Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Բանբերը Դատապարտած Է Լիբանանի Նախագահ Զօր. Միշել Աունի Յայտարարութիւնները
05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Օմեր Չելիքը դատապարտեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւնները` Օսմանեան պետութեան վերաբերող:
«Լիբանանի նախագահը յայտնած է, թէ Օսմանեան պետութիւնը լիբանանցիներուն նկատմամբ պետական ահաբեկչութիւն կիրարկած է: Մենք կտրականապէս կը մերժենք «Պետական ահաբեկչութիւն» արտայայտութիւնը, կը դատապարտենք զայն եւ կ՛առարկենք», յայտնեց Չելիք:
Ըստ բանբերին, Լիբանանի համար կառավարման լաւագոյն վարչաձեւը գործադրած են օսմանցիները, իսկ Օսմանեան տիրապետութենէն դուրս գալէ ետք Լիբանանի մէջ մեծ պետութիւնները գաղութատիրական քաղաքականութիւն վարած են:
Չելիքի համաձայն, նախագահ Աունի արտայայտած բանաձեւումը կանխամտածուած է եւ պարզապէս քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ:
Ան նշեց նաեւ, որ երբ Օսմանեան կայսրութիւնը ստեղծուած է այդ շրջանին մէջ, լիբանանեան պետութիւնը տակաւին գոյութիւն չունէր:
aztagdaily.com/archives/452484