«Այլընտրանքային Ծրագիրներ Պիտի Գործադրենք, Եթէ Ուաշինկթըն Չյարգէ Անվտանգութեան Գօտիին Վերաբերող Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Աքար
04 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ իր երկիրը ունի այլընտրանքային ծրագիրներ, որոնք պիտի գործադրէ, եթէ Ուաշինկթըն չյարգէ Սուրիոյ մէջ, Եփրատի արեւելեան ափին վրայ, անվտանգութեան գօտիի վերաբերող իր խոստումները:
«Անգարան կրնայ անհրաժեշտը տնօրինել Եփրատի արեւելեան ափի մէջ անվտանգութեան գօտիին վերաբերեալ», նշեց ան:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ չյարգեն անվտանգութեան գօտիին վերաբերող իրենց խոստումները, մենք «Բ.» եւ «Գ.» ծրագիր ունինք եւ պատրաստ ենք զայն գործադրելու»:
«Մընպեժի եւ Ռաքքայի առնչուած Միացեալ Նահանգներու խոստումներուն վերաբերեալ մեր փորձառութիւնները չենք մոռցած, ուստի մանրակրկիտ կերպով եւ մօտէն կը հետեւինք Ուաշինկթընի կողմէ տրուած եւ անվտանգութեան գօտիին առնչուող խոստումներուն, եւ որեւէ բան պիտի չընդունինք, առանց մեզի ներկայացուած տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը հաստատելու», ըսաւ Աքար:
aztagdaily.com/archives/452349