Արցախը Հայաստանի Կապող Երրորդ Ռազմավարական Ուղի

Արցախը Հայաստանի Կապող Երրորդ Ռազմավարական Ուղի

05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան Սեպտեմբեր 4-ին հանդիպում ունեցաւ լրագրողներու հետ եւ, ի շարս այլ հարցերու, անդրադարձաւ Արցախը Հայաստանին կապող երրորդ ռազմավարական ճանապարհի կառուցման: Այս մասին կը հաղորդէ “Ապարաժ”-ը։

Շահրամանեան նշեց, որ նախարարութեան մասնագէտներուն կողմէ նախնական հաշուեկշիռ մը պատրաստուած է 4՝ Կապան-Կովսական-Մեխակաւան-Հադրութ, Բերձոր-Զուար, Քարվաճառ-Սոթք-Նորաբակ եւ Որոտան-Խնձորեսկ-Գորիս մայրուղիներու կառուցման ծախսերուն եւ ներկայացուած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւն:

Իսկ Արցախը Հայաստանին կապող ռազմավարական երրորդ՝ Հադրութ-Մեխակաւան-Կովսական-Կապան ուղիի կառուցման անհրաժեշտութեան մասին Յուլիսի վերջը խօսած էր նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ նշելով, որ նախատեսուած է ծրագիրը աւարտին հասցնել 2020-ին:

«Ապառաժ»-ի լրագրող Լուսինէ Թեւոսեան կը գրէ, որ աւելի կանուխ՝ Ապրիլ 17 -ին, Արցախի Ազգային ժողովի լիագումար նիստին “Դաշնակցութիւն” խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան բարձրացուցած էր Հադրութ-Մեխակաւան-Կովսական-Կապան ռազմավարական ճամբուն կառուցման հարցը:

Հարցումին ի պատասխան՝ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նշած էր. «Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստի ժամանակ ես բարձրացուցած եմ ազգային օրակարգ մշակելու հարցը, որ ողջունած են Հայաստանի վարչապետը եւ Հայաստանի միւս գործընկերները: Արցախը Հայաստանին կապող 3-րդ ճանապարհի կառուցումը այս օրակարգին մէջ ընդգրկուելիք առաջադրանքներէն մէկն է: Կարելի չէ համեմատել, թէ հայրենիքի որ մասն է կարեւոր՝ Վարդենիս-Սոթք-Մարտակե՞րտը, թէ՞ պայմանական՝ Կապան-Հադրութ-Արաքսը, որովհետեւ անոնք հաւասարաչափ նշանակութիւն ունին մեր երկրի համար: Ազատագրուած տարածքներու ճակատագրի վերաբերեալ մեզի ուղղուող քաղաքական հարցերու պատասխանները պէտք է ըլլան նմանօրինակ ծրագիրները, որոնք աւելի խօսուն են, քան որեւէ փայլուն պատասխան»,- ըսած է նախագահ Սահակեան՝ նշելով, որ այդ ուղիի կառուցումը պիտի նպաստէ նաեւ միւս ռազմավարական առաջադրանքի կատարման՝ Արաքսի հովիտի զարգացման:

yerakouyn.com/2019/09/05/արցախը-հայաստանի-կապող-երրորդ-ռազմավ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail