«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Իրանին Վարկեր Տրամադրելու, Եթէ Թեհրան Փոխէ Իր Գործելակերպը» Կ՛ըսէ Փոմփէօ
29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ելեւմտական միջոցներ տրամադրելու Իրանին, եթէ այդ երկրի իշխանութիւնները փոխեն իրենց գործելակերպը եւ կատարեն Ուաշինկթընի առաջադրած պայմանները: Այս մասին «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ:
Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հարցազրոյցին բովանդակութիւնը:
«Մենք կ՛ուզենք, որ Իրան բնական երկիր ըլլայ: Մենք կ՛ուզենք, որ Իրանի ժողովուրդը յաջողութեան հասնի իր ղեկավարութեան գործելակերպը փոխելու հարցին մէջ», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն պատրա՞ստ է Իրանին յատկացնելու կարճաժամկէտ վարկեր, որոնք այդ երկրին պիտի արտօնեն յաղթահարել, ամերիկեան պատժամիջոցներու տնտեսական հետեւանքները, ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարած է. «Երբ ատիկա կատարուի, մենք ուրախ պիտի ըլլանք Իրանի հետ նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ անոնց տրամադրելու ներուժ ու դրամագլուխ, որոնք անհրաժեշտ են, որ անոնք դառնան յաջողակ երկիր»:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Հասան Ռուհանիի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը կարելի չէ, մինչեւ որ Ուաշինկթըն վերադառնայ Հիւլէական գործարքի կէտերու կատարման:
aztagdaily.com/archives/451686