ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Իտլիպէն Աւելի Կարեւորը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Իտլիպէն Աւելի Կարեւորը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

17 սեպտեմբեր 2018-ին Սոչիի մէջ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը` Իտլիպի մէջ ստեղծելու լարուածութեան մեղմացման գօտի մը, ուրկէ, ըստ կնքուած ռուս-թրքական համաձայնութեան, դուրս պիտի բերուէին ահաբեկչական խմբաւորումները: Այդ աշխատանքը պէտք էր կատարէր Թուրքիան, սակայն վերջինս չգործադրեց իր ստանձնած յանձնառութիւնը եւ շրջանէն դուրս չբերաւ իր աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք սկսան յարձակումներ շղթայազերծել Մոսկուայի աջակցութիւնը վայելող սուրիական բանակի դիրքերուն, ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին եւ բնակուած շրջաններու դէմ:

Ստեղծուած կացութեան մէջ եւ մասնաւորաբար թրքական կողմի իրերայաջորդ սնամէջ խոստումներէն ետք, սուրիական բանակը Ռուսիոյ աջակցութեամբ յարձակում շղթայազերծելով մեծ յառաջխաղացք արձանագրեց` չվարանելով պաշարել թրքական բանակի հսկողութեան 9-րդ կէտը եւ մինչեւ իսկ հարուածել Խան Շէյխունի մէջ իր դաշնակիցներուն փրկութեան փութացող թրքական բանակի շարասիւնը:

23 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Իտլիպի հարցով Փութին-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, ապա 27 օգոստոսին Թուրքիոյ նախագահը իր ռուս պաշտօնակիցին հրաւէրով այցելեց Մոսկուա: Այդ հրաւէրին գլխաւոր նպատակը կը թուի ըլլալ ներկայացումը Փութինի մատնանշած` Թուրքիոյ հետ քաղաքային ու զինուորական օդանաւերու արտադրութեան ոլորտի զարգացման ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ «Սու-35» եւ «Սու-57» հալածիչներու` իբրեւ այլընտրանք ամերիկեան «Էֆ-35»-ին, որուն ծրագիրէն դուրս մղուած էր Անգարա` փոխան ամերիկեան «Փաթրիոթ»-ին ռուսական «Էս-400»-ները գնած ըլլալուն համար:

Փութինի նպատակը կը թուի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած ճեղքը խորացնելը ըլլալ: Այդ պատճառով ալ զգուշացաւ Էրտողանի հետ հանդիպման ընթացքին թրքական կողմին թեւը ոլորելէ, որուն պատճառով ալ Իտլիպի շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ: Արդարեւ, Փութին Էրտողանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, թէ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու որջերը փակելու համար պէտք եղած քայլերը որդեգրելու կարեւորութեան շուրջ», եւ ոչ թէ` անոնց որդեգրման շուրջ: Էրտողան իր կարգին անգամ մը եւս կրկնեց այդ քայլերը որդեգրելու թրքական կողմի բազմիցս կրկնուած եւ ոչ հաւաստի խոստումը, որ, ըստ Էրտողանի զաւեշտական պնդումին, արդէն գործադրուած պիտի ըլլար, սակայն «ցաւ կը զգանք, որ սուրիական ուժերը կը խախտեն համաձայնութիւնները, ինչ որ մեզի համար կը դժուարացնէ Սոչիի համաձայնութեան գործադրութիւնը»:

Փութին-Էրտողան մամլոյ ասուլիսի նշանակալից կէտերէն մէկն ալ Ռուսիոյ նախագահին զօրակցութիւնն էր Եփրատի արեւելեան ափին վրայ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու թուրք-ամերիկեան համաձայնութեան, որուն մօտալուտ տապալումին կը թուի համոզուած ըլլալ Մոսկուան: Այդ տապալումը պիտի ըլլայ ՕԹԱՆ-ի երկու անդամներուն միջեւ խզում յառաջացնելու ռուսական կողմի նպատակին իրագործման նպաստող յաւելեալ ազդակ մը:

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, թէ Ռուսիոյ համար թուրք-ամերիկեան խզման իրագործումը շատ աւելի կարեւոր է, քան Իտլիպի հարցին լուծումը, որ արդէն գործնական գետնի վրայ կ՛ընթանայ դէպի Մոսկուայի համար նպաստաւոր ուղղութեամբ:

aztagdaily.com/archives/451610

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail