Հայաստանի Դիւանագէտները Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Նախագահին Հետ

Հայաստանի Դիւանագէտները Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Նախագահին Հետ

03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՐՑԱԽ – ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ:

Արցախ այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու ամենամեայ համաժողովին մասնակիցները երէկ ընդունուած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան բարձր գնահատած է նման ձեւաչափով հանդիպումի կազմակերպումը` նշելով, որ անիկա լաւ առիթ է անմիջական քննարկում ունենալու համահայկական հարցերու շուրջ եւ ուղղակի ծանօթանալու Արցախի առաջնահերթութիւններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցումով` նախագահ Բակօ Սահակեան համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Արցախի մէջ իրականացած ընկերային-տնտեսական ծրագիրները եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, Արցախի անվտանգութեան համակարգը եւ զայն ամրապնդելուն ուղղուած քայլերը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնմանն ու խորացման ուղղուած հարցերուն:

Արցախի նախագահը եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, այդ կարգին` միջազգային գործընթացներու մէջ Արցախի ժողովուրդի լիարժէք ներգրաւման շուրջ:

yerakouyn.com/2019/09/03/հայաստանի-դիւանագէտները-ստեփանակերտ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail