Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան

Թուրքիա Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան

06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը կը ծրագրէ 1 միլիոն սուրիացի գաղթականներ վերահաստատել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ եւ կրնայ վերաբանալ գաղթականներուն դիմաց դէպի Եւրոպա ճամբան, եթէ այդ ծրագիրին պատշաճ միջազգային աջակցութիւն չստանայ: Այս մասին հաղորդեց «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» օրաթերթը:

«Կ՛ըսենք, որ պէտք է հաստատենք անվտանգութեան այդպիսի գօտի մը, որպէսզի մենք` իբրեւ Թուրքիա, կարենանք այդտեղ քաղաքներ շինել` այստեղ գտնուող վրաններով գաղթակայաններուն փոխարէն: Զանոնք տանինք այդտեղ գտնուող անվտանգութեան գօտիներ», ըսաւ ան:

«Մեզի գումակային աջակցութիւն տրամադրեցէք, եւ մենք կրնանք երթալ եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ 30 քիլոմեթր խորութեան մէջ տուներ կառուցել: Այսպիսով, անոնց կրնանք տրամադրել մարդասիրական բնակեցման պայմաններ», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

«Ասիկա պէտք է տեղի ունենայ, այլապէս պիտի վերաբանանք դարպասները», սպառնաց Էրտողան` աւելցնելով. «Կա՛մ մեզի աջակցութիւն կը տրամադրէք, կա՛մ ալ, ներողամի՛տ եղէք, սակայն այս բեռը առանձին պիտի չկրենք: Չենք կրցած օժանդակութիւն ստանալ միջազգային ընտանիքէն, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութենէն»:

«Մեր նպատակն է առնուազն մէկ միլիոն սուրիացի եղբայրներ վերադարձնել անվտանգութեան գօտի, որ պիտի հաստատենք մեր 450 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանին վրայ», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան վերահաստատեց արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժանիւթի որոնման աշխատանքները շարունակելու Թուրքիոյ վճռակամութիւնը: «Ոչ ոք կրնայ մեզ զրկել Արեւելեան Միջերկրականի մէջ մեր ունեցած իրաւունքներէն: Մինչեւ վերջ պիտի պաշտպանենք մեր իրաւունքները», ըսաւ ան:

«Մեր երկրին դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու սպառնալիքը մեզ չի սարսափեցներ, մեզ նահանջի չի մղեր, ընդհակառակն` կը զօրացնէ մեր ճամբան երթալու մեր վճռակամութիւնը», աւելցուց ան:

aztagdaily.com/archives/455595

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail