11 նոյեմբեր 2015
Թուրքիոյ Վանի նահանգի Պաշքալէ շրջանի Ալպայարաք (պատմ. Աղբակ) թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Բարթուղիմէոս վանքը թուրք զինուորներու կողմէ օգտագործուած է իբրեւ արտաքնոց:
Թրքական «Dicle» լրատուական գործակալութեան թղթակից Սելման Քելեշ գործակալութեան կայքին վրայ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է եկեղեցւոյ պատմութեան:
Ըստ Քելեշի` վանքը երկար ժամանակ գտնուած է ռազմական գօտիի մէջ եւ աւերուած է թուրք զինուորներու կողմէ: Զինուորները գանձ որոնելու նպատակով ցանկապատած են եղեկեցւոյ շրջակայքը, վնասած պատերու սրբապատկերները:
«13-14-րդ դարերուն կառուցուած վանքը իր վրայ կը կրէ մշակութային ցեղասպանութեան հետքերը: 4-րդ դարուն մահացած Սբ. Բարթուղիմէոսի գերեզմանի վրայ կառուցուած եկեղեցին մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը գործող եկեղեցի եղած է, սակայն հայերու նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութեան ժամանակ, հայերու ճակատագիրին պէս եկեղեցին ալ աւերուած է: Այնուհետեւ հանրապետութեան տարիներուն, տարիներ շարունակ ռազմական գօտիին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ զինուորները խրամատներ փորած են, իսկ ներսը իրենց բնական կարիքները հոգացած»- ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կ’ըսուի յօդուածին մէջ:
Հեղինակի հաւաստմամբ` պատմական յուշարձան հանդիսացող վանքը ներկայիս ալ կը գտնուի աւերուած եւ լքուած վիճակի մէջ: Յուշարձանի պահպանութեան ու վերականգնման համար որեւէ աշխատանք չի նախատեսուիր:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/