Րաֆֆի Տուտագլեան – շատ աղմկողները առաջին դաւաճանողներն ու դասալիքները կ՚ըլլան

YEREVAN ARMENIA

Րաֆֆի Տուտագլեան – շատ աղմկողները առաջին դաւաճանողներն ու դասալիքները կ՚ըլլան

Լիբանան կուսակցութիւն մը կար (կարծեմ դեռ կայ)… Նշանաբանն էր՝ «ԱՍՏՈՒԱԾ, ԸՆՏԱՆԻՔ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ…»

Այս երեք բառերը ամէն տեղ դրօշակի պէս կը ծածանեցնէր…

Երկրի քաղաքացիական պատերազմին այս աստուածասէր, ընտանիքասէր եւ հայրենասէր կուսակցութիւնը փաստեց, որ ոչ Աստուած գոյութիւն ունի իրեն համար, ոչ ալ յարգանք այլոց կամ սեփական ընտանիքներուն… Իսկ Հայրենիքը քանդողներուն մէջ իր դերը, դիրքը եւ պատասխանատւութիւնը մաշալլա քիչ չէր…

Առակս ի՞նչ ցուցանէ։ Ցուցանէ, որ «ընտանիք, Աստուած եւ հայրենիք»ը բեռնի ծամոն մի դարձնէք… Բոլորն ալ գիտեն արդէն, շատ աղմկողները առաջին դաւաճանողներն ու դասալիքները կ՚ըլլան։

Ձեր սէրը առ երրորդութիւն ցոյց տուէք փոխադարձ յարգանքով եւ նուիրուած աշխատանքով։

Սիմոն Վրացեանին ըսածին պէս՝ մեզի ձեր իմաստակութիւնները պէտք չեն։ Աշխատանքի հսկայ դաշտ կայ։ Ճամարտակութեամբ զբաղելու փոխարէն, աշխատանքով փաստեցէք ձեր սէրը ձեր պաշտած արժէքներուն հանդէպ։

Մնացածը բոլորը խնդիրները կը կարգաւորուին Սահմանադրութեամբ եւ անկէ բխած պետական օրէնքներով…

Հա, ըսեմ նաեւ, որ Ամուլսարը սար է, եւ հանքահէններուն մուտքը արգիլուած է մեր սուրբ հողերուն վրայ (ի դէպ, մեր երկիրը կողոպտող ու հարստահարող հանքահէնները ամենաշատը սկսած են խօսիլ հայրենիքի եւ ընտանիքի մասին։ Այս չոր գլուխներուն չկրցանք բացատրել, որ մեր ընտանիքներն ու հայրենիքը առանց իրենց շատ աւելի առողջ ու ամուր են…)

www.facebook.com/raffi.doudaklian?

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail