ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՓՈԽԶԻՋՄԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՅԱՂԹԱԹՈՒՂԹ

Անցուդարձ

Կայացեր է Գերմանիոյ կանցլեր Անկելա Մերկէլի և Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հանդիպումը Անգարայի մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Ermenihaber-ը, յղում կատարելով թրքական Haberturk» լրատուակայքին, դռնփակ պայմաններու տակ կայացած հանդիպումէն ետք, համատեղ մամլոյ ասուլիս է տեղի ունեցեր:

Էրտողանը յայտարարեր է, որ հանդիպման ընթացքին, քննարկուեր են Թուրքիոյ եւրոանդամակցութեան վերաբերող խնդիրներ: «Ես յատկապէս խնդրեցի Գերմանիային, Ֆրանսային, Անգլիոյ, Սպանիային և նման միւս երկիրներուն՝ այս հարցով աջակցութիւն ցուցաբերել մեզ»,- նշեր է Էրտողանը:

Իսկ Մերկէլն իր խօսքին մէջ ընդգծեր է, որ հանդիպումը բաւական արդիւնաւէտ է ընթացեր: Գերմանիայի կանցլերը նշեր է, որ հանդիպման առանցքային թեմաներէն են եղած ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու փախստականներու խնդիրները: Ըստ իրեն՝ բոլոր հարցերը քննարկուեր են «փոխադարձ շահի» շրջանակներուն մէջ եւ որոշակի «փոխհամաձայնութիւն է ձեռք բերուեր»:

«Եկանք այն ընդհանուր եզրակացութեան, որ Թուրքիոյ և Եւրոմիութեան միջեւ պէտք է աւելի սերտ ու ամուր համագործակցութիւն ձեւաւորել: Կարող եմ ըսել, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ նաև վիզաներու համակարգի, փախստականներու ընդունման պայմանագրի շուրջ»,-ըսեր է Մերկէլը:

Նշենք նաեւ, որ աւելի վաղ, թուրքական ընդդիմադիր «Sozcü» պարբերականի կայքը լուր էր հրապարակեր այն մասին, թէ փախստականներու խնդրի կարգաւորման գործով, Էրտողանին «համոզելու» նպատակով Մերկէլն իրեն հետ Թուրքիա տարեր է «հայկական և քրտական հարցերու փաթէթները»՝ մանրակրկիտ մշակուած գերմանացի քաղաքագէտներու կողմէ»:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ մասնաւորապէս հայկական հարցի շրջանակներէն ներս, Գերմանիան Թուրքիոյ հետ «փոխզիջումներու հասնելու յոյսով պատրաստակամութիւն էր յայտնելու ալ աւելի յետաձգելու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկրի խորհրդարանին՝ Պունտեսթակի մէջ քննարկման սպասող բանաձեւի հաստատումը»:

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (51) Հոկտեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail