Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Ենթակայ Չէ Բանակցութեանց Քննարկման

Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Ենթակայ Չէ Բանակցութեանց Քննարկման

30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

29 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի պատգամաւոր Մարթին Սոննըպորնի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին երեսփոխանը եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ամփոփեցին Արցախ կատարուած այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու արդ- իւնքները, ապա պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:

Իր խօսքին մէջ, Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Սոննըպորն անցեալ տարի եւս այցելած էր Արցախ, սակայն այս անգամ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորը իր հետ բերած էր 25 հոգինոց պատուիրակութիւն մը, որուն կազմին մէջ կային լրագրողներ, գրողներ եւ դասախօսներ:

Իր կարգին, Մարթին Սոննըպորն ըսաւ, որ տարի մը առաջ իր կատարած այցելութենէն ի վեր Արցախի մէջ նկատելի է որոշ յառաջխաղացք՝ աւելցնելով, որ այս տարուան այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ զանազան քաղաքական գործիչներու հետ, որոնցմէ լաւ տպաւորութիւններ ստացաւ:

«Անգամ մը եւս մեզ տպաւորեց արցախցիներուն ցուցաբերած հիւրընկալութիւնը: Առաջին անգամ ես նաեւ այցելեցի շփման գիծ մը, ուր, դժբախտաբար, զոհեր կը շարունակեն իյնալ: Վերադառնալով Պրիւքսէլ, պէտք է փորձենք յաջորդ օրէնսդրական շրջանին բարձրացնել այդ հարցը: Պէտք է նշեմ, որ մենք այստեղ ենք, որպէսզի սատարենք Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին: Մեզի համար ասիկա հիմնարար իրաւունք է, որ ենթակայ չէ բանակցութիւններու քննարկման», յայտարարեց Սոննըպորն:

Պատգամաւորը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն՝ նշելով, որ անոնք էական նշանակութիւն ունին երկրին ապագային համար:

Աւարտին, Սոննըպորն նշեց, որ իր յաջորդ այցելութեան կը ծրագրէ պատուիրակութեան անդամներուն թիւը հասցնել 100-ի, զգալիօրէն հարստացնելու համար Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ը:

yerakouyn.com/2019/08/30/արցախի-ինքնորոշման-իրաւունքը-ենթակա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail