Ուխտագնացութիւն՝ Վանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ
05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի եւս պիտի կայանայ տարեկան ուխտագնացութիւնը՝ Խաչվերացի տաղաւարի տօնին առթիւ, կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։ Մշակոյթի նախարարութեան արտօնութեամբ, տարին անգամ մը այստեղ արարողութիւն կը կատարուի, Խաչվերացի տօնին առթիւ։ Հակամարտութիւններու պատճառով, արարողութիւններ չէին կայացած 2015-2018 թուականներու միջեւ։
Արարողութիւնները վերսկսած էին 2018-ին։ Այս տարուան արարողութեանց պիտի նախագահէ պատրիարքական տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան՝ իր կողքին ունենալով լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներէ ու երգչախումբի անդամներէ բաղկացող 22 հոգինոց պատուիրակութիւն մը։
Վանի կուսակալ Մեհմետ Էմին Պիլմեզ այս առթիւ յայտարարութիւններ կատարեց «Անատոլու» գործակալութեան եւ յայտնեց, թէ Աղթամար կղզին քաղաքի ու տարածաշրջանի կարեւորագոյն արժէքներէն մէկն է։ Ան շեշտեց, թէ տաճարը այն հազուագիւտ աղօթավայրերէն մէկն է, որ կը պահպանուի իր բնական վիճակով։ «Աղթամար կղզին թէ մեր քաղաքին, թէ մեր երկրին եւ թէ մարդկութեան համար կարեւոր արժէք մըն է։
Մեր նախահայրերը կարեւորութիւն ընծայած են բոլոր կրօնքներուն, ջանացած են պահպանել բոլոր աղօթավայրերը։ Աղթամարի տաճարն ալ կը պահպանենք այս ծիրին մէջ եւ առիթ կու տանք որպէսզի հետաքրքիր մարդիկ այստեղ իրենց պաշտամունքը կատարեն»։ Պիլմեզ յիշեցուց, որ անցեալ տարի կատարուած աշխատանքի արդիւնքին 30 քմ. հեռաւորութենէն ջրմուղ խողովակներ տեղադրուած են լիճի յատակը եւ կղզին օժտուած է ջուրով։ Պիլմեզ ըսաւ. «Սեպտեմբերի երկրորդ կիրակին պիտի կայանայ արարողութիւնը։
Հարկ եղած միջոցառումները կատարուած են։ Բոլոր կրօնքները, պատմութեան ընթացքին, եղբայրաբար ապրեցան Անատոլուի մէջ։ Այդպէս ալ պիտի շարունակուի։ Կղզիի շրջակայ միջավայրը դարձեալ ձեռք պիտի առնուի։ Բնութեան եւ պատմութեան սիրահարները կը սպասենք Աղթամար, Վան»։
Վասպուրականի Գագիկ Ա Արծրունի արքայի գահակալութեան տարիներուն, 915-921 թթ. Մանուէլ ճարտարապետին կողմէ կառուցուած տաճարը յատուկ կարեւորութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար։ Արարողութեան առթիւ կ՚ակնկալուի Թուրքիայէ եւ արտասահմանէ այցելուներու հոսք։
yerakouyn.com/2019/09/05/ուխտագնացութիւն՝-վանի-ս-խաչ-եկեղեցւո/