/271969/