Քաղաքական ուղերձը ոճրային եւ ահաբեկչական պետութեան այսօրուան ժառանգորդներուն ուղղուած է
Խմբագրական. Նախագահ Աունի Փոխանցած Ուղենիշները. Լիբանանցիներու Սովամահութիւնը Կրնայ Համալրել Օսմանեան Կայսրութեան Իրականացուցած Ցեղասպանութիւններու Շարքը
04 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:
Օսմանեան կայսրութեան կիրարկած քաղաքականութեան մասին Լիբանանի նախագահին տուած գնահատականը կ՛արժէ դիտարկել երկու կարեւոր ուղղութիւններով:
Նախ, բնականաբար, քաղաքական ուղերձ է հնչածը` պատմական հարցերուն անդրադառնալով, ըստ էութեան, սակայն այժմէական խնդիր բարձրացնելով: Իսկ այժմէական հնչեղութեամբ քաղաքական ուղերձի մասով նախագահը փաստօրէն պահած է վարքագծային հետեւողականութիւն: Բոլորս կը յիշենք, որ այն օրերուն տակաւին նախագահական թեկնածու եղող զօր. Միշէլ Աուն լիբանանցի քաղաքական դէմքերուն մէջ ամէնէն բովանդակային խօսքը փոխանցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկուն ընթացքին: Համեմատելով 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն ու 21-րդ դարու մերօրեայ ցեղային զտումները` միջին արեւելեան տարածաշրջանին մէջ, զօր. Աուն մատնացոյց ըրաւ միեւնոյն հասցէն. ան, որ հարիւր տարի առաջ ուղղակի գործադրեց ցեղասպանութիւնը եւ ան, որ որ հարիւր տարի ետք միջնորդաւորուած ձեւով իրականացուց ցեղային զտումները:
Այդ ցեղային զտումները փաստօրէն մեծագոյն հարուած էին ամբողջ տարածաշրջանին` զայն ապաքրիստոնէացնելու առումով. զօր. Աուն հանդէս կու գար քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան սպառնացող վտանգները ահազանգելով եւ այդ վտանգաւոր իրավիճակները ստեղծողները դատապարտելով:
Խնդիրը հիմա շատ աւելի համալիբանանեան տարողութեամբ կը դրուի, երբ յստակօրէն կը խօսուի մեծն Լիբանանի եւ լիբանանցիներու նկատմամբ օսմանեան Թուրքիոյ կիրարկած բռնարարքային, բռնատիրական, ջարդերով եւ սադրանքներով յատկանշուած քաղաքականութեան մասին: Քաղաքական ուղերձը ոճրային եւ ահաբեկչական պետութեան այսօրուան ժառանգորդներուն ուղղուած է, երբ մանաւանդ նախագահին խօսքին մէջ այս բոլորը կը հակադրուին Լիբանանի դաւանած խաղաղութեան եւ քաղաքակրթական արժէքաբանութեան:
Այլեւս զուտ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն սպառնացող վտանգէն չեն մեկնիր նախագահական խօսքին բովանդակութեան առանցքները: Նկատի առնուած են անպայման սիւննի համաարաբական մեծագոյն կեդրոններու որդեգրած հակաթուրք դիրքորոշումները: Քաղաքական ընթերցումը կատարուած է եւ հաշուարկուած օսմանեան Թուրքիոյ միեւնոյն բնութագիրը տուող պաշտօնական Ռիատի կեցուածքներուն եւ անոնցմէ բխած գործնական քայլերուն:
Երկրորդ ուղղութիւնը` ներլիբանանեան լսարաններու ուղղուած է: Մանաւանդ, երբ պատմական ճշմարտութիւնները լիբանանցի սերունդներուն իրազեկելու հրամայական կը հնչեցուի: Այս մէկը համազօր է արդէն մայիս 6-ի խորհուրդի վերարժեւորման, վերականգնման եւ վերաիմաստաւորման: Նախագահին արտասանած իւրաքանչիւր բառն ու եզրոյթը կշռադատուած են: Այս հրամայականէն անհրաժեշտ է, որ բխին ինչպէս քաղաքական, այնպէս նաեւ գուցէ իրաւական, ինչու չէ նաեւ մշակութային ու կրթական դրսեւորումներ: Այս բոլորը կը խօսին Լեռնալիբանանի սովամահութիւնը ցեղասպանութիւն համարելու եւ համարժէք եզրութաբանութեամբ արտայայտելու հաւանականութեան մասին. մանաւանդ, երբ նախագահը առանց վարանելու կը խօսի օսմանեան Թուրքիոյ կիրարկած պետական ահաբեկչական քաղաքականութեան մասին, որ պատճառ դարձաւ հարիւր հազարաւորներու սովամահութեան, բռնարարքներու, կախաղաններու եւ պետական հաստատութիւններու անդամալուծումին: Զինուորաքաղաքական գործողութիւններուն տրուած որակումները իրաւականօրէն կը համընկնին կանխամտածուած ձեւով հաւաքականութիւն մը բնաջնջելու պետական մտադրութեան, ինչ որ կ՛ամբողջացնէ ցեղասպանութիւն սահմանումին բաղադրիչ կէտերը:
Ուղերձ կայ ուրեմն նաեւ ներքին կարգով: Իսկ նախագահի խօսքը ուղենիշ է Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նշումներուն առիթով կազմակերպուելիք տարբեր ձեռնարկներուն, արարողութիւններուն, ցուցահանդէսներուն կամ համերգներուն ընթացքին արծարծուելիք թեմաներուն առանցքները ճշդելու առումով: Չի բացառուիր, որ լիբանանցի ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մեղադրանքը համալրէ օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութիւններու շարքը:
aztagdaily.com/archives/452325