­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով (Գ.մաս)

­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով (Գ.մաս)

27 Նոյեմբեր 2017 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԵՐ:

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան

//ՆԱԽՈՐԴԸ//:

Կար­սի հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ կը հան­դի­պինք 9րդ դա­րու վկա­յու­թիւն­նե­րու, գրի առ­նո­ւած Ս­տե­փա­նոս Տա­րօն­ցի, Թով­մաս Արծ­րու­նի եւ Ա­րիս­տա­կէս Լաս­տի­վեր­ցի մա­տե­նա­գիր­նե­րուն կող­մէ։

Ա­տե­նօք հա­յաբ­նակ գիւ­ղե­րէն մէկն ալ ե­ղած է Թան­դու­րե­քը, Բա­լա­բա­նը իր հայ­կա­կան ծա­գու­մով բեր­դով (18րդ դար), որ 19րդ դա­րուն պա­տե­րազ­մի ա­ռա­տու­թեամբ ռու­սե­րուն ձեռ­քը ան­ցաւ 1828ին, 1854ին եւ 1877ին հա­յազ­գի զօ­րա­վար Յ. Լա­զա­րեա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ եւ ե­րեք ան­գամ ալ վե­րա­դար­ձո­ւե­ցաւ օս­ման­ցի­նե­րուն։ Այս բեր­դի մա­սին կը գրէ Րաֆ­ֆին (­Յա­կոբ Մե­լիք-Յա­կո­բեան, 1835-1888), իր «­Խեն­թը» պատ­մա­վէ­պին մէջ անդ­րա­դառ­նա­լով այս վեր­ջի­նի գրաւ­ման, այ­սինքն 1877ին։

1877-87ին, ռուս — թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ Պա­յա­զի­տի բեր­դին մէջ պա­շա­րո­ւած ռու­սա­կան զօր­քե­րու օգ­նու­թեան հա­սած է ցա­րա­կան բա­նա­կի հայ զօ­րա­վար Տէր-Ղու­կա­սո­վի բա­նա­կը։

Ա­մէն ան­գամ որ ռու­սե­րը ե­ղած են այդ շրջան­նե­րուն մէջ եւ ա­պա նա­հան­ջած, շրջա­նի ու կող­քի գիւ­ղե­րուն մէջ օս­ման­ցի­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած են ա­րիւ­նա­լի կո­տո­րած­ներ հայ բնակ­չու­թեան դէմ, հա­յե­րը վե­րա­ծե­լով իս­կա­կան քա­ւու­թեան նո­խա­զի։ Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան այս վե­րա­բե­րու­մը տա­ռա­ցիօ­րէն կը հաս­տա­տո­ւի ինք­նին 1921 Մար­տի Մոս­կո­ւա­յի դաշ­նագ­րով, ա­պա նաեւ Հոկ­տեմ­բեր 1921ին ստո­րագ­րո­ւած Կար­սի դաշ­նագ­րով, որ մե­ծա­գոյն ան­տե­սում եւ ա­նի­րա­ւու­թիւն մը ե­ղաւ հայ­կա­կան հո­ղա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն, բա­ցի ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռու­մով իր ներ­կա­յա­ցու­ցած կա­րե­ւո­րու­թե­նէն։

19րդ դա­րուն հայ բնակ­չու­թեան մա­զա­պուրծ փրկո­ւած մնա­ցոր­դա­ցը գաղ­թած է Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տան եւ հոն հիմ­նած է Նոր Պա­յա­զիտ ա­ւա­նը։

Վե­րա­դառ­նանք սա­կայն մեր նիւ­թին։ Հոն կը գտնո­ւի պատ­մա­կան Ն­պատ լե­ռը կա­ռու­ցո­ւած ու ա­նոր կող­քին կա­ռու­ցո­ւած Բա­գա­ւա­նի Ս. Յով­հան­նէ­սի (Ուչ­քի­լի­սէ, 4րդ դար) վան­քը, ուր Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը Եփ­րատ գե­տի ջու­րե­րով մկրտեց Տրդատ թա­գա­ւո­րը (287-330) եւ հա­յոց ար­քու­նի­քի ըն­տա­նիքն ու մե­ծա­մեծ­նե­րը։ Վան­քը ու­նե­ցած է դպրոց։ Իսկ Եփ­րա­տի աջ ա­փին կը գտնո­ւի Ա­լաշ­կեր­տի հա­յաբ­նակ գա­ւա­ռը, դաշ­տը, լեռ­նե­րը։

Այս մար­զին մէջ կը գտնո­ւին Երզնկան, իր ա­նո­ւա­նի բեր­դա­քա­ղա­քով։ Հե­թա­նո­սու­թեան տա­րի­նե­րուն՝ հին Յու­նաս­տա­նէն Մու­շի դաշ­տին մէջ բե­րո­ւած է Ա­նա­հիտ դի­ցու­հիի մե­հեա­նը, որ պաշ­տո­ւած է հա­յե­րու կող­մէ։ Ա­նա­հիտ կո­չո­ւած է նաեւ Հա­յոց Տի­կին եւ Ոս­կե­մայր։ Նոյն տա­րա­ծաշր­ջա­նի գա­ւառ­նե­րուն մէջ, քրիս­տո­նէու­թե­նէն ա­ռաջ՝ հին Յու­նաս­տա­նէն բե­րո­ւած է Նա­նէ դի­ցու­հիի մե­հեա­նը, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լէ ետք, այդ մե­հեան­նե­րը քան­դո­ւած ու ա­նոնց փո­խա­րէն կա­ռու­ցո­ւած են քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ ու վան­քեր։ Այդ վան­քե­րէն նշա­նա­ւոր է այն ե­կե­ղե­ցին, ուր թա­ղուած է Մեծն Ներ­սէ­սի մար­մի­նը։

Մեծն Ներ­սէս կո­չո­ւած է նաեւ Շ­նոր­հա­լի եւ իր գլխա­ւոր ա­ռա­ջադ­րան­քը ե­ղած է հայ-յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան հե­տապն­դու­մը։ Շ­նոր­հա­լի պայ­քա­րած է նաեւ Պաւ­ղի­կեան ու Թոնտ­րա­կեան (­Բիւ­զան­դա­կան շրջան) ա­ղան­դա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րուն դէմ։ 7-8րդ դա­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնունդ ա­ռաւ Պաւ­ղի­կեան­նե­րու շար­ժու­մը Պաւ­ղիկ (­Պօ­ղիկ) ա­նու­նով դի­ւա­նա­կա­լի մը կող­մէ։

Շար­ժու­մը ա­ղան­դա­ւո­րա­կան էր եւ ու­նե­ցաւ հե­տե­ւորդ­ներ։ Մին­չեւ 17-18րդ դար տար­բեր ա­նուն­նե­րով շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մէջ ալ։ Տա­րա­ծո­ւե­ցաւ նաեւ Բիւ­զան­դիո­նի մէջ հե­տե­ւորդ­ներ գտնե­լով իր փի­լի­սո­փա­յա­կան, ի­մաս­տա­սի­րա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան տար­բե­րա­կուած գա­ղա­փար­նե­րուն պատ­ճա­ռով։

Գա­լով Թոնդ­րա­կա­ցի­նե­րու ա­ղան­դին, ան ալ ծնունդ ա­ռաւ Վա­նայ լի­ճի շուրջ Թոնդ­րակ գիւ­ղին մէջ։ Իս­կու­թեան մէջ, Պաւ­ղի­կեան շարժ­ման շա­րու­նա­կու­թիւնն էր, հա­ւատ­քի ու հա­մո­զում­նե­րու տար­բեր ճիւ­ղա­ւո­րում­նե­րով։

Հա­յաս­տա­նի իշ­խան­ներ՝ ինչ­պէս Գ­րի­գոր Մա­գիստ­րոս Պահ­լա­ւու­նի եւ շարք մը հո­գե­ւո­րա­կան­ներ պայ­քա­րե­ցան ա­ղան­դա­ւո­րա­կան այս շար­ժում­նե­րուն դէմ։

Շա­րու­նա­կե­լով մեր ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը Երզն­կա­յէն դէ­պի հա­րաւ-արեւ­մուտք կը գտնո­ւի ա­ղի եւ հան­քա­ծու­խի հան­քե­րով հա­րուստ Քե­մախ կամ Կա­մա­խը, ուր ծնած էր Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի ըն­տա­նի­քը, մին­չեւ Քեր­քի­րա (­Քոր­ֆու) յու­նա­կան կղզին ու Փաթ­րա­սի եւ Ի­լիա նա­հան­գի (­Փիր­ղոս) քա­ղաք­նե­րը կայք հաս­տա­տե­լը, յա­ջոր­դա­բար Փ­լով­տիւ-­Պուլ­կա­րիա, ա­պա վերջ­նա­կա­նա­պէս Սեր­պիոյ մէջ հաս­տա­տո­ւի­լը ու սուր­ճի ա­ղաց­ման ա­ռա­ջին խա­նու­թը բա­նա­լը Պալ­քան­նե­րու մէջ։ Քե­մա­խի պատ­մա­կան ա­նու­նը Դա­րա­նա­ղեաց է։

Քե­մա­խը ե­ղած է վա­ճա­ռա­կա­նա­կան քա­ղաք, կազ­մո­ւած Երզն­կա եւ Ա­կըն քա­ղաք­նե­րու իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւն։ Ա­կըն­ցի­նե­րէն մաս մը հե­տա­գա­յին, փո­խադ­րո­ւե­լով ի­րենց շրջա­նէն, հաս­տա­տո­ւե­ցան Յու­նաս­տա­նի Է­վիա կղզիի հիւ­սի­սը՝ կազ­մե­լով ի­րենց Ար­մե­նո­խո­րի ա­ւա­նը եւ փո­խադ­րե­լով ի­րենց ծննդա­վայ­րէն ե­կե­ղե­ցա­կան սպաս­ներ ու ա­նօթ­ներ, ո­րոնք յա­ջոր­դա­բար օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան տե­ղա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին մէջ։ Այս ա­կըն­ցի­նե­րու նոր սե­րուն­դը ան­մի­ջա­կան կապ պա­հած չէ յու­նա­հայ գա­ղու­թին հետ եւ հետզհե­տէ կը նօս­րա­նայ ու կը ձու­լո­ւի։

Քա­նի մը խօս­քով վեր­յի­շենք Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նը։

Գեր­մա­նիոյ Շար­լո­թէն­պուրկ թա­ղա­մա­սի Հար­տէ­պէրկ պո­ղո­տա­յի վրայ, Սա­րօ Մե­լի­քեան կեղ­ծա­նու­նի օգ­տա­գործ­մամբ եւ «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան (1897-1960) 15 Մարտ 1921ին, Պեր­լի­նի մէջ, ա­րիա­բար զգետ­նեց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թա­լէաթ փա­շան, որ Պեր­լի­նի մէջ կը պա­հո­ւը­տէր Ա­լի Սա­լիէհ պէյ ա­նու­նով։

Գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նէն ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­լէ ետք, Թեհ­լի­րեան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Սեր­պիա եւ հոն ա­մուս­նա­ցաւ Ա­նա­հիտ Թա­թի­կեա­նին հետ, որ իր նման երզն­կա­ցի էր։ Ա­մուս­նա­ցեալ ա­մո­լը այ­նու­հե­տեւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Պել­ճի­քա, ուր ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1945, Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, ուր­կէ ան­ցաւ Ա­մե­րի­կա։

Թեհ­լի­րեան 63 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ Սան Ֆ­րան­սիս­քո­յի մէջ։
Ի­րա­ւուն­քը կը հիմ­նո­ւի նախ հա­ւատ­քին, ա­պա յա­ւե­լեալ ու­րիշ բա­նե­րու վրայ։ Այս բնո­րո­շու­մը կը կա­տա­րենք դէպ­քին իսկ պար­տադ­րած շեշ­տադ­րու­մով, քա­նի հար­ցը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ բա­րո­յա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ ու­նի, զորս կա­րե­լի չէ ան­տե­սել։

Թեհ­լի­րեա­նի յու­շի վե­րա­կանգ­նու­մը մեր ազ­գի ու­ժա­կա­նու­թեան ար­տա­ցո­լումն է։

* * *
Քա­նի մը յա­ւե­լեալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ ալ Վան քա­ղա­քի մա­սին, որ կը գտնո­ւէր այ­լա­զան ցե­ղե­րու եւ տէ­րու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին ու­նե­ցած են մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր կեդ­րոն­ներ, ո­րոնց հնու­թիւն­նե­րէն մաս մը կը փրկո­ւի մին­չեւ այ­սօր, ոչ այն­քան նշա­նա­ւոր մնա­ցոր­դա­ցի հետ­քե­րով, ո­րոնց կար­գին Շա­մի­րամ թա­գու­հիի միջ­նա­բեր­դի պա­րիսպ­նե­րը ի­րենց սե­պա­գիր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով եւ օս­մա­նեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն մնա­ցած մզկի­թով։

Վեր­ջերս, Վա­նայ լի­ճի յա­տա­կը յայտ­նա­բե­րո­ւած է Ու­րար­տա­կան ամ­րոց մը, 3000 տա­րո­ւան պատ­մու­թեամբ, երբ լի­ճի մա­կար­դա­կը ի­ջած էր եւ հոն իր ա­տե­նին կա­ռու­ցո­ւած էր բերդ մը։ Երբ ջու­րի մա­կար­դա­կը դար­ձեալ բարձ­րա­ցած էր, մար­դիկ լքած էին բեր­դը եւ հե­ռա­ցած։

Ու­րար­տո­ւի կամ Վա­նի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը տի­րած է Ք­րիս­տո­սէ ա­ռաջ 9-6րդ դա­րուն։

Վա­նի Աղ­բակ գա­ւա­ռի մէջ կը գտնուի Ս. Բար­թո­ղո­մէոս ա­ռա­քեա­լի վան­քը, իր հա­րուստ ան­ցեա­լով. տասը քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ Էռն­կան գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին, կա­ռուցո­ւած 1660 թո­ւա­կա­նին։
Մեծ Հայ­քի Վաս­պու­րա­կան նա­հան­գի տա­րած­քը ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ է Վա­նի հայ­կա­կան նա­հան­գի վար­չա­կան տա­րածք­նե­րէն, ո­րուն մէջ կը գտնո­ւի Ա­գու­լի­սը (ծա­նօթ մեր յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րէն)։ Մա­սի­սի հա­րա­ւը գտնուող Ար­տազ գա­ւա­ռը, որ նա­խա­պէս կոչուած է Շա­ւար­շան։ Հա­յոց ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, այս­տեղ նա­հա­տա­կո­ւած է քրիս­տո­նէու­թեան պատ­գա­մա­խօս Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լը, ո­րու ի պա­տիւ Մա­կո­ւի մէջ կա­ռու­ցուած է իր ա­նո­ւամբ վանք մը։

Վա­նի հայ­կա­կան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, Վա­նի նա­հան­գը ու­նէր 154.000, Էրզ­րու­մի­նը 160.000, Պիթ­լի­սի­նը 150.000, Տիար­պէ­քի­րի­նը 736.000 հա­յեր։ Թր­քա­հա­յաս­տա­նի տի­րա­պե­տող ազ­գաբ­նակ­չու­թեան 45 առ հա­րիւ­րէն ա­ւե­լի հա­յեր էին։

Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի տասը նա­հանգ­նե­րէն Վա­նի նա­հան­գը (պատ­մա­կան Վաս­պու­րա­կա­նը) կ­’ընդգր­կէր 40.000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր։

Պարս­կաս­տա­նի սահ­մա­նի ուղ­ղու­թեամբ կը գտնո­ւի մեր յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րէն «Ա­րիւ­նոտ դրօշ»էն ծա­նօթ Բաշ­կա­լա գա­ւա­ռը, ուր հա­յե­րը ու­նէին 500 տուն-ըն­տա­նիք, իսկ մնա­ցեալ բնա­կիչ­նե­րը՝ հրեա­ներ, ա­սո­րի­ներ եւ քիւր­տեր էին։

Վա­նայ լի­ճը աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն կը կո­չո­ւէր Բզ­նու­նեաց ծով։ Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նը ու­նէր ե­րեք լի­ճեր՝ Վա­նը, Սե­ւա­նը, Ուր­միան։ Վա­նայ լի­ճը այ­սօր կը գտնո­ւի Թուր­քիոյ մէջ, Սե­ւա­նը՝ Հա­յաս­տան, Ուր­միան՝ Պարս­կաս­տան։

Վան քա­ղա­քի ա­րե­ւե­լեան տա­րած­քին վրայ կը գտնո­ւէր բու­սա­կա­նու­թեամբ ու ջու­րե­րով հա­րուստ Այ­գես­տա­նը, հա­յաբ­նակ Ս. Յա­կոբ նո­րա­շէն թա­ղա­մա­սե­րով։ Այ­գես­տա­նէն գե­ղեցկօ­րէն կը տես­նո­ւէր Վա­նի բեր­դը, իր ամ­բողջ եր­կայն­քով, բարձ­րաս­լաց աշ­տա­րակ­նե­րով, ու պաշտ­պա­նա­կան պա­րիսպ­նե­րով։ Ա­տե­նին, Այ­գես­տա­նի մէջ, պաշ­տօ­նա­կան ու գոր­ծօն հիւ­պա­տոս­ներ ու հիւ­պա­տո­սա­րան­ներ ու­նե­ցած են Ֆ­րան­սան, Բ­րի­տա­նիան, Ռու­սիան, Պարս­կաս­տա­նը։

Այ­գես­տա­նի մէջ նաեւ նշա­նա­ւոր էր բո­ղո­քա­կան­նե­րուն դպրո­ցը։ Ա­նոնք քա­ղա­քին մէջ որ­բա­նոց մըն ալ կը պա­հէին։ Այ­գես­տա­նը ծննդա­վայրն է նաեւ հայ­րե­նի մեր գրող­նե­րէն Գուր­գէն Մա­հա­րիի (1903-1969), որ Այ­գես­տա­նի մա­սին գիր­քեր գրած է։ Ան­կէ ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կա­նը՝ իր ծննդա­վայ­րի մա­սին անդ­րա­դար­ձող «Այ­րո­ւող Այ­գես­տան­ներ»ն­ է։

Թուր­քե­րը այ­սօր բո­լո­րո­վին քան­դած են Այ­գես­տա­նը եւ ձեռ­նար­կած են շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու, նոյն վայ­րի տա­րած­քի եր­կայն­քով եւ բո­լո­րո­վին նոր քա­ղաք մը կա­ռու­ցե­լու հե­ռան­կա­րով։

Այ­գես­տա­նի սառ­նո­րակ ջու­րե­րը կը թա­փին Վա­նայ լի­ճին մէջ։ Հոն կը գտնո­ւի նաեւ Շա­մի­րամ թա­գու­հիի պատ­մա­կան գե­տը։

Կար­սի բերդ այ­ցե­լու­թեանս օ­րը, տա­փա­րակ կա­ռոյ­ցի մը յա­րակ­ցու­թեամբ, տե­ղի կ­’ու­նե­նար ե­րի­տա­սարդ քրտու­հիի մը հար­սա­նի­քը։

Մե­զի ար­տօ­նեց, որ լու­սան­կա­րենք զինք իր ա­մուս­նին հետ։ Յա­ջոր­դեց քրտա­կան խնճոյք՝ եր­գե­րով, նո­ւա­գով, պա­րե­րով ու կե­րու­խու­մով։ Ի­մա­նա­լով՝ որ հայ եմ, զիս մաս­նա­կից դար­ձուց ի­րենց խնճոյ­քին, ո­րու պա­րի բա­ժի­նը շա­րու­նակուեցաւ բեր­դի հար­թա­կի մը վրայ։

Կար­սի բեր­դը փաս­տօ­րէն կը գտնուի Մեծ Հայ­քի Այ­րա­րատ նա­հան­գի Վա­նանդ գա­ւա­ռի մէջ, ո­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը նշո­ւած է 9րդ դա­րէն ի վեր, այ­սինքն Բագ­րա­տու­նեաց տոհ­մի օ­րե­րէն։

Չ­մոռ­նամ նշե­լու, որ Վա­նի բեր­դին մէջ թա­ղո­ւած է Ե­րե­ւա­նի հիմ­նա­դիր Ար­գիշ­տի թա­գա­ւո­րը, որ տէր դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի ու Փոքր Ա­սիոյ (­Սու­րիա, Լի­բա­նան)։ Ան Ք.ա. 782ին կա­ռու­ցեց Ե­րէ­բու­նի բեր­դա­քա­ղա­քը, ո­րուն հա­մար 6600 գե­րի­ներ աշ­խա­տե­ցան։ Ե­րե­ւան մայ­րա­քա­ղա­քի ա­նու­նը յա­ռաջ ե­կած է Ե­րէ­բու­նի ա­նու­նէն։

Վա­նի բերդ այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, բեր­դի մուտ­քին հան­դի­պե­ցանք նաեւ Պոլ­սոյ մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր եւ քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով Ա­թէնք այ­ցե­լած Բագ­րադ Էս­դու­գեա­նին, որ կը հիւ­րա­սի­րէր յար­գե­լի հիւ­րեր ար­տա­սահ­մա­նէն եւ ա­նոնց կը ծա­նօ­թաց­նէր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի վայ­րե­րը, ինչ­պէս յա­ճախ կ­’ը­նէ, ի­րեն յա­տուկ նո­ւի­րու­մով ու քա­ջու­թեամբ, ա­ռա­ւել՝ բա­նա­ւոր ու գրա­ւոր խօս­քով ու գործ­նա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Պատ­մա­կան օ­րե­րուն Վա­նը ու­նէր 7500 հա­յե­րու տու­ներ, 38.000 բնա­կի­չով, ո­րոնց­մէ 1500ը Այ­գես­տան եւ 6000ը շրջա­կայ­քը, 20.000 բնա­կի­չով։

Վա­նի նա­հան­գը՝ 39.300 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր ու­նէր, 12 գա­ւառ­ներ եւ 1627 գիւ­ղեր։ Կը բաղ­կա­նար եր­կու մար­զե­րէ՝ Վան եւ Հե­քիա­րի, որ սահ­մա­նա­կից է Պարս­կաս­տա­նի եւ ժա­մա­նա­կին կա­պո­ւած էր Ուր­միոյ խա­նու­թեան։

Վա­նի մէջ կը գտնո­ւին հայ­կա­կան նշա­նա­ւոր վան­քեր, ո­րոնց­մէ ա­մէ­նէն ծա­նօթն է Վա­րա­գան։ Վա­նայ լի­ճին վրայ կը գտնո­ւի մշա­կոյ­թի ա­մէ­նէն փայ­լուն փա­րո­սը հան­դի­սա­ցող Աղ­թա­մար կղզին, իր Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցիով։ Թուր­քե­րը՝ փոր­ձե­լով ա­ղա­ւա­ղել Աղ­թա­մա­րի հայ­կա­կան ա­նու­նը, զայն կ­’ա­նո­ւա­նեն Աք­թա­մար ու ա­մէն տեղ այդ­պէս կը գրեն, ինչ­պէս Ա­նիի մա­սին «Ա­նը» կը գրեն։

Աղ­թա­մար կղզիին վրայ ժա­մա­նա­կին բնակ­չու­թիւն կար որ կ­’ապ­րէր հոն։ Կղ­զին հիւ­րըն­կա­լած է կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն ու միա­բա­նու­թիւն։ Հոն ե­ղած ու գոր­ծած է նաեւ Մկր­տիչ Խ­րի­մեա­նը, իր կրօ­նա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան ո­րա­կի կողմ­նո­րո­շում­նե­րով ու հայ ժո­ղո­վուր­դի վի­ճա­կի բա­րե­փո­խու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով մին­չեւ Պեր­լի­նի վե­հա­ժո­ղով մաս­նակ­ցի­լը։

Դէ­պի Աղ­թա­մար կղզին Կե­ւա­շի նա­ւա­հան­գիս­տը կը գտնո­ւի, որ կը հա­մա­րո­ւի Գեա­ւա­շի կամ պատ­մա­կան Ոս­տան գա­ւա­ռի նա­ւա­մա­տոյ­ցը։ Ոս­տա­նը պատ­մա­կան վայր մըն է, ո­րու ա­ւե­րակ­նե­րը մնա­ցած են միայն լի­ճէն դուրս, մեծ քա­րա­ժայ­ռի մը վրայ։ Ան ե­ղած է Ռշ­տու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը եւ ա­նոր ամ­րո­ցին մէջ հաս­տա­տո­ւած էին այդ տոհ­մի իշ­խան­նե­րը, զօր­քե­րը եւ ըն­տա­նի­քը։
Գեա­ւա­շի նա­ւա­մա­տոյ­ցէն դէ­պի կղզի հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը ե­րեք քի­լո­մեթր է, մա­կոյ­կա­նա­ւով՝ 15 վայր­կեան։

Տա­սի չափ զբօ­սա­նա­ւեր, ա­մէն ազ­գի այ­ցե­լու ժո­ղո­վուրդ (ա­մէ­նէն շատ թուրք ու պար­սիկ), խումբ առ խումբ կը փո­խադ­րո­ւին կղզիի եր­կու նա­ւա­մա­տոյց­նե­րը։ Ան­ցեա­լին՝ կղզիին վրայ բնակ­չու­թիւն կ­’ապ­րէր։ Ռշ­տու­նեաց տոհ­մը ա­րաբ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րէն պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար պա­րիսպ­ներ կա­ռու­ցած էր։ Ե­կե­ղե­ցին, կա­ռու­ցո­ւած է 7րդ դա­րուն Գա­գիկ Արծ­րու­նի թա­գա­ւո­րին կող­մէ, որ կա­ռուց­ման հա­մար կղզի հրա­ւի­րած էր Մա­նո­ւէլ ճար­տա­րա­պե­տը։ Կղ­զիին վրայ մին­չեւ 1905 թո­ւա­կան կար մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն։

1995ին քիւր­տեր ու­զած են քան­դել ե­կե­ղե­ցին, սա­կայն համ­բա­ւա­ւոր գրա­գէտ Եա­շար Քե­մալ յօ­դո­ւած­ներ գրած է զայն քան­դե­լու մտադ­րու­թեան դէմ, ինչ որ մղած է թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­գելք ըլ­լա­լու եւ կղզին ու ե­կե­ղե­ցին զբօ­սաշրջա­կան ի­մաս­տով ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար։

Աղ­թա­մա­րի վրայ կայ քար մը. կը պատ­մո­ւի, որ մեր մեծ վի­պա­սան Ռաֆ­ֆին, կղզի այ­ցե­լած ժա­մա­նակ, ա­ռանձ­նա­ցած է այդ քա­րին վրայ եւ գրած է՝ «­Ձայն տուր, ո՛վ ծո­վակ» քեր­թո­ւա­ծը։

Վա­նա­կան­նե­րը զայն կո­չած են Ռա­ֆիի քար։ Աղ­թա­մա­րի վեր­ջին կա­թո­ղի­կո­սը ե­ղած է Խա­չա­տու­րը, որ միա­ժա­մա­նակ պատ­մա­գէտ էր։ Վան­քը ու­նե­ցած է նաեւ մա­տե­նա­դա­րան, որ գտնո­ւած է զան­գա­կա­տան շուրջ։

Ն­շե­լի է, որ Աղ­թա­մար կղզիի հո­ղա­տա­րած­քը կը պատ­կա­նի թուրք լրագ­րող Ֆա­թիհ Այ­թայ­լըին, որ իր կար­գին քա­նիցս յայ­տա­րա­րած է, թէ պատ­րաստ է վայ­րը վե­րա­դարձ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Կ’են­թադ­րեմ, Կոնս­տանդ­նու­պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նին։ Սա­կայն, յայտ­նի է, որ հոն խօսք ու­նի թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ այն­քան ալ բա­րեն­պաստ տրա­մադ­րո­ւած չէ այս գա­ղա­փա­րին հան­դէպ։

Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հո­գե­ւո­րա­կան չկայ. կ­’ե­րե­ւի, վստա­հա­բա՛ր, չ­’ար­տօ­նո­ւիր։ Հոս եւս գլխա­ւոր ու վճռա­կան խօսք ու­նին թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։

Նոյն կար­ծի­քը չու­նին սա­կայն կղզիին վրայ գոր­ծող սրճա­րա­նի եւ սու­վը­նիր­նե­րու խա­նու­թի տէ­րերն ու սպա­սա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րուն, նոյն յան­կեր­գով, կը դժգո­հին ը­սե­լով, որ թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը լու­ծում մը պէտք է գտնեն ու հոն ար­տօ­նո­ւին հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ պա­տա­րա­գը, որ­պէս­զի կղզիի շար­ժու­մը բազ­մա­պատ­կո­ւի, թե­րեւս հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րով, ո­րոնց­մէ ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին, ա­ռեւտրա­կան օ­գուտ պի­տի քա­ղեն։
2017 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ջին 9 ա­միս­նե­րուն Ախ­թա­մար այ­ցե­լած է 110.000 մարդ, իսկ 2016ին 82.000 զբօ­սաշրջիկ։

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թին վրայ զե­տե­ղո­ւած խա­չին, թուր­քե­րը 2005ին եր­կու­քու­կէս մի­լիոն տո­լա­րի գու­մար տրա­մադ­րե­ցին ե­կե­ղե­ցին վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար։ Ս­կիզ­բը խու­սա­փե­ցան ա­նոր վրայ խա­չը զե­տե­ղելէ, ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­կա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը ան­տե­սե­լու մի­տու­մով։

Ա­ւե­լի վերջ, ըն­դա­ռա­ջե­ցին Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նի ճնշում­նե­րուն եւ խաչ մը զե­տե­ղե­ցին, որ պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ 6 վար­պետ­նե­րու կող­մէ Հա­յաս­տա­նի Աշ­տա­րակ քա­ղա­քին մէջ 2015ին։

Այս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պատ­մա­կան ժո­ղով­ներ գու­մա­րած են Ա­րամ, Ռու­բէն եւ Տա­րօ­նի աշ­խար­հի մէջ գոր­ծող յե­ղա­փո­խա­կան­ներ ու ֆե­տա­յի­ներ, մա­նա­ւանդ Մու­շէն, Սա­սու­նէն ու յա­րա­կից լեռ­նա­պա­րե­րէն։
Հոս կեց­նենք պատ­մու­թիւ­նը ու անց­նինք նոր գլուխ­նե­րու, նոյն­քան կա­րե­ւոր, նոյ­քան այժ­մէա­կան։ Թուր­քե­րը յա­ճախ չհասկ­նա­լու կու­գան մեր ժո­ղո­վուր­դի, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու, Հա­յաս­տա­նի եւ վեր­ջերս ստեղծո­ւած ի­րա­ւա­գի­տա­կան ու դա­տաի­րա­ւա­կան կեդ­րոն­նե­րու, ժո­ղովրդա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, մար­դու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ջա­տա­գով կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պա­հանջ­նե­րը, ինչ որ կը յայտ­նա­բե­րեն հա­մայն ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը։

Մենք կը հան­դի­սադ­րենք Ա­րեւմտեան Հա­յաս­տա­նի գոյ­քե­րու, ինչ­քի, խլո­ւած ի­րա­ւուն­քի հարց. հա­զա­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­ներ յափշ­տա­կո­ւած, հա­զա­րա­ւոր վան­քեր բռնագ­րա­ւո­ւած, վա­ճա­ռո­ւած ու վե­րա­վա­ճա­ռո­ւած են։

Մենք մեր գոյ­քե­րէն հրա­ժա­րած չենք, ո­րով­հե­տեւ մեր գոյ­քե­րը խլուած են, երկ­րի մը օ­րէնք­ներն ու օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­նե­րը խախ­տո­ւած են, գո­ղու­թիւն ու ա­ւա­զա­կու­թիւն ե­ղած է։ Այս հար­ցը ե՛ւ ի­րա­ւա­կան է, ե՛ւ բա­րո­յա­կան։

Աշ­խար­հի բո­լոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ու­նին ի­րենց օ­րի­նա­կան ու օ­րէնսդ­րա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը, քա­նի 19րդ դա­րէն սկսեալ ձե­ւա­ւո­րո­ւիլ սկսած է հա­մաշ­խար­հա­յին չա­րա­գոր­ծու­թեան յան­ցան­քին բա­ղադ­րի­չը։

Հա­յե­րու դէմ գոր­ծո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը միայն հա­յու հարց չէ, ա­ւե­լի լայն ի­մաս­տով՝ կ­’ա­ռանձ­նա­նայ որ­պէս մարդ­կու­թեան հարց, իր հա­մա­պար­փակ գոր­ծու­նէու­թեամբ, որ յստակ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րով աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ու ա­րե­ւե­լու­մին կա­րի­քը ու­նի։

Պատ­մու­թիւ­նը կը սկսի ու կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Յա­ւե­լեալ վե­րա­քաղ մը ը­նե­լու միտք չու­նիմ։ Գ­րե­լիք շատ բան կայ, սա­կայն պի­տի բա­ւա­րա­րո­ւիմ նշե­լով, որ այս պատ­մու­թիւնն ալ իր ժա­մա­նա­կի մէկ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին մաս կը կազ­մէ։

Ու­րիշ­ներ՝ ի­րենց պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած­նե­րու սահ­մա­նը կո­չե­ցին Վե­րած­նունդ։ Մենք մեր վե­րած­նուն­դը Ազ­գա­յին Զար­թօնք կո­չե­ցինք։

Մեր ազ­գի ու ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնն ու ան­կա­խու­թեան գո­յա­տե­ւու­մը դժո­ւար կրնայն բա­ցատ­րո­ւիլ։
Մե­զի հա­մար այ­սօ­րը՝ ե­րէ­կի հա­րա­զատ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի զա­ւակն է։

azator.gr/?p=7663

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail