Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները Բ
01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հռոմէական կայսրութիւնը իր շուրջ 1229 տարիներու պատմութեան ընթացքին (Ք.Ա. 753-էն Ք.Ե. 476) երեք անգամ յատկանշական, ջախջախիչ, նուաստացուցիչ պարտութիւն կրած է. առաջինը` Ք.Ա. 216-ին Կարթագէնի Հանիպալէն, Քաննիի ճակատամարտին, երկրորդը` Ք.Ա. 53-ին Խառանի ճակատամարտին, Սուրէն զօրավարին գլխաւորութեամբ հայ-պարթեւ բանակին կողմէ, իսկ երրորդը` Ք.Ե. 62-ին Հռանդեայի (Եռանդ, Արածանիի հովիտ) ճակատամարտին` Տրդատ Ա.-ի կողմէ: Ահա ստորեւ այս քիչ պատմուած Արշակունեաց առաջին թագաւորին ուղեւորութիւնը` թագադրութեան հետաքրքրական պատմութիւնը:
1913-ին «Սուրբ Մարկոսի ձիերը եւ հայ գեղարուեստը» խորագիրով Վենետիկէն ուսումնասիրութիւն յօդուած մը գրած է Թիֆլիս հրատարակուող «Գեղարուեստ» գրական, գեղարուեստական եւ երաժշտական հանդէսին մէջ, Վենետիկ այցելած խմբագիրը` Գարեգին Լեւոնեան (1): 12 նոյեմբեր 2014-ին Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը (այժմ` հանգուցեալ) արեւմտահայերէնով ամփոփած է այս հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը, որ կարգ մը հայկական թերթեր օրին արտատպած են:
Իմ կարգիս, ստորեւ, բնագիրէն նաեւ արտաքին նո՛ր հատուածներով կը ներկայացնեմ այս յօդուածը` որոշ ստուգում-ճշդումներով եւ փակագիծերու մէջ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններով.
«Այս բաւականին տարօրինակ վերնագիրին տակ մեր ընթերցողները պիտի գտնեն հետաքրքրաշարժ պատմութիւն մը, որ աւանդական կապ ունի մեր նախաքրիստոնէական արուեստին հետ:
«Վենետիկի Ս. Մարկոսի անուան հռչակաւոր եւ իր տեսակին մէջ եզակի մայր եկեղեցւոյ գլխաւոր ճակատը կը զարդարեն, աւագ դրան վերեւ, առանձին պատուանդաններու վրայ կանգնած չորս գեղեցիկ պղնձաձոյլ ոսկեզօծ (իրական չափի, իւրաքանչիւրը շուրջ 900 քկ. կշռող*) նժոյգներ: Վենետիկ չեկած` լսած էինք այդ ձիերուն մասին եւ աղօտ կերպով լսած` նաեւ այդ գեղարուեստական հրաշալիքներուն հետ հայերուն կապին մազին: Քանի մը աղբիւրներէ ստացած տեղեկութիւններով կրնանք հաղորդել «Գեղարուեստ»-ի ընթերցողներուն այդ կապը` աւելցնելով մեր համարձակ կարծիքը:
«Հռոմի` փառքի մէջ յղփացած Ներոն կայսրն էր (37-68*), որ նուէր ստացած էր այս ձիերը եւ 400 (պէտք է ըլլայ շուրջ 300*) տարիէ աւելի անոր յաղթական կամարին զարդերը եղած են այս պղինձէ երիվարները: Ապա Դ. դարուն` Բիւզանդական կայսրութեան մեծն Կոստանդիանոս (272-337*) կայսրին հրամանով բերուած են Բիւզանդիոն` հանդիսադիր ըլլալու համար նոր մայրաքաղաքի բացումին (հաւանաբար տեղադրուած հանդիսութիւններու վայր` ձիարշաւարան-կրկէսին մէջ*): Իսկ 1206 թուականին Վենետիկի համբաւաւոր տոճերէն (իշխան*) Մառինօ Ծենօ (Զենօ, որ Կոստանդնուպոլսոյ կառավարիչն էր, ենթակայ` Վենետիկի իշխան Տոճ Փիեթրօ Զիանիին, 1205-1229*) Բիւզանդիոնէն Վենետիկ բերել տուած է զարդարելու համար իր քաղաքը:
«Ներոնին նման բռնակալութեան փառքի գագաթնակէտին հասած Նափոլէոն Պոնափարթն ալ, Վենետիկի մէջ տեսնելով այդ ձիերը, «թող իմս ըլլան» ըսած է եւ վտարանդի նժոյգները 1797-ին տեղափոխած է Փարիզ, բայց եւ այնպէս, 1815-ին վերադարձուած է Վենետիկ, ուր կը մնան մինչեւ այսօր:
«Ի՞նչ գեղեցիկ ձեւով այս (ձիերուն*) ճանապարհորդութիւնը կը նկարագրէ իտալահայ բանաստեղծուհի Վիքթորիա Ազնաւուրը` իր «Յաւիտենական զրոյց»-ին (իտալերէն*) մէջ»: Այստեղ Հ.Ա.Վ. Ղազիկեանին կողմէ ոտանաւորին 36 տող թարգմանութիւնը զանց կ՛առնեմ:
«Այս է Ս. Մարկոսի ձիերուն համառօտ պատմութիւնը, բայց ո՞ւր է այդ չորս նժոյգներուն կապը հայերուն հետ, ո՞ւրկէ ուր Ներոնին նուիրուեցան անոնք, որոնք հռոմէական գործ չէին. մանաւանդ հռոմէական հին պատմիչներ գրած են արդէն, որ իբրեւ «ընծայ բերուած են Հայոց Տրդատ թագաւորին կողմէ»: Ըստ պատմաբաններու, այս մասին երկու կարելիութիւն կայ: Կա՛մ Տիրիթը` Տրդատ (Ա.*) Արշակունին (28-88*) բերած է` Ներոնին նուիրած, եւ կամ Մեծն Տրդատ` (Գ. 250-330 շուրջ երեք դար ետք*) Կոստանդիանոսին (Կոստանդնուպոլսոյ մէջ*):
«Այս մասին Հ. Ղեւոնդ Ալիշան իր «Այրարատ» հոյակապ երկասիրութեան մէջ կը գրէ` առաջին յիշատակութիւնը Տրդատի անունով նուիրուած պղնձեայ երիվարաց մասին, տեղադրուած` Հռոմի Է թաղին մէջ, Վիկտոր Պորլիոսինն է (կարելի չեղաւ Պորլիոսի մասին տեղեկութիւն գտնել, հաւանական է, որ հռոմայեցի պատմաբան Վիկտոր Օրելիուսն է*): Կայ նաեւ այլ անանուն յիշողութիւն մը, որ կը խօսի «ի կէս Ե. դարու, նոյնպէս վենետիկեան երիվարքս… Տրդատայ տուրք համարին»: Շարունակելով` Ալիշան կը գրէ, թէ կարգ մը պատմիչներ շատ վայելուչ չգտնելով Տրդատի ընծայաբերութիւնը, կամ` այլ պատճառներով, լռած են այս մասին: Բայց Վենետիկի իտալացի պատմաբաններ գրած են, որ Տրդատ (Ա. Պարթեւ*) թագաւոր հայոց տարած է Ներոնին «զչորեսին գերահռչակ պղնձաձոյլ ոսկեզօծ երիվարս, զոր նկատեմք յաճախ` ի ճակատու աննման տաճարի Սրբոյ Մարկոսի` յաննման հրապարակի Ադրիական մայրաքաղաքիս…»:
«Մեզի համար այստեղ էական նշանակութիւն չունի, թէ երկու Տրդատներէն ո՞ր մէկը եղած է այս ձիերը Հռոմ տանողը: Կարեւորը անոնց Հայաստանէն տարուած ըլլալն է: Եթէ իրօք վերջին Տրդատը ըլլար, մեր պատմիչները չէին կրնար անտեսել ու չյիշատակել այս ընծայաբերութիւնը, երբ (Տրդատ Գ.-ի պատմագիր-քարտուղար*) Ագաթանգեղոսէն առնելով` կը գրէին անոր եւ Լուսաւորչին Հռոմ երթալու (բոլոր*) մանրամասնութիւնները: Ուրեմն մեծ հաւանականութիւնը կը մնայ Տրդատ Ա.:
«Մեր պատմիչները ընդհանրապէս (դժբախտաբար*) չեն գրած Տրդատ Ա.-ի մասին, անոր համար չէինք ակնկալեր անոր ընծայաբերութեան մասին որեւէ յիշատակութիւն, մինչդեռ հռոմայեցի նշանաւոր պատմիչներ Պլինիոս (Gaius Plinius Secundus, 23-79, որ կարեւոր տեղեկութիւններ գրած է Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան վերաբերեալ (2)*), Տակիտոս Կուռնելիոս (Cornelius Tacitus 56-120*) եւ ուրիշներ նկարագրած են Տիրիթի փառաւոր մուտքը Հռոմ եւ Ներոնին կողմէ մեծ պատիւով ու մեծարանքով ընդունուիլը: Ահա այս աղբիւրներէն քաղելով իր «Պատմութեան» («Պատմութիւն Հայոց ի սկզբանէ աշխարհի մինչեւ ցամ Տեառն 1784»*) Ա. հատորին մէջ (էջ 324) Մ. Վ. (Միքայէլ վարդապետ, 1738-1823*) Չամչեան այսպէս կը նկարագրէ. (այս շատ հետաքրքրական, արժէքաւոր եւ հպարտութիւն պատճառող գրաբար վկայութիւնը դժբախտաբար Լեւոնեանը աշխարհաբարի չէ վերածած եւ ամփոփած է, իսկ Սերովբեանը զանց առած է. ուստի գրաբարի սահմանափակ գիտութեամբս, ստորեւ, Չամչեանի բնագիրէն արեւմտահայերէնի կը վերածեմ (1), (3).
Տրդատ Ա. 62-ի գարնանը Ծոփաց աշխարհի Խարբերդի դաշտի, Արածանիի հովիտի, Հռանդեայի մէջ ջախջախիչ պարտութեան մատնելէ ետք հռոմէական բանակը, Ներոն կայսրը Հռոմ կը հրաւիրէ զայն, անձնապէս թագադրելու հայոց արքայ: «Տիրիթը (Տրդատ Ա. 65-ին*) իր ընտանիքով, շքախումբով, բազմութեամբ եւ ծառաներով ու 3000 հայոց եւ պարսից սպառազէն ձիաւորներով ուղղուեցաւ դէպի Հռոմ` ցամաքի ճամբով եւ ո՛չ թէ նաւով, քանի որ, ըստ իր մոգերուն կրօնին, պէտք չէր ապականել ծովը, որեւէ անմաքրութեամբ, նոյնիսկ թքելով…
«Ցամաքով ճամբորդութիւնը, որ 9 ամիս տեւեց (հաւանական չէ, որ Սեւ ծովուն շուրջը դառնալով` շուրջ 4000 քմ ճամբորդեցին, քանի որ` ա.- այդ շրջանները հռոմէական կայսրութեան մէջ չէին, եւ բ.- հիւսիսի ալանները` թշնամի, որոնց դէմ հետագային պատերազմեցաւ ու յաղթեց Տրդատ Ա.: Ուրեմն հաւանական է, որ Հելեսփոնդի` այժմ Տարտանելի վրայ կառուցուած ծփացող շուրջ 2 քմ կամուրջի մը վրայէն անցան Եւրոպա, այնպէս, ինչպէս Տարիուսը` Դարեհ եւ ապա որդին` Քսերքսեսը Ք.Ա. 6-րդ եւ 5-րդ դարերուն*) մեծածախս էր ո՛չ միայն Տիրիթին, այլ նաեւ հռոմայեցիներուն համար (ըստ աղբիւրի մը, օրական 200 հազար տինար ոսկիով վճարած է Հռոմը*), քանի որ Ներոն հրամայած էր ուղեւորութեան ճամբուն բոլոր քաղաքներուն մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ դիմաւորել եւ ճամբել պատուիրակութիւնը: Իրօք, անոնք կը զարդարէին փողոցներն ու հրապարակները մեծ շուքով, երաժշտութեամբ ու երգեցողութեամբ կ՛ընդունէին զանոնք` հոգալով շքախումբին, ծառաներուն եւ զօրքին պէտքերը:
«Իտալիոյ սահմանին Ներոն պատրաստած էր զարդարանք ու շքեղ ընդունելութիւն, եւ` յատուկ կառքեր առաքած (շքախումբին*), քանի որ ձիով եկած էին (անոնք*): Տիրիթ գլխուն ունէր ոսկիէ սաղաւարտ եւ շքեղ զարդարանքով պատմուճան հագած էր, ան պանծալի էր եւ նշանաւոր` իր թիկնեղ ու բարձր հասակով, ըստ Դիովնի (Dion Cassius, 155-235*), եւ ահաւոր (վախազդու, յաղթանդամ) կերպարանքով, միեւնոյն ատեն խոհեմ եւ զգօն` սիրելի եղաւ հռոմայեցիներուն:
«Երբ Տիրիթ Նէապոլիս (Նափոլի, որ սակայն ցամաքի ճամբով Հռոմէն աւելի հարաւ կը գտնուի, հաւանաբար հիւսիսային այլ քաղաք մը ըլլալու է, որ կարելի չեղաւ ստուգել*) կը հասնի, Ներոն անձամբ կը դիմաւորէ զայն: Հակառակ ընկալեալ սովորութեան` Տիրիթ դաշոյնը մէջքին կը ներկայանայ Ներոնին, մերժելով վար դնել զայն. քանի որ, կը պատմէ Տիկիտոս, ան Դարեհին (եղբօր*) պատուէրը կը կատարէր, թէ` հռոմայեցիին պարկեշտութիւն, հեզութիւն ցոյց պէտք չէ տալ, այլ` հայրենի Արշակունեաց վայել կերպարանքով եւ ահեղութեամբ վարուիլ: Սակայն որեւէ դաւի կասկածի առիթ չտալով` Տիրիթ դաշոյնը պատեանին մէջ, մէջքին, ծնրադիր կ՛ողջունէ կայսրը կը գրէ Դիովն (Dio Cassius*):
«Այս իրողութիւնը Ներոնին հիացմունք կը պատճառէ եւ խանդաղատանքով ու յարգանքով կ՛ընկալէ: Ապա, ընդունելութենէն ետք, կ՛ուղղուին մօտակայ Պատիոզոս (հաւանաբար Իտալիոյ հիւսիսը, Փատուա` Փատովա*) քաղաքը, ուր կրկէսին մէջ կը դիտեն ըմբշամարտի եւ գազանամարտի խաղեր` գլխաւորութեամբ Ներոնի կրկէսամարտիկ Պատրոբիոսի: Տիրիթ, որ Ներոնին դիմաց նստած էր, զուարճանալու համար կը խնդրէ լայնալիճ (մեծ եւ խորունկ կորութեամբ*) աղեղ մը եւ իրենց գտնուած բարձրաբեմէն մէկ նետի հարուածով երկու յաղթանդամ ցուլեր գետին կը փռէ` ամէնուն յոյժ հիացումին արժանանալով:
«Այստեղէն Ներոն թագադրութեան համար զայն կայսերական քաղաք Հռոմ կը տանի, որ նոր նորոգուած էր, ուր ըստ Տակտիոսի, ամբողջ քաղաքը ընդունելութեան եկած էր Ներոնին եւ Տիրիթին: Քաղաքին հրապարակը զարդարուած էր ծաղիկներով, պսակներով, կանթեղներով ու ջահերով, եւ երկու կողմերը զրահաւոր զօրք շարուած էր շքեղ զարդարանքով, որոնք կը փայլատակէին լոյսերուն տակ: Ըստ Դիովնի, ճերմակ զգեստներով եւ դափնիի ճիւղեր ճօճանող ժողովուրդին բազմութիւնը գրաւած էր հրապարակը եւ տուներուն կղմինտրէ տանիքները, այնքան մը, որ կարելի չէր տանիքներ տեսնել:
«Գիշերը, Ներոն, ոսկեթել պատմուճան հագած, ձիակառքը վարելով, կը հասնի հանդիսավայր, իր պահակագունդով, ճերմակազգեստ ծերակոյտով եւ ամպիոն կը բարձրանայ ու կը բազմի գահին վրայ: Ապա Տիրիթ կը հասնի իր շքախումբով եւ աջին ու ձախին շարուած զինուորներուն մէջէն կը բարձրանայ ամպիոն եւ կը խոնարհի յարգալիր` ողջունելով կայսրը: Այս ընթացքին ցնծութեան աղաղակներ կը բարձրանան բազմութենէն` զարմանք պատճառելով Տիրիթին:
«Ապա Տիրիթ խօսք առնելով` Ներոնին կ՛ըսէ. գիտցէք, տէ՛ր իմ, որ ես Արշակ Պարթեւի զաւակը եւ եղբայրը Դարեհի ու Բակուրի, եկած եմ յարգանք մատուցելու եւ քեզմէ ստանալու արքայական իշխանութիւն: (Այս արարողութիւնը բոլոր մանրամասնութիւններով ծրագրուած էր, օրինակ` Տիրիթ կրկին կը կրէր իր դաշոյնը, որ սակայն գամերով ամրացուած էր պատեանին մէջ*):
«Ներոն իր առատաձեռն հիւրասիրութեան մէջ կ՛ողջունէ Տիրիթի այցելութիւնը, եւ Տիրիթ ծնրադիր` Ներոն կը թագադրէ զայն հռչակելով թագաւոր (վերին) Հայաստանի ու կը հրաւիրէ նստելու իր դիմացի գահին վրայ, կրկին ժողովուրդին ցնծութեան աղաղակներով:
«Ապա Պոմպէյի թատրոնին մէջ տեղի կ՛ունենայ հանդիսութիւն, ուր Տիրիթ, ըստ արժանուոյն, իբրեւ շնորհակալութիւն, ՄԵԾԱՄԵԾ ՊԱՐԳԵՒՈՎ կը փոխարինէ կայսրին հիւրընկալութիւնը:
«Ուրեմն մեծ հաւանականութեամբ այդ հայ թագաւորը ըլլալու է Արշակունի Տրդատ-Տիրիթը, որ գացած է Հռոմ եւ ներկայացած` Ներոնին:
«Վերը արդէն ըսինք, որ էականը այն չէ, թէ երկու Տրդատներէն ո՞րն է բերեր այս ձիերը, այլ ա՛յն, որ բերուած են Հայաստանէն: Այս պարագային, սակայն, նոր հարց մը կը ծագի, թէ Հայաստանի ո՞ր կողմը ձուլուած են անոնք, կամ` արդեօք Յունաստանէ՞ն բերուած են:
«Ո՛չ ոք կը վայելեցնէ հայ գեղարուեստի վարպետներուն, քանդակագործութեան այս հրաշալիքները, այլ կը կարծեն մեր քաջերուն կողմէ աւար բերուած` Յունաստանէն, Արտաշէսի կամ Տիգրանի արշաւանքներէն: Այսուհանդերձ, հելլէն քանդակագործութեան պատմութեան մէջ կը բացակային ձիերու առանձնակի արձաններ: Իսկ Արտաշէսի եւ Տիգրանի` Յունաստանէն բերած արձանները Խորենացին ո՛ւր որ է, մէկ մէկ նշած է իրենց անուններով, որոնք բոլորն ալ դիցերու արձաններ են, նշելով նաեւ անոնց զետեղուած վայրերուն անունները: Յամենայն դէպս վերոյիշեալ նժոյգները յստակօրէն Հայկական Բարձրաւանդակի հզօր, ցած հասակով, բայց դիմացկուն, ռազմական պայմաններու յարմար ձիեր են:
«Եթէ ընդունինք, որ արձանագործութեան արուեստը չէ բացակայած նախաքրիստոնէական Հայաստանի մէջ, ինչո՞ւ չընդունինք նաեւ, որ այդ չորս երիվարներու բուն հայրենիքը Հայաստանն է: Չէ՞ որ Վանի Հաւաձորի մէջ, Հայկաբերդի բլուրի կողքին, մինչեւ այսօր կը մնայ Աստուածաշէն գիւղը, ուր ժամանակին կը պատրաստուէին չաստուածներու արձաններ»:
Տրդատ Ա. 66-ին կը վերադառնայ Հայաստան եւ Ներոնին տրամադրած 50 միլիոն տինարով եւ հռոմայեցի ու յոյն շինարարներով կը վերականգնէ հռոմէացիներուն կողմէ աւերուած Տիգրանակերտը:
1970-ին Ս. Մարկոս տաճարին վերանորոգման ժամանակ որոշուած է քառաձին փոխարինել կրկնօրինակով եւ 1982-ին բնօրինակը տեղափոխուած է տաճարին թանգարանը: Ցարդ յայտնի չէ այս ձիերուն ծագումը, իսկ արդի հնագէտներ եւ ուսումնասիրողներ որեւէ յիշատակութիւն չեն կատարեր Հայաստանի հետ կապի մը մասին (4):
2 օգոստոս 2019
(Շար. 2)
* Լուսաբանութիւնները իմս:
(1) «Գեղարուեստ», 5-րդ տարի, 1913 թիւ 5, Թիֆլիս, արտասահմանեան բացառիկ թիւ 1, Վենետիկի Մխիթարեան տպարան, էջ 153-159:
(2) https://en.wikipedia.org/wiki/Pliny_the_Elder
(3) http://www.digilib.am/book/1466/1767/13393/?lang=en
(4) https://hy.wikipedia.org/wiki/Սուրբ_Մարկոսի_տաճար
aztagdaily.com/archives/449348