Քոչարեանի Պաշտպաններուն Վիճարկած Յօդուածներէն Մէկը՝ Հակասահմանադրական Է
05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան հրապարակեց Սահմանադրական դատարանի որոշումը՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն կողմէ ներկայացուած եւ Քրէական դատավարութեան 35րդ ու 135րդ յօդուածներու սահմանադրականութեան վերաբերող:
Ըստ որոշումին՝ օրէնսգիրքի 35րդ՝ քրէական գործի վարոյթը կամ քրէական հետապնդումը բացառող հանգամանքները սահմանող յօդուածը նկատուած է Սահմանադրութեան հակասող: Որոշումով անիկա անվաւեր սեպուած է, քանի որ նշուած հանգամանքներուն կարգին ներառուած չէր սահմանադրութեան ուժով յատուկ պաշտպանութեամբ օժտուած անձերու գործառութային անձեռնմխելիութիւնը:
Նշենք, որ Քոչարեանի պաշտպանները կը պնդեն, որ Մարտ 1ի գործողութիւնները կը բխէին Քոչարեանի կարգավիճակէն եւ նախկին նախագահը այդ պատճառով ալ անձեռնմխելիութիւն ունի:
Միաժամանակ, սահմանադրական նկատուեցաւ Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 135րդ յօդուածի 2րդ մասը, ըստ որուն, խափանման միջոց կը կիրարկուի, երբ մեղադրեալը կարենայ խոչընդոտել քննութիւնը՝ քրէական դատավարութեան մասնակցող անձերուն վրայ անօրինական ազդեցութիւն գործադրելու, գործին համար նշանակութիւն ունեցող նիւթերը թաքցնելու, կեղծելու կամ այլ ճանապարհով:
asbarez.com/arm/353837/Քոչարեանի-Պաշտպաններուն-Վիճարկած-Յօ/