Ազրպէյճանի Մէջ Հայեր Ձերբակալուած Են
10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019:
Ազրպէյճանի Կենկելի շրջանի Չայքենտ գիւղին մէջ ձերբակալուած են Ռուսիոյ քաղաքացի երկու հայեր: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մետիա» կայքը:
Կայքին հաղորդումով` հայ ամոլը ուշադրութիւն գրաւած է այն ժամանակ, երբ կը լուսանկարէր գիւղը:
Ձերբակալութենէն ետք ի յայտ եկած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող երկու անձերը ազգութեամբ հայ են` Ռուսիայէն եկած զբօսաշրջիկներ: Զանոնք տեղափոխած են Կենկելի շրջանային կեդրոն:
«Երկիր» կը նշէ, որ Չայքենտ գիւղը կը գտնուի հայ-ազրպէյճանական սահմանային գօտիին մէջ:
yerakouyn.com/2019/09/09/ազրպէյճանի-մէջ-հայեր-ձերբակալուած-են/