Դիմադրութիւնը Պատասխանեց Իսրայէլեան Բռնարարքներուն` Աւիվիմի Մէջ Ջախջախելով Իսրայէլեան Զրահապատ Մը
03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ը Լիբանանի կեանքին մէջ դարձաւ նշանակալից մէկ այլ թուական, երբ Հըզպալլա զինուորական յանդուգն գործողութեամբ մը ցնցեց Իսրայէլը` յարգելով Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան վերջին ոտնձգութեան պատասխանելու իր խոստումը:
Դիմադրութեան կատարած զինուորական գործողութենէն օր մը առաջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հաստատած էր, որ Իսրայէլի դէմ պատասխանը անխուսափելի է, եւ ոչ մէկ սպառնալիք պիտի կասեցնէ այդ գործողութեան գործադրութիւնը: Իր խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա մէջբերած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այն կեցուածքը, թէ Լիբանանը ոտնձգութեան թիրախ երկիր չէ:
Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 1 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 4:15-ին, «Նահատակներ Հասան Զպիպ եւ Եասեր Տահեր» անուան Հըզպալլայի խմբաւորումը իսրայէլեան Աւիվիմ բնակեցման վայրին մէջ ջախջաքեց իսրայէլեան ուժերուն պատկանող «Ուոլֆ» տիպի զրահապատ մը` սպաննելով եւ վիրաւորելով անոր մէջ գտնուողները:
Մինչ Հըզպալլա հաստատեց, որ Աւիվիմի մէջ թիրախ դարձուցած իսրայէլեան զրահապատին մէջ կան չորս տուժածներ, իսրայէլեան աղբիւրներ կտրականապէս մերժեցին որեւէ տեղեկութիւն բացայայտել այդ իմաստով: Իսկ իրանեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Հըզպալլայի թիրախ դարձուցած զրահապատին մէջ կը գտնուէր հիւսիսային Իսրայէլի ապահովութեան պետ Աւիւ Քոխաֆի:
Իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի կատարած այս գործողութեան պատասխանեցին սահմանամերձ Մարուն Ռաս գիւղաքաղաքը թիրախ դարձնելով ֆոսֆորային ռումբերուն:
Ապա իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանամերձ լիբանանեան գիւղերուն տարածքները ռմբակոծելու գործողութիւնը ընդարձակուեցաւ` հասնելով մինչեւ Եարուն եւ Այթարուն:
Հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր 40 ռումբեր արձակած են լիբանանեան տարածքներուն ուղղութեամբ` հրկիզելով այդ տարածքները:
Նշենք, որ Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան Պըտտաուի գաղթակայանին մէջ տիրեց ուրախութեան մթնոլորտ` Հըզպալլայի կատարած պատասխան-գործողութեան առիթով:
Աւիվիմի գործողութեան մասին երէկ Հըզպալլա հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ յստակ կերպով կ՛երեւէին զրահապատն ու իսրայէլացի զինուորները, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ «Քորնեթ» տիպի հրթիռով իսրայէլեան զրահապատին թիրախ դառնալը:
Երէկ երեկոյեան սէյիտ Նասրալլա Աշուրայի յատուկ լացի նիստին ընթացքին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Դիմադրութեան իրականացուցած պատասխան գործողութեան` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց, որոնք մնայուն կերպով պատրաստ են սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եւ որոնց կարողութիւններուն եւ զոհողութիւններով շնորհիւ կարելի եղած է ամրապնդել այն տարազը, որ հեռու կը պահէ թշնամին եւ կը պաշտպանէ երկիրը:
Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանեան բանակին, որ հսկեց սահմանին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի պատասխանատուներուն` իշխանութեան պետերուն, նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն, որոնք Դիմադրութեան նեցուկ կանգնեցան եւ ազգային իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլին շեշտեց, որ Իսրայէլ քաջ գիտէ, թէ հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած յարձակումը ձախողած է իր նպատակին մէջ: «Առաջին անօդաչու թռչող սարքը ինկած է, իսկ երկրորդը ձախողած է իր նպատակը իրականացնելէ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ութ օրէ ի վեր թշնամի Իսրայէլ Դիմադրութեան պատասխանին կը սպասէ, ինչ որ իր ձեւին մէջ հսկայ պատիժ մըն է անոր դէմ` նկատի ունենալով, որ սահմաններ չեն մնացած` սահմանային Կապոյտ գիծ չէ մնացած, սահմանամերձ շրջանին մէջ կատարեալ ամայութիւն տիրած է:
«Անոնց «լրջանալու» կոչ ուղղեցի, սակայն անոնք փախուստ տուին եւ զօրանոցները դատարկեցին` փաստելով, որ սարդոստայնէ մը աւելի դիւրաբեկ են: Մինչդեռ Հըզպալլայի մարտիկները մնացին անշարժ իրենց դիրքերուն վրայ, իսկ լիբանանեան գիւղաքաղաքներուն մէջ տիրող մթնոլորտը բնականոն կեանքի եւ արժանապատուութեան մթնոլորտ էր», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը դիտմամբ այդ գործողութիւնը կատարած է ցերեկը, սահմանին շատ մօտիկ դիրքէ մը եւ վտանգի ենթարկելով ինքզինք: «Դիմադրութեան մարտիկները հարուածեցին, թիրախ դարձուցին, ջախջախեցին, եւ անիկա ամբողջ աշխարհին մէջ սփռուեցաւ: Կատարուածը քաջութիւն է, բծախնդրութիւն եւ պատասխանատուութիւն, իսկ Լիբանանը քարէ դար փոխադրելու իսրայէլացի պատասխանատուներուն սպառնալիքները մնացին օդին մէջ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Աւիվիմը 1948-ի հողերէն է, որ այսպէս ըսած Իսրայէլի գոյացութեան մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ անիկա թշնամիին համար կարմիր գիծ եղած է, եւ Հըզպալլա կրցաւ փշրել Կարմիր գիծի այդ յղացքը:
«Մէկ փամփուշտի դէմ հարիւրաւոր ռումբեր տեղացնող իսրայէլացին, երէկ փորձեց հանդարտեցնել տիրող կացութիւնը, որովհետեւ Դիմադրութիւնը ամրապնդեց ուժերը հաւասարակշռելու իր տարազը եւ պատասխանը տուաւ լիբանանեան հողերէն դէպի բռնագրաւուած պաղեստինեան հողեր», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց իսրայէլացիներուն սորվելու կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019 թուականը` Լիբանան-բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերու սահմանին վրայ սկսած իբրեւ նոր փուլ, որուն ընթացքին Լիբանանի գերիշխանութիւնը, արժանապատուութիւնը, անվտանգութիւնն ու ժողովուրդը աւելի լաւ կերպով պիտի պաշտպանուին` առանց կարմիր գիծերու:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ լիբանանցիները ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունին` ընդգծելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է իմանայ, որ այսուհետեւ Դիմադրութիւնը վար պիտի առնէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը խախտող իսրայէլեան անօդաչու թռչող որեւէ սարք: «Հետեւաբար շրջանի կայունութեան յանձնառու եղողը պէտք է իսրայէլացիներուն հետ խօսի եւ անոնց բացատրէ, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւնները այլեւս ընդունելի չեն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան հաստատեց, որ իսրայէլացիները պէտք է իմանան, որ պատահածը Նեթանիահուի անմիտ քայլին պատասխանն է, որովհետեւ ան շուարած է, թէ ինքզինք ինչպէ՛ս պիտի կարենայ փտածութեան թղթածրարներէն փրկել: «Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի պիտի պատասխանենք, առանց ճանչնալու սահմանային Կապոյտ գիծ կոչուածը», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:
Հըզպալլայի կատարած գործողութենէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ուղղուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուրկէ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի վճարէ իսրայէլեան զրահապատին դէմ գործուած յարձակումին գինը:
Նեթանիահու ընդգծեց, որ Հըզպալլայի կատարած գործողութիւնը մարդկային ոչ մէկ վնաս պատճառած է:
Ան նշեց, որ Հըզպալլայի գործողութեան դէմ Իսրայէլի պատասխանը աւարտած է, սակայն իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին: «Սահմանային շրջանին մէջ տիրող կացութեան հիման վրայ Իսրայէլ պիտի որոշէ իր յաջորդ քայլերը», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
Իսրայէլեան բանակը երէկ վերահաստատեց, որ իրենք կազմ ու պատրաստ կը հսկեն սահմանին` կանխարգիլելու համար Իսրայէլի դէմ յարձակումի հաւանական որեւէ բեմագրութիւն:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի անմիջապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ մեծ թիւով պատասխանատուներու հետ. ան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի խորհրդատուէն, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց միջամտել հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումները հակակշռելու:
Վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոնց ներկայացուց իր ունեցած միջազգային խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:
Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անկէ իմացաւ բանակին որդեգրած միջոցառումներուն մասին:
Վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիէն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական վերջին զարգացումները:
Երէկ ուշ գիշերին Քուէյթի կառավարութիւնը խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումը` զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանին եւ իր գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով անոր որդեգրած բոլոր քայլերուն:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ Դիմադրութեան գործողութենէն անմիջապէս ետք հաղորդակցութիւններ ունեցաւ լիբանանեան ու իսրայէլեան կողմերուն հետ եւ կոչ ուղղեց երկու կողմերուն` ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Զօր. Տել Քոլ երէկ յայտնեց, որ երկու կողմերը ընդառաջած են իր կոչին եւ կատարեալ խաղաղութիւն հաստատած` յարգելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ զօր. Տել Քոլ շատ մտահոգ էր ստեղծուած կացութեան առնչութեամբ, որովհետեւ պատահածը թիւ 1701 բանաձեւի խախտում էր եւ կրնար սահմանային կայունութիւնը խախտել:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք երէկ յայտնեց, որ Կութիերես Լիբանանին եւ Իսրայէլին ինքնազսպումի ենթարկուելու կոչ ուղղած է եւ իրենց սահմաններէն անդին կրակելը արգիլած:
Տիւժարիք շեշտեց, որ Կութիերես անհրաժեշտ կը նկատէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռամպլինկ Պու Սաապին ներկայացուց Բրիտանիոյ մտահոգութիւնը` կոչ ուղղելով բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ այդ տագնապը լուծելու:
Իր կարգին, Պու Սաապ հաստատեց, որ Իսրայէլ առանձինն կը ստանձնէ հարաւային Լիբանանի ապահովական մագլցումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մասէն, որ ընդգծեց, թէ Գերմանիա կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան եւ կը մերժէ ապահովական որեւէ մագլցում:
Մաս պատրաստակամութիւն յայտնեց միջազգային ուժերու հետ աշխատելու` կանխարգիլելու համար զինուորական լայնածիր գործողութիւններու շղթայազերծումը:
Պասիլ շեշտեց, որ Իսրայէլ պէտք է վերադառնայ խաղաղութեան տարազին, որ կը յարգուի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան լոյսին տակ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը միշտ ալ յարգած է իր խոստումը` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պէտք է հասկնայ, որ այլեւս չի կրնար Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործել եւ բռնարարքներ կատարել ու անպատասխան մնալ:
Ֆատլալլա բարձր գնահատեց վարչապետ Հարիրիի կեցուածքները` ընդգծելով, որ անոր վարուելակերպը պատասխանատու վարչապետի վարուելակերպ է, եւ անոր կեցուածքները կը հզօրացնեն Լիբանանը:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կիրակի օրուան ընդհարումները աւարտած են այն եղանակով, որ անոնք կարծես նախապէս համադրուած ըլլային երկու ուժերուն կողմէ:
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին ընդգծեց, որ Ռուսիոյ պարտականութիւնն է բոլոր կողմերուն հետ կապուիլ` արգիլելու համար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բռնկելիք հաւանական պատերազմը:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին շեշտեց, որ Իսրայէլ մեծ սխալ մը գործած է` Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ բռնարարքներ գործելով:
Իրանի քաղաքացիական անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի հաստատեց, որ Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումը համարժէք պատասխան տալ կը նշանակէ: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի քաղաքականութիւնը կը մեկնի Լիբանանի շահերը պաշտպանելէ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ Դիմադրութեան եւ ընդգծուեցաւ Դիմադրութեան ու լիբանանեան բանակին իրաւունքը` Լիբանանի գերիշխանութեան պաշտպանութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով իր բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու Լիբանանի իրաւունքը:
Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահի քաղաքական եւ տեղեկատուական հարցերու օգնական Պուսայնա Շաապան շեշտեց, որ մեկնելով այն իրականութենէն, որ Սուրիա Դիմադրութեան մայրաքաղաքն է, ապա ան շահագրգռուած է Լիբանանի զարգացումներով, որովհետեւ Լիբանան եւ Սուրիա մէկ են, եւ Լիբանան Սուրիոյ քոյր երկիր է:
aztagdaily.com/archives/452147