Օսմանեան Բռնարարքներուն Մասին Աունի Ակնարկը Կը Զայրացնէ Թուրքիան
05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մեծն Լիբանանի հռչակումի 100ամեակին առիթով, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Շաբաթ, 31 Օգոստոսին, պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց լիբանանցիներուն: Ան նշեց, որ 1 Սեպտեմբեր 1920ին, Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան առիթով Լիբանան Յունուար 2020ին պիտի սկսի կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ:
«Մեր նախահայրերը մեծաթիւ զոհողութիւններով եւ տառապանքով կրցան հասնիլ անկախութեան, եւ մենք Մեծն Լիբանանի հռչակման 100ամեակը նշելու արժանի չենք դառնար, եթէ չփաստենք, որ կարողութիւնը ունինք հզօրագոյն բանակները տապալելու», ըսաւ ան:
Աուն ընդգծեց, որ 1516էն 1918ի միջեւ Լեռնալիբանանը ապրեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ, եւ հակառակ իրենց ապրած որոշ ինքնավարութեան, լիբանանցիք տառապեցան: Ան հաստատեց, որ օսմանեան իշխանութեան ճիրաններէն ազատագրուելու իւրաքանչիւր փորձի դիմաց կ՛արձանագրուէին բռնարարքներ, վայրագութիւն, ոճիր, ինչպէս նաեւ համայնքային սադրանքներ: »Օսմանեան կայսրութեան կողմէ լիբանանցիներուն դէմ գործուած պետական ահաբեկչութիւնը, յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, պատճառ դարձաւ, որ հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ զոհերը դառնան սովի, զինուորագրումի եւ բիրտ ու վայրագ այլ արարքներու: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան բարձրացուցած կախաղանները, որոնց ընդմէջէն անոնք փորձեցին ճզմել ազատատենչութեան ու պայքարի կամքը», շեշտեց նախագահ Աուն:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան վերջին բռնարարքին դիմաց ցուցաբերուած լիբանանեան համախոհութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքը պաշտպանելու իրաւունքին ընդգծումը մեծագոյն փաստերն են, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր պետականութիւնը եւ իրաւունքները պաշտպանելու սկզբունքներուն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց նախագահ Աունի կատարած յայտարարութիւնները՝ զանոնք նկատելով Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան դերակատարութեան դէմ «քինախնդիր սլաքներ ուղղող պատգամ մը, որ կը պարփակէ նաեւ օսմանեան իշխանութեան դէմ ուղղուած՝ պետականութեան ահաբեկչութիւն գործելու ամբաստանութիւնը, որ բացարձակապէս մերժելի է»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի Լիբանան այցելութենէն շաբաթ մը ետք Աունի կատարած յայտարարութիւնները լուրջ հարուած կը հասցնեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
«Նախագահ Աունի կեցուածքները ցաւալի են եւ անպատասխանատու», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, ուր բնականաբար անդրադարձ չէ կատարուած օսմանցիներուն գործած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ Ճեմալ փաշայի բարձրացուցած կախաղաններուն, որոնց վրայ նահատակուեցան լիբանանցի մտաւորականները:
Իր կարգին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 Սեպտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստօրէն դատապարտեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին դէմ անոր բովանդակած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները՝ աւելցնելով. «Նախագահ Աունի խօսքին մէջ արտասանուած բառերը պատմական դէպքերու իսկութիւնը կը ներկայացնեն»։
asbarez.com/arm/353735/Օսմանեան-Բռնարարքներուն-Մասին-Աունի/