Ակնարկ. Բանաւոր Եւ Գործնական Պատգամներ – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար

Ակնարկ. Բանաւոր Եւ Գործնական Պատգամներ – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

04 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար 3 սեպտեմբերին յայտարարեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ չյարգեն (Սուրիոյ մէջ) անվտանգութեան գօտիին վերաբերող իրենց խոստումները, մենք «Բ.» եւ «Գ.» ծրագիր ունինք, ու պատրաստ ենք զայն գործադրելու»:

Աքարի յայտարարութիւնը թրքական այդ ծանօթ յանկերգին անտեղի կրկնութիւն մըն էր, որովհետեւ ամերիկեան բանակը ատոր պատասխանը արդէն տուաւ 31 օգոստոսին, երբ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ հարուածեց Քայիտայի մէկ կեդրոնը` սպաննելով 40 ահաբեկիչներ: Թրքական կողմին սպառնալիքը բանաւոր է, ամերիկեանինը` գործնական, ուստի եւ` աւելի հնչեղ:

Այստեղ հարկ է նկատի ունենալ երկու հանգամանք: Առաջին` Իտլիպ կը գտնուի Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ, հոն կան թրքական բանակի հսկողութեան կէտերը եւ թրքամէտ զինեալ խմբաւորումները: Երկրորդ` ռուսական եւ ամերիկեան օդուժներուն միջեւ անբաղձալի միջադէպերէ զգուշանալու նպատակով շատոնց գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան հիմամբ, Եփրատի արեւելեան ափին օդային տարածքը վերապահուած է ամերիկեան օդուժին, իսկ արեւմտեան ափին վերեւինը` ռուսական օդուժին: Բայց եւ այնպէս, Ուաշինկթըն իր շղթայազերծած գործողութենէն առաջ ո՛չ իր ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցը զգուշացուց, ո՛չ ալ Ռուսիան, ինչ որ յաւելեալ շեշտ մը կու տայ ամերիկեան կողմին կատարած սպառնալիքին: Դէպքին երեւոյթն ու հանգամանքները զայն կը վերածեն թրքական կողմին յղուած յստակ պատգամի մը:

aztagdaily.com/archives/452284

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail