«Թուրքիան Որեւէ Երկրի Պահակը Չէ, Գաղթականներու Անոնց Պահեստանոցը Չէ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

«Թուրքիան Որեւէ Երկրի Պահակը Չէ, Գաղթականներու Անոնց Պահեստանոցը Չէ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիան որեւէ երկրի պահակը չէ, գաղթականներու անոնց պահեստանոցը չէ: Թրքական «Ճումհուրիեթ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ` մեկնաբանելով Սուրիայէն դէպի Թուրքիա գաղթականներու հաւանական նոր հոսքի վտանգը:

Ան մասնաւորաբար յայտարարած է, որ «ով որ ճգնաժամը կը ստեղծէ, ինքն ալ պէտք է ատոր հաշիւը փակէ»:

Մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` գաղթականներուն առջեւ «կը բանանք Եւրոպայի դռները» յայտարարութիւնը, ան նշած է. «Ասիկա ո՛չ սպառնալիք է, ո՛չ ալ սուտ: Ասիկա իրականութիւն է»:

Ֆուաթ Օքթայ նաեւ նշած է. «Այն հանգստութիւնը, որ եթէ Սուրիայէն գաղթականներու նոր ալիք ըլլայ, Թուրքիան իր կուրծքը դէմ պիտի տայ, բացարձակապէս սխալ հանգստութիւն եւ մօտեցում է»:

aztagdaily.com/archives/456109

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail