ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. «Մեզի Մի՛ Վստահիք»
07 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Վերջերս շատ կը խօսուի Ազրպէյճանի մէջ տեղակայուած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու մասին: Կը հաղորդուի, որ Իսրայէլ այդ սարքերով է, որ հարուածած է Իրաքի մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող շիիական աշխարհազօրի զինապահեստանոցները:
Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը 4 սեպտեմբերին հրապարակեց Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի քաղաքականութեան վերաբերեալ ուշագրաւ հետաքննութիւն մը, որ կը ներառէր ամերիկացի, իսրայէլցի եւ եւրոպացի ներկայ ու նախկին պաշտօնատարներու հետ հարցազրոյցներ: Օրաթերթը կը նշէ, թէ Իսրայէլ ներկայիս կը քննէ Իրանը միակողմանի հարուածելու կարելիութիւնը: 2011-2017 Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարած Տանիէլ Շափիրօ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած է. «Ես կը կարծեմ` շատ աւելի հաւանական է, որ Թրամփ Նեթանիահուին կանաչ լոյս տայ` Իրանի դէմ յարձակում գործելու, քան ինք զայն հարուածէ: Սակայն ատիկա մեծ ռիսք է»:
Ահա տիրող այս մթնոլորտին մէջ եւ լոյսին տակ է, որ հնչեց ամերիկեան բանակի սպայակոյտի այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն չունի բաւարար զսպիչ ուժ ետ մղելու համար իր, իր շահերուն կամ շրջանին մէջ իր գործընկերներուն դէմ Իրանի կամ անոր գործակատարներուն յարձակումները:
Այսպիսով, ամերիկեան բանակը հրապարակաւ Թրամփի վարչակազմին յղեց Թել Աւիւին «կանաչ լոյս» տալէ զգուշանալու պատգամ մը: Այդ յայտարարութիւնը նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը զգուշացնէ այդպիսի միակողմանի քայլի մը հետեւանքներէն:
Իրանի դէմ հարուածի եւ 17 սեպտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծ յաղթանակի մը արձանագրութեան գաղափարներով համակուած Նեթանիահուն պէտք է իմանայ, որ եթէ այդպիսի արկածախնդրական քայլ մը կատարէ, ամերիկեան բանակը պիտի չկարենայ իր երկիրը պաշտպանել: Աւելի՛ն, 17 սեպտեմբերէն առաջ Իրանը հարուածելը պիտի չծառայէ իր ընտրական շահերուն, որովհետեւ թիրախահար հեռահաս հրթիռներով զինուած Իրանի եւ անոր աջակցութիւնը վայելող ուժերուն հետ պատերազմի մը առաջին զոհերը պիտի ըլլան ինքնին այդ ընտրութիւնները, որոնք բնականաբար պիտի յետաձգուին, իսկ եթէ աւելի ուշ կայանան, պիտի կատարուին աւերուած երկրի մը մէջ ու պիտի աւարտին այդ աւերման պատճառ դարձած անձին ջախջախիչ պարտութեամբ:
Ամերիկեան բանակին յայտարարութեան երրորդական նպատակը կամ անուղղակի ազդեցութիւնը սթափեցնելն է սէուտցի իշխան Ապտալլա պըն Սուլթան պըն Նասըր Սէուտը, որ 4 սեպտեմբերին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, թէ իր երկրին զինեալ ուժերը ի վիճակի են 8 ժամուան ընթացքին ոչնչացնել Իրանը, եթէ երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի բախում յառաջանայ: Ամերիկացի զինուորները անոր եւս կ՛ըսեն. «Մեզի մի՛ վստահիր»:
aztagdaily.com/archives/455710