«Վանայ Ձայն»-էն. Լիբանանցի Մտաւորականներ Կը Դատապարտեն Նախագահ Աունի Դէմ Թուրքիոյ Վարկաբեկիչ Արտայայտութիւնները`

place des martyrs liban

«Վանայ Ձայն»-էն. Լիբանանցի Մտաւորականներ Կը Դատապարտեն Նախագահ Աունի Դէմ Թուրքիոյ Վարկաբեկիչ Արտայայտութիւնները` Անդրադառնալով Պատմական Ճշմարտութիւններուն

05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Օսմանեան կայսրութեան եւ Լիբանանի մէջ անոր բռնատիրութեան, գործած սպանդներուն եւ պետական ահաբեկչութեան մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւններուն դէմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան իբրեւ հակազդեցութիւն, «Վանայ Ձայն»` Հալա Հատտատի «Քըլ եոմ պիոյմու» յայտագիրին ընդմէջէն, սփռեց յատուկ հաղորդում մը, որուն ընթացքին հիւրընկալեց գործիչ-իրաւաբան Ուատիհ Աքըլը, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ակադեմականներու եւ Թուրքիոյ պատմութեան քաջածանօթ ականաւոր դէմքերու հետ:

Ստորեւ կ՛անդրադառնանք յայտագիրին ընթացքին արտայայտուած տեսակէտներուն եւ կեցուածքներուն:

Թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը ստացած է արաբերէն լեզուով եւ զայն կարդալէ ետք, անոր մտքին մէջ կասկած մը ծագած է այդ հաղորդագրութեան թարգմանութեան ճշգրտութեան մասին: «Անմիջապէս դիմեցի թրքական տարբերակին, որ մայր տարբերակն է, եւ հաստատեցի, որ անոր արաբերէն թարգմանութիւնը շատ ճիշդ է: Թուրքերը խօսած էին նախագահ Աունի` զառանցելու, անգիտակից ըլլալու, գաղութատիրութեան ենթարկուելու հոգեբանութեան հակամէտ ըլլալու մասին, եւ այլն: Համոզուած եմ, որ այս քայլը լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նախընթաց մըն է», ըսաւ ան:

Նուրէտտին ընդգծեց, որ նախագահ Աուն իր արտայայտութիւններով անդրադարձաւ պատմական ժամանակաշրջանի մը եւ ճշմարտութիւններ փոխանցեց օրին իշխող Օսմանեան պետութեան մասին:

«Նախագահ Աունի խօսքերը Օսմանեան կայսրութեան սփռած խտրականութեան, փոքրամասնութիւններուն դէմ հալածանքին եւ ընդդիմադիրներուն նկատմամբ անոր գործադրած բռնաճնշումին մասին ճշմարտութիւններ են: Օսմանեան պետութիւնը կռուեցաւ ոչ-թրքական, ոչ-իսլամական եւ ոչ-սիւննիական բոլոր փոքրամասնութիւններուն դէմ», ըսաւ ան:

Մ. Նուրէտտին ընդգծեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը բոլոր կարմիր գիծերը շրջանցած է` նախագահ Աունի անձին դէմ յարձակում գործելով, մինչդեռ նախագահ Աուն իր արտայայտութիւններով անդրադարձած էր ընդհանուր ժամանակաշրջանի մը, Օսմանեան պետութեան վարած քաղաքականութեան եւ երբեք չէր մատնանշեր սուլթաններ, անձնաւորութիւններ կամ քաղաքական ուժեր, ինչպէս` Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութիւնը:

«Թուրքիոյ հրապարակած հաղորդագրութիւնը անտեսեց դիւանագիտական արարողակարգային բոլոր կանոնները, որովհետեւ Միշել Աուն անկախ պետութեան մը նախագահն է եւ ինքզինք չի ներկայանցներ, ուստի ինքնաբերաբար այդ հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն եւ ամբողջ Լիբանանին դէմ գործուած յարձակում մըն է: Հաղորդագրութեան մէջ նախագահ Աունի մասին տրուած վարկաբեկիչ եզրերը բնաւ չեն համընկնիր անոր նկարագիրին, մանաւանդ այն, թէ` նախագահ Աուն հակամէտ է գաղութատիրութեան ենթարկուելու: Ընդհակառակն` Մեծն Լիբանանի հռչակումին 100-ամեակին առիթով արտասանած իր խօսքով նախագահ Աուն Արեւմուտքին եւ յատկապէս Թուրքիոյ դաշնակից Իսրայէլին կը փաստէ Լիբանանի ազատ, անկախ ու գերիշխան ըլլալու իրականութիւնը», հաստատեց ան:

Նուրէտտին ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայ խմբակ մը, որ օտարին կը զօրակցի` իր նախագահին փոխարէն, հակառակ անոր որ հանրապետութեան նախագահին դէմ վարկաբեկում եւ վիրաւորանք կայ:

«Լիբանանի դէմ Թուրքիա մեծ սխալ մը գործած է հաստատ, եւ նուազագոյնն է, որ ան ներում հայցէ եւ հաստատէ, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ են: Թրքական հաղորդագրութեան մէջ յստակ են նախագահ Աունի անձին դէմ ատելութիւնը, նաեւ Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան զօրակցութեան վրայ հիմնուած նախագահին վարած քաղաքականութեան դէմ կեցուածքը: Մ. Աունի դէմ այս տրամադրութիւնը կայ նաեւ այն պատճառով, որ Լիբանան կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ Դիմադրութեան, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Սուրիոյ մէջ կռուող օտար զինեալներուն` գլխաւորաբար թրքական բանակին, հաւասարակշռութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու մէջ: Եթէ թրքական տեղեկատուական մարզին հետեւիք, պիտի տեսնէք, թէ անոնք որքան խոր ատելութիւն կը տածեն Դիմադրութեան, այսինքն` Հըզպալլայի նկատմամբ», հաստատեց Նուրէտտին` աւելցնելով, որ թրքական իշխանութիւնները Հըզպալլան եւ Իսլամական Դիմադրութիւնը սկսած են քննադատել Արաբական գարնան օրերէն, հասնելով մինչեւ Քուսէյրի ճակատամարտ, իսկ վերջերս` Իսրայէլի դէմ գործողութիւն:

Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ հիմնական հարցը այն է նաեւ, որ ան հպարտութեամբ կառչած կը մնայ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը ըլլալուն: «1923-ին Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք յայտարարեց, որ իրենք այլ պետութիւններու Օսմանեան կայսրութեան հաշիւները մաքրած են, սակայն ծայրայեղ իսլամականներ, ինչպէս` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, իրենց քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրեն ներշնչուելով Օսմանեան կայսրութեան գործելաոճէն: Թրքական հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ իրենք հպարտ են Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը ըլլալու եւ կը փորձեն շրջան ներթափանցել եւ հոն իրենց խօսքն ու իշխանութիւնը ունենալ, ինչպէս է այսօր պարագան Սուրիոյ մէջ, իսկ նախապէս փորձեր կը կատարուէր միջամուխ դառնալու Եգիպտոսի ներքին հարցերուն», շեշտեց Նուրէտտին:

Ուատիհ Աքըլ հեռաձայնային զրոյցով յայտնեց, որ Ա. Աշխարհամարտէն ետք Լիբանան հրկիզուած էր, անոր բնակչութեան կէսը կա՛մ մահացած էր, կա՛մ փախուստ տուած երկրէն:

«Ըստ մեծ հօրս օրագրութեան, երկրին ծովեզերեայ շրջանը ամբողջութեամբ հրկիզուած էր, քարուքանդ վիճակի մէջ էր: Մեծ հայրս եւ անոր սերնդակիցները կառուցեցին Լիբանանը եւ 30-ականներուն արդէն Լիբանանի մէջ կար շոգեկառք, որ Սէուտական Արաբիա եւ Իրաք կը տանէր, կար ծառատունկի յանձնախումբ մը, որուն նախագահը հանրապետութեան նախագահ Էմիլ Էտտէն էր, եւ որ ծառեր տնկած էր ամբողջ Լեռնալիբանանի մէջ, ուր թուրքերը ամբողջ անտառները հրկիզած էին», շեշտեց Աքըլ:

Աքըլ խստիւ դատապարտեց այն իրականութիւնը, որ Լիբանան իր սերունդներուն չէ կրցած իր պատմութիւնը լաւապէս փոխանցել: Ան հաստատեց, որ իրեն համար անոնց գործած յանցանքը աններելի է:

«Մեծն Լիբանանի հռչակումին առիթով ինծի համար ամէնէն դիպուկ արտայայտութիւնը մարոնի համայնքի Էլիաս Հուայէք պատրիարքի արտասանած «Հայրենիքի սէր»-ը անունով ճառն է, որովհետեւ անիկա Լեռնալիբանանի, եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէութեան սիրոյն նուիրուած պատգամ մը չէ, այլ` հայրենիքի սիրոյն: Այս աւանդը Լիբանանի համար անկիւնադարձային է, սակայն ոչ ոք լիբանանցի նորահաս սերունդներուն այս մասին կը սորվեցնէ: Իսկ մեծագոյն բացթողումը այն է, որ Օսմանեան եւ երիտթուրքերուն ոճիրներուն մասին ոչինչ կը փոխանցուի: Այսօր թրքական իշխանութիւնները պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնեն: Անոնք Ա. Աշխարհամարտէն ետք փորձեցին խուսափիլ իրենց նախնիներուն գործած աղէտներուն պատասխանատուութենէն, սակայն անհերքելի է, որ անոնք մեղսակից են այդ ոճիրներուն: Ես մնայուն կերպով լիբանանեան պետութենէն եւ լիբանանեան տարբեր միութիւններէ խնդրած եմ Թուրքիոյ դէմ դատական հարց յարուցել` անկէ պահանջելով ճանչնալ Լիբանանի մէջ գործած իր ջարդերը: Լիբանանի կէս բնակչութիւնը սպաննուեցաւ Ա. Աշխարհամարտին` սովի եւ ամէն տեսակի բռնարարքներու եւ անմարդկային ոճիրներու ենթարկուելով:

«Այս իմաստով կ՛ողջունեմ հայութիւնը, որ դիմեց այդ քայլին, եւ կը դրուատեմ հայութիւնը կոտորած թուրք դահիճներուն տրուած արդարահատոյցը` հայոց ձեռամբ: Օրհնելի են այն ձեռքերը, որոնք զգետնած են թուրք դահիճները: Ես կը հաւատամ, որ այդ հայ հերոսները լուծեցին նաեւ ի՛մ վրէժս, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան ճիւաղները սպանդի ենթարկած են նաեւ ի՛մ ընտանիքիս անդամները», ընդգծեց Աքըլ:

Շարունակելով խօսիլ` Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին, Աքըլ շեշտեց, որ երբ Լիբանանի կէս բնակչութեան կ՛ակնարկէ, ինք միայն քրիստոնեաներուն մասին չի խօսիր, այլ բոլոր համայնքներուն: «Իսկ Պէյրութի հրապարակին վրայ թուրք դահիճներուն ձեռքով կախաղան բարձրացած լիբանանցի մտաւորականներուն կէսը իսլամներ էին, ոչ քրիստոնեաներ: Անոնք սպանդի ենթարկած են լիբանանցիները տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Սաուֆարի, Դամասկոսի եւ այլն: Լիբանանեան իւրաքանչիւր բնակարանի մէջ հերոսական պատմութիւն կայ, որուն թեթեւամտութեամբ պէտք չէ մօտենալ, որովհետեւ այդ հերոսութիւններուն շնորհիւ է, որ անոնք գոյատեւեցին եւ կը շարունակեն ապրիլ», շեշտեց ան:

Աքըլ նշեց, որ նախագահ Աունի դէմ հրապարակուած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը ոտնձգութիւն է եւ յարձակում, որ «զիս բնաւ չի զարմացներ»:

«Թուրքերը չեն հանդուրժեր, որ իրենց վատահամբաւ ու արիւնալի պատմութեան մասին մէկը յանդգնի բան ըսել, եւ նման յարձակողական ու վարկաբեկիչ վարուելակերպի կը դիմեն: Անոնք կը մերժեն ճանչնալ իրենց գործած սպանդները: Կը մերժեն ընդունիլ, որ առանց պատճառի շատ ազգեր սպաննած են: Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դէմ եւս նմանօրինակ արտայայտութիւններ ունեցած են: Հանրապետութեան նախագահ Աուն անձ մըն է, որ լաւատեղեակ է պատմութեան ծալքերէն եւ կը հպարտանայ Լիբանանի պատմութեամբ: Ան քաջ գիտէ, որ օսմանցին ու թուրքը ի՛նչ աւերներ գործեցին Լիբանանի մէջ, եւ իր յայտարարութիւններուն մէջ դրսեւորեց իր համոզումները», ըսաւ ան:

Աքըլ ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երկու շաբաթ առաջ, Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, հպարտութեամբ յայտարարած է, թէ Թուրքիա այցելած են մէկ միլիոն լիբանանցի զբօսաշրջիկներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ մէկ միլիառ տոլար ծախսած են:

«Ինծի համար այս իրականութիւնը անընդունելի է, որովհետեւ երկրի քաղաքացիները Լիբանանի պետական գանձարկղին մուծելիք իրենց գումարները Թուրքիոյ մէջ մսխած են: Թող թրքական հաղորդագրութիւնը դաս ըլլայ լիբանանցիներուն` պոյքոթի ենթարկելու դէպի Թուրքիա իրենց այցելութիւնները: Թո՛ղ անոնք վկայեն, որ Թուրքիա իր հաղորդագրութեան ընդմէջէն ինքզինք կը պարտադրէ Լիբանանին: Թո՛ղ լիբանանցիները մերժեն Թուրքիան, ո՛չ թէ նախագահ Աունի անձը պաշտպանելու համար, այլ անոր այն պատճառով, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ անցեալը կարմիր է եւ արիւնալի: Որոշած եմ հրատարակել մեծ հօրս յուշագրութիւնը, որ աւելի ծանր է քան դոկտ. Իսամ Խալիֆէի վերջերս հրատարակած գիրքը` Ա. Աշխարհամարտին նուիրուած: Թող լիբանանցիները իմանան, որ իրենց նախահայրերը մէկ շրջանէն միւսը փոխադրուելու ընթացքին դիակներով լեցուն ճամբաներէ կ՛անցնէին եւ սովին պատճառով դիակներու միս ու կօշիկ կը ճաշակէին: Ամօ՛թ բոլոր անոնց, որոնք այս պատմութիւնը չփոխանցեցին: Անոնք լիբանանցիներուն նախահայրերուն հաշուոյն ոճիրներ գործեցին: Ամօ՛թ է նաեւ լիբանանեան պետութեան, որ իր սպանդներուն ու ջարդերուն մասին պատմող թանգարան չունի», ըսաւ ան:

Աքըլ նշեց, որ Ռահպանի եղբայրներուն կողմէ նկարահանուած «Սաֆար Պարլիք» ժապաւէնը Լիբանանի վերաբերող լաւագոյն ժապաւէնն է, որովհետեւ Լիբանան իր իսկութեամբ ներկայացուած է հոն: «Ցաւալի է նաեւ իրականութիւնը, որ լիբանանեան ընկերային ցանցերուն հետեւողը կը վկայէ, թէ լիբանանցիներուն մէջ տգիտութեան համեմատութիւնը շատ մեծ աճ արձանագրած է: Կը յանձնարարեմ, որ անոնք «Կուկըլ»-ի մէջ պարզապէս գրեն. «Մաթա Ահլի» Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան: Թող միայն այդ գրութիւնը կարդան` հասկնալու համար աղէտին մեծութիւնը», շեշտեց ան:

Աքըլ անհեթեթ նկատեց ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած այն վիճակագրութիւնը, որ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի եւ նախագահ Աունի միջեւ ընտրութիւն կը կատարէ: «Արդեօք անոնք տեղեա՞կ են, թէ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. որքան լիբանանցի սպաննած է` զանոնք մորթազերծ ընելով: Տգիտութեան մակարդակը հասած է նաեւ լրագրողներուն, կամ անոնց, որոնք լրագրող կը նկատեն իրենք զիրենք: Անկարելի է հաւատալ, որ թուրքը ոչ իսկ արաբները ճանչցած է: Օսմանցին ոչ մէկ խտրութիւն դրած է քրիստոնեային ու իսլամին միջեւ: Ան պարզապէս զանոնք տարբեր անուններով կը կոչէր` սեւ շուն եւ սպիտակ շուն», հաստատեց ան:

Աքըլ շեշտեց, որ Լիբանան իր ապագան չի կրնար կերտել, եթէ իր անցեալին եւ պատմութեան մասին բան չի գիտեր:

«Այսօր Լիբանանի հանրապետութեան պետը վարկաբեկուած է Թուրքիոյ կողմէ: Կը յիշեմ, որ անցեալ տարի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի Թուրքիոյ դէմ խիստ միջոցառումներ որդեգրած էր` արգիլելով թրքական կրկնեփներու ներածումը: Ողջունելի է, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի ներկայ նախարար Մանսուր Պթէյշ, իր կարգին, որդեգրած է նոյն որոշումը, եւ կոչ կ՛ուղղեմ նախարարին` աւելի խիստ քայլերու ալ դիմելու», ըսաւ ան:

Աքըլ կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի մէջ գործող ճամբորդական գրասենեակներուն չքաջալերելու լիբանանցիներուն Թուրքիա այցելութիւնները:

«Կը փափաքիմ, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի, նախքան որեւէ արտադրութիւն գնելը, ստուգէ զայն, ինչպէս նաեւ խուսափի Թուրքիա այցելելէ, նոյնիսկ` այլ երկիրներ այցելութեան պարագային թրքական օդանաւային ընկերութիւնները օգտագործելէ», եզրափակեց Աքըլ:

Բանաստեղծ եւ լրագրող Հապիպ Եունես նոյն յայտագիրէն հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա խիստ ընդվզեցնող է, որովհետեւ սպառնալիք կը պարունակէ: «Պետութիւնները այս ձեւով չեն վարուիր: Թուրքիոյ կողմէ ուրացումի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Ներկայիս թուրքերուն եթէ հարց տաս ցեղասպանութիւններու եւ սպանդներու մասին, անոնք կ՛ըսեն, թէ իրենք պատասխանատու չեն այն բոլորին, որ գործուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Հանրապետութեան նախագահը ոչ մէկ սխալ քայլի դիմած է: Ան պարզապէս ներկայացուց պատմական իրողութիւններ, որոնք արձանագրուած էին Օսմանեան բռնատիրութեան ժամանակաշրջանին: Նախագահ Աուն անդրադարձաւ պետական ահաբեկչութեան, որ գործուեցաւ Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին վրայ: Բաւարար է միայն առնել Լիբանանի օրինակը եւ անդրադառնալ, որ Ֆախրէտտին իշխանը ի՛նչ անարգ կերպով սպաննուեցաւ: Սպանութիւնն ու ոճրագործութիւնը թուրքերուն ծիներուն մաս կը կազմեն, թուրանական մտայնութիւնը այդպէս կը գործէ», ըսաւ ան:

Եունես անդրադարձաւ օսմանցի սուլթաններուն դէմ տրուած պատիժներուն` նշելով, որ անոնք իրենց հարազատ քոյրերն ու եղբայրները սպաննած են, որպէսզի անոնք գահէն բաժին չպահանջեն: «Այսինքն եթէ մարդ իր հարազատ եղբայրն ու քոյրը կը սպաննէ, ապա օտարին սպանութիւնը աւելի դիւրին կ՛ըլլայ իրեն համար: Արդէն մեզի նկատմամբ օսմանցիներուն գործած արհաւիրքները բաւարար են: Մենք ունինք եկեղեցիներ, որոնց դռները շատ փոքր են ու ցած, որպէսզի թուրք զինուորները իրենց ձիերով ներս չկարենային մուտք գործել: Լեռնալիբանանի սովը եւ Լիբանանի անկախութիւնը պահանջող մտաւորականները` բոլոր համայնքներէն, մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ կախաղան բարձրացնելը Օսմանեան կայսրութեան գործած սպանդները կը ներկայացնէ:

Իթթիհատ վէ թերաքքըն սիոնական հիմքեր ունէր եւ կը կեղեքէր լիբանանցիները», շեշտեց Եունես:

Հապիպ Եունես հաստատեց, որ Թուրքիա պէտք է ներում հայցէ Լիբանանէն, որովհետեւ Թուրքիա մեզմէ հզօր չէ, ճշմարտութենէն եւ իրաւունքէն աւելի հզօր չէ: «Թուրքիա իր չափին մէջ պէտք է մնայ, իսկ Էրտողան իր ձգտումներէն ոչ մէկը պիտի կարենայ իրականացնել, իսկ այդ մէկը դրսեւորուեցաւ Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին անոր արձանագրած ձախողութեամբ», հաստատեց Եունես:

Հապիպ Եունես անդրադարձաւ նաեւ հայութեան դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութեան` նշելով, որ ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ծածկելու ճշմարտութիւնները: «Այսօր աշխարհի մէջ բազմաթիւ պետութիւններու խորհրդարանները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը նախապայման է, որպէսզի Թուրքիա մաս կազմէ Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային այլ հաստատութիւններու: Թուրքիա չի կրնար իր ուժին վստահիլ եւ ինքզինք պարտադրել բոլորին` պատմութիւնը նենգափոխելով: Թուրքիա չի կրնար այլեւս պատմութիւնը խեղաթիւրել եւ օր մը անպայման կամայ թէ ակամայ պիտի ճանչնան իրենց գործած բոլոր ցեղասպանութիւններն ու սպանդները: Իսկ մենք պէտք է հատուցում պահանջենք Թուրքիայէն, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական: Այսօր Լիբանանի մէջ կան տղամարդիկ, որոնց դիմաց Թուրքիա իր հզօրութեամբ լուռ կը մնայ», եզրափակեց Եունես:

aztagdaily.com/archives/452483

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail