Թալիշի Մէջ Վերանորոգուած է 45 Բնակարան
05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի պետական ամավարկի համաֆինանսաւորմամբ, ընդհանուր առմամբ, Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ վերանորոգուած է 45 եւ հիմքէն կառուցուած է 10 բնակարան:
Ըստ «Արցախփրես»-ին` այս մասին Սեպտեմբեր 4-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:
Անոր խօսքով` ծրագրին իրականացման համար պետական ամավարկէն յատկացուած է 1 միլիառ 7 միլիոն դրամ, եւս 770 միլիոն դրամ տրամադրուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ:
Նախարարը նշած է, որ ներկայիս կը փորուի 1 արտեզեան հոր, որ պիտի ծառայէ ինչպէս Թալիշի բնակիչներուն, այնպէս ալ պաշտպանական շրջաններէն մէկուն:
yerakouyn.com/2019/09/05/թալիշի-մէջ-վերանորոգուած-է-45-բնակարան/