Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Մարթին Սոննըպոռնի Մամլոյ Ասուլիսը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Մարթին Սոննըպոռնի Մամլոյ Ասուլիսը

30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Ապառաժ» կը հաղորդէ, թէ 29 օգոստոսին Ստեփանակերտի «Փարք հոթել» պանդոկի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է գերմանացի լրագրողներէ, դասախօսներէ, գրողներէ, զբօսաշրջութեան մարզի մասնագէտներէ բաղկացած խումբով Արցախ այցելած Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Մարթին Սոննըպոռնի մամլոյ ասուլիսը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Հեղինէ Էվինեանի համաձայն, մօտ մէկ տարի առաջ Արցախ այցելած գերմանացի երեսփոխանը խոստացած էր վերադառնալ աւելի մեծ խումբով` այդպիսով մեծցնելով Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակը», եւ այժմ կատարած է իր խոստումը:

Մարթին Սոննըպոռն ո՛չ միայն Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան է, այլ նաեւ Գերմանիոյ մէջ բաւական յայտնի լրագրող, երգիծական «Թիթանիք» ամսագիրի նախկին աշխատակից:

Խօսելով այցելութեան նպատակի եւ ստացած տպաւորութիւններուն մասին` Սոննըպոռն նշած է, որ պատուիրակութիւնը հրաշալի օրեր անցուցած է Արցախի մէջ եւ տպաւորուած է հիւրընկալութեամբ: «Մենք այստեղ ենք, որպէսզի սատարենք ինքնորոշման իրաւունքին, մեզի համար ատիկա հիմնարար իրաւունք է, որ ենթակայ չէ բանակցութիւններու, քննարկման: Ես երկիրէ մըն եմ, ուր մենք առիթ ունեցած ենք խաղաղ ընթացքով վերամիաւորուելու եւ նմանատիպ տագնապներու նկատմամբ շատ զգայուն ենք», մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Մարթին Սոննըպոռն:

Անդրադառնալով վերջերս տեղի ունեցած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն` խորհրդարանականը նշած է, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները իրենց համար գերազանց էին. «5 տարի առաջուան արդիւնքներուն համեմատ քառապատկուած են մեր քուէները, եւ նպատակ ունինք մեր բոլոր ընտրողներուն դէպի Արցախ ուղեկցելու»:

Արցախ այցելած խումբի կազմին մէջ էր նաեւ Սոննըպոռնի կինը` լրագրող Քլաուտիա Թուրսարգիսեանը, որ այս օրերուն Արցախի վերաբերեալ ժապաւէն կը նկարահանէ: Ժապաւէնին նպատակը աշխարհին Արցախը իբրեւ կայացած պետութիւն ներկայացնելն է:

«Ժապաւէնը ինքնորոշման իրաւունքի մասին է, հարցազրոյցներ ունեցած ենք տարբեր նախարարներու, քաղաքական գործիչներու հետ: Նպատակն է ցոյց տալ, որ արցախցիները ունին ինքնորոշման իրաւունք եւ կ՛օգտուին անկէ», ըսած է Մարթին Սոննըպոռն` տեղեկացնելով, որ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի շարք մը փառատօներու ընթացքին:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է, որ պիտի շարունակեն այցելութիւններու միջոցով Արցախը ճանաչելի դարձնելու գործելաոճը: «Անոնք Ազրպէյճանին ուղարկուող նամակներ են, որ իր «սեւ ցուցակները» եւ անիմաստ յայտարարութիւնները որեւէ ձեւով չեն կրնար խոչընդոտել Արցախ այցելութիւնը: Ազրպէյճանը պէտք է ասիկա հասկնայ եւ լուրջ երկխօսութեան սկսի Արցախի հետ, որպէսզի հարցը լուծուի, իսկ մնացեալը Ազրպէյճանի կողմէ դատարկ, իրենց ներքին խնդիրները լուծելու ուղղուած քարոզչութիւններ են, որոնք արդիւնք պիտի չտան», ըսած է Գասպար Կարապետեան:

aztagdaily.com/archives/451806

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail