Ամերիկացի Քոնկրեսականները Շնորհաւորած են Արցախի Նախագահը
03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ամերիկացի քոնկրեսականները Արցախի նախագահը շնորհաւորած են Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով:
Իր Թուիթըրեան էջին մէջ շնորհաւորական նամակը հրապարակած է քոնկրեսական Ֆրանկ Փալոն, կը յայտնէ News.am-ը:
Նամակը ստորագրած քոնկրեսականներու շարքին են՝ Էտըմ Շիֆ, Ճեքի Շսիր, Փիթըր Թ.Քինկ եւ Կուս Պիլիրաքիս:
«Արցախը տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան օրինակ է, եւ մենք նախկինին պէս յոյս ունինք, որ ձեռք կը բերուի հաստատուն խաղաղութիւն, որ Արցախը հայկական կը պահէ»,- նշած է Փալոն:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Արցախը, անվիճելիօրէն, վաստակած է ԵԱՀԿ ՄԽ բանակցային գործընթացին մասնակցելու իրաւունքը` ըլլալով տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան օրինակ: «Մենք յուսով ենք, որ Ձեր երկիրը մօտ ապագային պիտի ներգրաւուի այդ բանակցութիւններուն… Մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ Արցախի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ պիտի շարունակենք անոր պաշտօնական ճանաչման կոչ ընել»,- նշուած է նամակին մէջ:
yerakouyn.com/2019/09/03/ամերիկացի-քոնկրեսականները-շնորհաւոր/