Վանի Սուրբ Խաչի Պատարագին Մուշի Հայերը Խաղող Հիւրասիրած Են Ներկաներուն (տեսանիւթ)
10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Սեպտեմբեր 8-ին Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 7֊րդ անգամ ըլլալով մատուցուեցաւ Ս․ Պատարագ: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ մատուցուած պատարագին ներկայ էին հարիւրաւոր հայեր Հայաստանէն, Թուրքիայէն եւ Սփիւռքէն:
Անոնց մէջ էր նաեւ Տարօնի եւ Մուշի հայերու համերաշխութեան եւ զբօսաշրջութեան հասարակական միութեան նախագահ Հայրեթթին Ասլանը: Ան իրեն հետ տարած էր դարաւոր պատմութիւն ունեցող Մուշի քաղցրահամ խաղողը:
Ըստ «Ermenihaber.am»-ին՝ Հայրեթթին Ասլան նշած է, որ Մուշի խաղողը բերած են Աղթամար կղզի, որպէսզի հիւրասիրեն պատարագի մասնակիցներուն:
Այն հարցումին, թէ «Մուշէն շա՞տ հայեր եկած են մասնակցելու պատարագին», Ասլան պատասխանած է, որ մօտ 200 հոգի եկած է:
«Միշտ կու գան պատարագին: Սա առաջին անգամը չէ: Ոչ միայն Մուշէն, այլեւ շրջակայ նահանգներէն ալ կու գան: Մենք ալ այդ առիթով մեր պապերու յիշատակին համար խաղող կը բերենք ու կը բաժնենք»,- նշեց է ան:
yerakouyn.com/2019/09/10/վանի-սուրբ-խաչի-պատարագին-մուշի-հայեր/