Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Ռազմական Առումով Պէտք Է Դառնայ Արդիւնաբերական Երկիր»
29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ –:
28 օգոստոսին Ռազմաարդիւնաբերողներու միութեան եւ ռազմաարդիւնաբերական ոլորտի ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է ռազմական առումով դառնայ արդիւնաբերական երկիր, որովհետեւ այս բնագաւառը զանազան կարեւորութիւններ ունի:
«Ռազմաարդիւնաբերական համալիրը մեզի համար ունի քանի մը կարեւոր առանցքային նշանակութիւն, որոնք բոլորն ալ ունին ռազմավարական բնոյթ: Առաջինը, որ մեր երկիրը պէտք է ունենայ ուժեղ ռազմաարդիւնաբերական համալիր, եւ ատիկա կը բխի անվտանգային այն միջավայրէն, որուն մէջ մենք այսօր կը գտնուինք. մեր երկրի անվտանգութեան կարիքները ակնյայտօրէն այդ մտքին կը մղեն», ըսաւ վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանի, երկրորդ կարեւոր հանգամանքը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումն է, Հայաստանի մէջ նոր աշխատատեղերու ստեղծումը եւ Հայաստանը բարձր որակաւորում ունեցող աշխատուժի երկիր դարձնելու տեսլականը:
«Իսկ ռազմաարդիւնաբերական համալիրը ոլորտ մըն է, ուր բանուորէն սկսեալ կ՛ենթադրէ որակաւորում: Եւ, վստահաբար, արտահանման ռազմավարութիւնը մեզի համար նոյնպէս շատ կարեւոր է, եւ մեր ռազմավարական ուղղութիւնը պէտք է ըլլայ այնպէս, որ Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերական համալիրը պէտք է արտաքին շուկաներու վրայ աշխատելու կարելիութիւն ունենայ», նշած է ան:
Փաշինեանին համաձայն, մինչեւ այդ նպատակներուն հասնիլը, պէտք է ներքին շուկայ ապահովել ռազմաարդիւնաբերական համալիրին համար: Պէտք է պետական պատուէրներ ապահովել, որպէսզի համալիրը կարողանայ ապրիլ, ոտքի կանգնիլ, զարգանալ եւ մրցունակ ըլլալ:
aztagdaily.com/archives/451653