Դ. Իշխանեան. «ԼՂՀ Անկախութեան Հռչակումը Կանխեց Ազրպէյճանցի Ցեղասպանական Քաղաքականութիւնը»

Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան

Դ. Իշխանեան. «ԼՂՀ Անկախութեան Հռչակումը Կանխեց Ազրպէյճանցի Ցեղասպանական Քաղաքականութիւնը»

04 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` շնորհաւորելով հայ ժողովուրդը` Արցախի անկախութեան օրուան առիթով, անդրադարձաւ նաեւ 1920-ին տեղի ունեցած Շուշիի հայութեան ջարդերու 100-րդ տարելիցին:

«Ազրպէյճանի մարդատեաց, ցեղասպանական ծրագիրներուն վերջ տրուեցաւ 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումով եւ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին` Արցախի յաղթանակով», ըսաւ ան:

Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ Շուշիի հայութեան ջարդերը անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ Ազրպէյճան, անկախ կառավարման համակարգէն, շուրջ մէկ դար շարունակ հետեւողական կերպով փորձած է գործադրել հայաթափման քաղաքականութիւն: «Համոզուած եմ, որ անհրաժեշտ է պետական մակարդակով նշել այդ ողբերգական դէպքերու 100-ամեակը` օր առաջ ստեղծելով համապատասխան յանձնաժողով»:

«Ապառաժ»-ի լրագրող Լ. Թեւոսեան կը գրէ, թէ Շուշիի ջարդերը տեղի ունեցած են 22-26 մարտ 1920-ին: Թուրքիոյ Հանրապետութեան բանակին եւ անոր կողմէ աջակցութիւն ստացող, Արցախի մէջ բնակող թուրքերու (թաթարներու) եւ քրտական առանձին խմբաւորումներու կողմէ կազմակերպուած է Շուշի քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան կոտորած, տեղահանութիւն, գոյքի եւ անձնական ունեցուածքի ոչնչացում եւ թալան:

Հայ ազգին նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութեան իբրեւ հետեւանք Արցախի հայերու քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեդրոնը հայաթափուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ, աւելի քան 20 հազար հայեր սպաննուեցան:

aztagdaily.com/archives/452323

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail