Թուրք-սուրիական Սահմանին 11 Հազար Թուրք Զինուոր Կանգնած Կը Սպասէ Հրամանի

11 նոյենբեր 2015

Թրքական բանակի 10.700 զինուոր պատրաստ կը սպասէ հրամանի Սուրիոյ տարածքին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ռազմական գործողութիւններ կատարելու համար: Թրքական բանակը ԻՊ-էն պէտք է պաշտպանէ ապաստարանը, որ պէտք է ձեւաւորուի Ճերապլուս-Ազեզ շրջաններու միջեւ: Այս մասին՝ ըստ ermenihaber.am-ի՝ կը գրէ թրքական «haberler» լրատուական կայքը, որու տեղեկացմամբ` գործողութիւններու սկզիբը սահմանուած է Դեկտեմբերի 2-րդ շաբաթը:

Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններէն ետք ԻՊ-ի զինեալները սկսած են կուտակուիլ Թուրքիոյ հետ սահմանակից Ճերապլուս շրջանին մէջ, ինչ որ կը ստիպէ Թուրքիոյ գործի անցնելու:

Այսպէս, G20-ի գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթուան վերջը Անթալիոյ մէջ, Անգարան պիտի ներկայացնէ սուրիական ճգնաժամի լուծմանն ուղղուած 51 էջնոց առաջարկներու փաթեթ մը: Անգարան համաձայն է, որ Սուրիոյ ներկայ նախագահ Պաշշար Ասատ մասնակցի անցումնային շրջանին, սակայն անոր մասնակցութիւնը պէտք է սահմանափակուի 6 ամիսով: Անգարայի մէջ այն կարծիքին են, որ 6 ամիս անց առկայ պայմանները տարածաշրջանի անվտանգութիւնը սպառնալիքի տակ կը դնեն:

Թուրքիա փախստականներու խնդրի լուծման համար պիտի առաջարկէ «ապաստարանային շրջան» ստեղծել, ուր 10 տարի ժամկէտով ապաստան պիտի ստանայ մօտ 5 միլիոն փախստական: Անգարան այս ծրագրի իրականացման համար G20-ի երկիրներէն քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութիւն պիտի պահանջէ:

Ինչ կը վերաբերի ռազմական գործողութիւններուն, ապա կը նշուի, որ ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ դաշնակից ուժերը Դեկտեմբերի 2-րդ շաբաթէն սկսեալ Ռաքքայի եւ Հասեքէի շրջաններու հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ պէտք է ռազմական գործողութիւններ սկսին: Օդային եւ ցամաքային գործողութիւններէն ետք Անգարայի կարծիքով ԻՊ-ն պիտի կեդրոնանայ Թուրքիոյ սահմանին մօտ, մասնաւորապէս Ճերապլուսի մէջ, որու հանդիպակաց կողմը` Քիլիսի շրջանին մէջ կեդորնացած է Թուրքիոյ բանակի յատուկ ստորաբաժանումներէն կազմուած եւ 10.700 հոգինոց զօրախումբը: Անգարայի պնդումով` ԻՊ-ի դէմ հնարաւոր գործողութիւններու հիմնական նպատակը ապաստարաններու պաշտպանութիւնն է:

ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail