«Թուրքիան Այլեւս Պատրաստ Է Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտիի Հաստատման» Պոլթընին Կ՛ըսէ Քալըն
06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթընին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Թրքական կողմը առանց ուշացումի պիտի ամբողջացնէ Միացեալ Նահանգներուն հետ միացեալ գործողութիւններու ծրագիրի գործադրութեան վերաբերեալ իր պատրաստութիւնները»:
Անոնք նաեւ քննարկած են Նիւ Եորքի մէջ այս ամիս գումարուելիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաւանական հանդիպումին վերաբերող հարցեր:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, թէ Անգարա Ուաշինկթընին պիտի չարտօնէ ձգձգել Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու ծրագիրը, որուն գործադրութեան երկար ատենէ ի վեր կը ձգտին թրքական իշխանութիւնները:
aztagdaily.com/archives/455596