Սուրիական Բանակը Այսօր Պիտի Դադրեցնէ Իտլիպի Մէջ Կրակոցը. Էրտողան. «Իտլիպի Զարգացումները Մեր Փափաքածին Նման Չեն Ընթանար»

Սուրիական Բանակը Այսօր Պիտի Դադրեցնէ Իտլիպի Մէջ Կրակոցը. Էրտողան. «Իտլիպի Զարգացումները Մեր Փափաքածին Նման Չեն Ընթանար»

01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ սուրիական բանակը այսօր միակողմանի կերպով պիտի դադրեցնէ կրակոցը Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Նախարարութիւնը Սուրիոյ մէջ զինեալները յորդորեց միանալու Իտլիպի մէջ զինադադարին, որ պիտի սկսի 31 օգոստոսին:

Նշենք, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ իր յառաջխաղացքը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «Իտլիպի զարգացումները չեն ընթանար մեր փափաքածին համեմատ»:

«Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան 9-րդ եւ 10-րդ կէտերը որոշ ոտնձգութեանց ենթարկուեցան, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մեր հանդիպումէն ետք այդ առնչութեամբ պէտք եղած զգուշացումները կատարուեցան»:

Էրտողան նաեւ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ պիտի հանդիպի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ անոր հետ դարձեալ քննարկէ Սուրիոյ զարգացումները: «Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսը 20 քիլոմեթր խորութեամբ անվտանգութեան գօտիին, ամերիկեան կողմը աւելի նուազ խորութիւն մը պահանջեց, եւ մենք ատոր համաձայն գտնուեցանք, թէկուզ ժամանակաւորապէս», աւելցուց ան:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց. «Իտլիպի մէջ մեր զինուորներուն ու հսկողութեան կէտերուն որեւէ յարձակումի ենթարկուելու պարագային Թուրքիան իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին նշեց. «Ռուսիա Անգարային վստահեցուց, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող անոր (Անգարայի, «Ա.») հսկողութեան կէտերը յարձակումներու պիտի չենթարկուին»:

«Ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպի նահանգին մէջ սուրիական կառավարութեան յարձակումներուն շարունակումը կրնայ սուրիացի գաղթականներու դէպի Եւրոպա յաւելեալ հոսք մը պատճառել», ըսաւ ան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ ընդգծեց. «Թրքական բանակը, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն կ՛աջակցի, Սուրիայէն պիտի հեռանայ, երբ քաղաքական լուծում մը գտնուի, սակայն սուրիական վարչակարգը ներկայիս քաղաքական լուծումին չի հաւատար»:

aztagdaily.com/archives/451998

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail