Գաբրիէլ Լազեան (1893-1959) 50 Տարի Պայքարի Առաջին Շարքերուն Վրայ (Շար. 1)

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

Գաբրիէլ Լազեան (1893-1959) 50 Տարի Պայքարի Առաջին Շարքերուն Վրայ (Շար. 1)

30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՄԱՅՔ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

25 օգոստոսին լրացաւ հայ ժողովուրդի երախտաւոր զաւակներէն` Գաբրիէլ Լազեանի մահուան 60-րդ տարելիցը: «Ազատ Օր» կը հրատարակէ «Նոր Օր»-ի հիմնադիրի եւ յունահայ գաղութի անզուգական գործիչին կենսագրութիւնը` որպէս նուազագոյն տուրք իր բազմավաստակ գործունէութեան եւ յիշատակին:

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն ծաւալած ազգային ազատագրական պայքարը խորապէս կապուեցաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ եւ շեշտաւորեց անոր ուղին մինչեւ մեր օրերը: Հակառակ այն իրողութեան, որ հայութեան ամենամեծ մասը կ՛ապրէր օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին, մեր ժողովուրդը իր ամբողջութեամբ պայքար տարաւ ձեռք բերելու համար իր իրաւունքները եւ դիմադրեց թրքական պետութեան կողմէ բնաջնջման եւ ազգային ինքնութիւնը վերացնելու ամէն ջանք:

Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրի իրագործումը գաղտնի կերպով սկսաւ Երիտասարդ թուրքերուն կողմէ, 1915-ի ապրիլին, որոնք իրենց կողքին ունէին դաշնակից Գերմանիան: Հայ ժողովուրդի ամբողջական բնաջնջման փորձը, իր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներով, յառաջ բերաւ նաեւ քաոսային վիճակ մը տարածաշրջանէն ներս` հարիւր հազարաւոր թրքահայ գաղթականներու հոսանքներով դէպի Կովկասի եւ Ռուսահայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը: Սովը համատարած էր գաղթականներու զանգուածներուն մէջ. ամէն օր սովէն եւ հիւանդութիւններէն հազարաւոր մեռեալներ կ՛աւելնային Ցեղասպանութեան զոհերու թիւին վրայ, մինչ տասնեակ հազարներով որբ մանուկներ կը մնային անտէր ու թշուառ վիճակի մէջ: Սակայն հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ աննկուն կամք եւ կորով, ու այսպէս, 28 մայիս 1918-ին ջախջախեց թրքական զօրքերը եւ Հայաստանի մնացորդացը փրկեց:

Երեք ճակատներու վրայ ընթացող պատերազմը ճակատագրական դարձաւ նոյնիքն հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան համար: Հերոսական ու կատաղի մարտերու շնորհիւ` հայութիւնը փառապանծ յաղթանակներ նուաճեց, որոնց շնորհիւ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ հիմը դրուեցաւ հայոց պետականութեան վերականգման: Անկախութիւնը հազիւ երկու տարուան կարճ կեանք մը ունեցաւ, որուն պահպանման համար հայ ժողովուրդը եւ իր ղեկավարութիւնը անթուլ կերպով պայքարեցան եւ աննկարագրելի չարչարանքներ կրեցին: Մեծ զոհողութիւններու երկու տարիները ունեցան անփառունակ վախճան մը, սակայն, միաժամանակ, անկիւնադարձային եղան հայութեան համար, որովհետեւ այդ տարիներուն հիմերը դրուեցան ազգային, քաղաքական, հոգեմտաւոր եւ բարոյական այն արժէքներուն, որոնց վրայ խարսխուած է այսօրուան մեր նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւումը եւ բարգաւաճումը:

1920 թուականի աշնան Հայաստանի կառավարութիւնը անելի մէջ գտնուեցաւ, երբ մեր երկիրը պաշարուեցաւ հարաւարեւելեան կողմէն պոլշեւիկ հսկայ զօրքերէն, իսկ արեւմուտքէն` անգամ մը եւս թրքական բանակէն: Ճակատագրական այդ օրերուն, չարեաց փոքրագոյնը ընտրելով, հայկական կառավարութիւնը երկիրը յանձնեց համայնավար ուժերուն` երկիրը փրկելու համար թրքական ճիրաններէն: Բայց նոյնիսկ այդ յանձնումը անարիւն չանցաւ: Պոլշեւիկները ձեռնարկեցին անթիւ ձերբակալութիւններու, սպանութիւններու եւ աքսորներու, գլխատումի ենթարկելով հայ քաղաքական եւ զինուորական ողջ ղեկավարութիւնը: Շատեր կարողացան փախուստ տալ եւ հաստատուիլ Հայաստանէն դուրս` նորաստեղծ հայկական սփիւռքի գաղութներուն մէջ:

Այդ եւ հետագայ զարգացումներու ոլորտին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Գաբրիէլ Լազեան, որ յիսուն տարիներու վրայ երկարող իր ազգային գործունէութեամբ մեծապէս նպաստեց հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի եւ անոր հոգեւոր զարթնումի գործին: Ան եղաւ յունահայ գաղութի կազմակերպման առաջին եւ գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, ինչպէս նաեւ` յունահայ մամուլի ստեղծման եւ զարգացման առաջին ուժերէն մին:

Ան իր ծառայութեան ոսկի վաստակը թողուց հայ ժողովուրդին` որպէս պարզ զինուոր, սպայ, թերթի հրատարակիչ, լրագրող, հանրային գործիչ, քաղաքական մարդ եւ մտաւորական:

Գաբրիէլ Լազեան

Գաբրիէլ Լազեան ծնաւ 10 սեպտեմբեր 1893-ին, Երզնկա, բազմանդամ եւ բարեկեցիկ ընտանիքի մը յարկին տակ: Իր հօր` Գուրգէն Լազեանի ընտանիքը արդէն հաստատուած էր քաղաքին մէջ երկու սերունդներ առաջ եւ Կուրճեան ազգանունը փոխած էր Լազեանի: 21 տարեկանին Գուրգէն ամուսնացաւ Զարուհի Ճիզմեճեանին հետ, եւ ունեցան չորս տղայ եւ չորս աղջիկ: Առաջին երկու զաւակները` Գաբրիէլը եւ Միքայէլը երկուորեակ էին, որոնց յաջորդեցին` Ռաֆայէլը, Գէորգը, Հռիփսիմէն, Գայեանէն, Սաթենիկը եւ Քնարիկը:

1895-ին Գուրգէն Լազեան, պաշտպանելով հայ գիւղացիներու շահերը, բուռն հակամարտութեան մէջ մտաւ թուրք պետական պաշտօնեաներու հետ, որուն պատճառով ան ձերբակալուեցաւ եւ մէկ տարի Երզնկայի բանտերուն մէջ մնալով տարուեցաւ Էրզրումի դատարանը եւ երկար տարիներու բանտարկութեան պատիժին ենթարկուեցաւ: Այնուամենայնիւ, կարճ ժամանակ մը ետք ազատ արձակուեցաւ:

Գաբրիէլ իր նախնական ուսումը ամբողջացուց Ս. Փրկիչ եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: 1910-ին ան կ՛աւարտէ Եզնիկեան վարժարանը, ապա կը դառնայ անդամ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` իբրեւ դաստիարակիչ ունենալով Հայկարամ Տէր Խաչատուրեանը: Իր անդամագրութեան շրջանը զուգադիպեցաւ երիտթուրքերու յեղաշրջումին եւ օսմանեան պետութեան սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Իր հօր առաջարկին հետեւելով, քննութիւն տալէ ետք, մուտք կը գործէ Երզնկայի զինուորական վարժարան: Յաջորդաբար, 1913-ին կ՛ընդունուի Պոլսոյ «Հարպիէ» զինուորական բարձրագոյն վարժարանը:

Թրքական բանակի սպայ

Ա. Համաշխարհային պատերազմի սկիզբին գերմանացի սպաներ կը ստանձնեն թրքական զինուորական վարժարանի հրամանատարութիւնը եւ անոր սպաներու կրթութիւնը: Այլ հայ սպաներու հետ Գաբրիէլ Լազեան նախապէս կը փոխադրուի Միխալիցի զօրակայանը, ապա` Զմիւռնիոյ Մենեմենի շրջանը: Գերմանացի Պայֆեր սպան, որ յայտնի էր իր խստութեան եւ բարոյական կեցուածքին համար, շուտով նշմարեց հայ սպաներու բարոյական վերաբերմունքն ու աշխատասիրութիւնը եւ զանոնք իր անմիջական խնամքին տակ առաւ: Պատերազմի ընթացքին, շատ յաճախ իրմէ ուզուեցաւ արտօնել հայ սպաներու փոխադրութիւնը, սակայն Պայֆեր մնաց անդրդուելի: Ան անոնց պահապան հրեշտակը դարձաւ: Այդ պատճառով ալ հայ սպաներու խումբը չունեցաւ մնացեալ հայ սպաներուն ճակատագիրը, որոնք չարաչար աշխատեցան «ամելիէ թամպուր» կոչուած աշխատանքի խումբերուն մէջ եւ յաջորդաբար սպանդի ենթարկուեցան: Վկայութեանց համաձայն, Լազեանի հայերը կացինահար եղան Զորբերան գիւղին մէջ, Եփրատ գետի կողքին: Իր մայրը, եղբայրները եւ քոյրերը մեռան տարագրութեան ճամբուն վրայ, իսկ ամբողջ գերդաստանը` աւելի քան 70 հոգի, ջարդուեցան: Գաբրիէլ, երբ իմացաւ այս եղելութիւնները, ուզեց իր ծծնդավայրը ճամբորդել, սակայն իրեն յայտնեցին որ այլեւս իմաստ չունէր հոն երթալ, քանի որ քաղաքին մէջ ոչ մէկ հայ կենդանի մնացած էր այլեւս: Նոյն ժամանակին ան կը փորձէ փախուստ տալ դէպի Եւրոպա, սակայն չի յաջողիր:

1917-ին Զմիւռնիոյ մէջ կը ծանօթանայ եւ կը նշանուի Նաթալի Իքոնոմիտուի հետ, ծագումով յոյն աղջիկ մը, որուն ընտանիքը եւս ճաշակած էր թրքական կառավարութեան չարչարանքները: Նաթալիի մայրը Այտընէն էր եւ հայրը` Պիթլիսէն եւ շոգեկառքերու կայանի վարիչ էր: Իրենց պսակադրութիւնը տեղի ունեցաւ 1919-ին, իսկ 1924-ին ծնաւ իրենց միակ աղջիկը` Այտան:

Զինադադարէն քանի մը ամիս ետք Գաբրիէլի ծառայած զինուորական ջոկատը կը փոխադրուի Կալիփոլի, ուր 1915-ին տեղի ունեցան կատաղի մարտեր թրքական եւ անգլիեւֆրանսական բանակներուն միջեւ:

Որոշ ժամանակ յետոյ, Գաբրիէլ կը վերադառնայ Իզմիր եւ այլ սպաներու հետ կը հիմնեն Զմիւռնիա հայ սպաներու միութիւնը»: Նոյն ժամանակին կը փորձէ առեւտուրով զբաղիլ, սակայն յաջողութիւն չ՛ունենար, ապա որպէս պաշտօնեայ` կ՛ընդունուի կերպասի գործարանի մը մէջ:

Հայոց բանակին մէջ

1919-ին, Նաթալիի հետ իր ամուսնութենէն մի քանի ամիսներ ետք, «Պոլսոյ հայ սպաներու միութեան» կողմէ լուր կը տրուի իրեն, որ նորաստեղծ Հայաստանի կառավարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ փորձառու սպաներուն` միանալ հայոց բանակին: Առանց երկրորդ մտածումի Յակոբ եւ Գէորգ Գէորգեան եղբայրներուն հետ միասին Գաբրիէլ կը ճամբորդէ հայրենիք եւ կ՛ընդունուի որպէս ենթասպայ` 4-րդ զօրաբանակի մեքենագիտական ջոկատին մէջ:

Իր առաջին ուղեւորութիւնը կ՛ըլլայ դէպի Իգտիր` խրամատներ բանալու եւ պաշտպանողական դիրքեր ստեղծելու համար: Գարնան, օդի խիստ աննպաստ պայմաններու տակ, Արաքս գետի ջուրերուն վրայ զինուորները կարողացան սարքել շարժական կամուրջ մը:

Պոլսեցի Գրիգոր Ամիրեան իր յուշերուն մէջ այսպէս կը գրէ Գաբրիէլ Լազեանին մասին.

« Զօրավար Սեպուհ պատերազմական նախարարութենէն հրաման առաւ կամուրջ մը շինելու համար Արաքս գետի վրայ: Այս աշխատանքը կը յանձնէ Գաբրիէլ Լազեանին: Ան ամէն առտու կանուխ կը մեկնէր դէպի Իգտիր, որ բաւական հեռու էր Արաքս գետէն, իսկ ամէն ուշ գիշեր կը վերադառնար: Այն ժամանակ ան մաս կազմեց Նախիջեւանի մօտ ծայր առած մարտերուն: Իր բացառիկ ուժը, իր աշխատունակութիւնը եւ հնարամտութիւնը շուտով մէջտեղ եկան, ու այսպէս, ան դարձաւ զօրավար Սեպուհի անմիջական գործակիցը: Ամբողջական պատկեր մը ունենալու համար պէտք է նկատի առնէք, որ սնունդի միջոցները գրեթէ անգոյ էին: Ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ` «Սեղանին շուրջ կուշտ կը նստէինք եւ անօթի ոտքի կ՛ելլէինք®»: 1920-ի հոկտեմբերին Նաթալի Լազեան կը հասնի Երեւան եւ կը միանայ իր ամուսնոյն` Երեւանէն դուրս գտնուող Թազա գիւղին մէջ, ուր Գաբրիէլ պաշտպանողական դիրքերու պատասխանատուն էր:

(Շար. 1)

aztagdaily.com/archives/451741

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail