Էրտողան. «Բոլորը Հիւլէական Մարտագլխիկներ Ունին, Ինչո՞ւ Թուրքիան Ալ Պէտք Չէ Ունենայ»
06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սվազի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է ռազմարդիւնաբերական համալիր ունենալու եւ խաղաղութեան գաղափարներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Ուրեմն, մէկը իր ձեռքին ռումբ բռնած վրադ կը յարձակի, դուն ալ կ՛ըսես` «ես խաղաղութեան կողմնակից եմ», եւ փակե՞ս ամբողջ ռազմարդիւնաբերական համալիրը: Յարգելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, ոմանց ձեռքին մէջ հիւլէական մարտագլխիկով հրթիռ կայ, եւ ոչ թէ մէկ կամ երկու հատ, իսկ իմ ձեռքս հիւլէական մարտագլխիկով հրթիռ թող չըլլա՞յ: Ես ասիկա չեմ ընդունիր», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան աւելցուցած է, որ աշխարհի վրայ գրեթէ չկայ զարգացած երկիր մը, որ հիւլէական մարտագլխիկով հրթիռ չունենայ:
Ան, առանց նշելու երկրի անունը, հրապարակած է այդ երկրի նախկին նախագահներէն մէկուն հետ իր ունեցած երկխօսութենէն հատուած մը: Ըստ Էրտողանի, այդ անձը բողոքած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան ունին 12.500-էն 15.000 հիւլէական մարտագլխիկով հրթիռներ, իսկ անոր ձեռքին մէջ 7500 հատ կայ, եւ ինք պիտի աւելցնէ անոնց թիւը:
Էրտողան բողոքած է, որ այդպիսի արշաւի պայմաններուն մէջ, հիւլէական զէնք ունենալու հարցին մէջ Թուրքիոյ կ՛ըսեն. «Տե՛ս հա, յանկարծ դուն չընես»: Ան անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի` հիւլէական հաղորդակցութիւն ունենալու հարցին, նշելով, որ Իսրայէլ ամէն առիթով ատով կը վախցնէ:
Էրտողան նշած է, որ հինգ օր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու հարցին առնչութեամբ, եւ անոր ըսած, թէ եթէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ ըլլան նոյն պայմաններով վաճառելու ամերիկեան «Փաթրիոթ» համակարգերը, ապա Թուրքիան պատրաստ է գնել զանոնք: Անոնք պայմանաւորուած են ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ հանդիպիլ եւ խօսիլ սոյն հարցին վերաբերեալ:
Էրտողան կարեւոր նկատած է այլընտրանքային աղբիւրներ ունենալը, ներառեալ` թերեւս Չինաստանի հետ համագործակցութիւնը:
aztagdaily.com/archives/455594