Արցախի Շուրջ Համահայկական Միասնականութեան Պահպանումը Գերխնդիր Է
09 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Ա. Ա.
Արցախի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, գալ տարի, 2020-ին եւ միեւնոյն օրը պիտի կազմակերպուին թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, որոնք, ինչպէս նախորդները, պիտի ըլլան արցախեան ժողովրդավարութեան լաւ փորձաքար մը, իբրեւ լիովին կայացած պետութեան մը իշխանութիւններուն ձեւաւորման առիթ մը:
Արցախեան քաղաքական կեանքին հետեւող հայկական հանրային հասարակական կարծիքը անշուշտ տեղեակ է վերջին անցուդարձերէն, որոնց մէջ բաւական մտահոգիչ զարգացումներ բացայայտեցին սառցալերան մը ջուրին տակ թաղուած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգող բաժնին կապուած իրադարձութիւններ` իրենց կանխատեսելի թէ աննախատեսելի հետեւանքներուն ամբողջ ծանրութեամբ:
Գաղտնիք մը չէ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն միջեւ անհամաձայնութեան մթնոլորտը, որուն մասին յստակօրէն արտայայտուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` «Նուվէլ տ՛Արմէնի» (Ֆրանսա) պարբերականին տրուած հարցազրոյցին մէջ, ուր ան նաեւ ակնարկութիւն կատարեց հայաստանեան եւ արցախեան հասարակութիւններուն միջեւ ներդաշնակութեան մը գոյութեան` նշելով, որ այդ ներդաշնակութիւնը պիտի կայանայ նաեւ իշխանութիւններուն մակարդակին վրայ` Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջոցով: Այսինքն արցախեան ընտրութիւնները իշխանութեան գլուխ կրնան կամ պիտի բերեն անոնք, որոնք Երեւանի իշխանութիւններուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունին: Կամ` Երեւանի նախկին իշխանութիւններուն հետ կապեր չունին:
Երեւան-Ստեփանակերտ անհամաձայնութիւններուն աղբիւրը յստակ է, որ առաւելաբար կապ ունի Արցախի իշխանութիւններուն եւ Երեւանի նախկին իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու, որոնց բնոյթին մասին նախապէս տարբեր առիթներու վարչապետ Փաշինեան մեկնաբանութիւններ եւ բնորոշումներ հրապարակած է` քողարկուած քննադատութիւններ յղելով նաեւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն կամ իշխանութեան ներկայացուցիչներու հասցէներուն:
Թէ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները ինչպիսի՛ իշխանութիւններ պիտի յառաջացնեն, ժամանակի խնդիր է, եւ անոնց կայացումէն ետք միայն կարելի է յստակօրէն ըսել, թէ Երեւան-Ստեփանակերտ յարաբերութիւնները ի՛նչ ընթացք եւ բնոյթ պիտի ստանան: Հիմա խնդիրը ատիկա չէ:
Ներկայիս մտահոգիչը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ անոնց համակիր օտար քաղաքական գործիչներուն վարքագիծն ու մեկնաբանութիւններն են, որոնք հայկական ճակատին ուշադրութեան եւ ապա, առ այդ, կանխարգելիչ քայլերու պէտք է առաջնորդեն:
Անոնցմէ է Մեթիու Պրայզա, որ նախապէս վարած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահի պաշտօնը, ամուսնացած է թուրք ամերիկացի Զէյնօ Պարանի հետ, եւ ներկայիս տնօրէնն է Պաշտպանութեան հարցերու միջազգային կեդրոնին, որ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ հաստատուած է: Պէտք չէ մոռնալ, որ Պրայզա նաեւ մէկ տարի` մինչեւ 2011, վարած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը:
Պրայզա անդրադառնալով արցախեան տագնապին բանակցային հոլովոյթին կապուած վերջին շրջանին արձանագրուած երեւանեան իրադարձութիւններուն, կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն` յայտարարեց, որ կատարուեցաւ բան մը, որուն պատճառով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքերը կառուցողականէն փոխուեցան ապակառուցողականի: «Ես կը կարծեմ, որ ասոր պատճառը, այսպէս կոչուած, ղարաբաղեան քլանին (խմբակ, խմբ.) հակահարուածն էր», նշեց ան:
Պրայզայի նման Ազրպէյճանի նկատմամբ ակնյայտ համակրութիւն ունեցող քաղաքագէտի մը այս յայտարարութիւնն է, որ առաւելաբար կը մտահոգէ, որովհետեւ մեկնաբանութեան խորքը Հայաստանի վարչապետին ուղղուած բաւական վտանգաւոր նկատողութիւն մըն է: Այլ խօսքով, Արցախի տագնապին բանակցային հոլովոյթին նկատմամբ Փաշինեանի «կառուցողական» կեցուածքը փոխուած է, որովհետեւ, դարձեալ ըստ Պրայզայի, ղարաբաղեան քլանը հակահարուած հասցուցած եւ Փաշինեանին պարտադրած է կեցուածքի փոփոխութիւն մը, որ Պրայզայի կողմէ ապակառուցողական կը բնութագրուի:
Անշուշտ մեկնաբանութիւններու ընկալումը բնաւ չի նշանակեր, որ իրականութիւնը իբրեւ այդպիսին է: Ասիկա չէ խնդիրը: Հարցը այն է, որ հայկական ճակատին վրայ արձանագրուած զարգացումները եւ իրադարձութիւնները Ազրպէյճանի եւ ազրպէյճանամէտ քաղաքական շրջանակներու կողմէ քաղաքական տարաբնոյթ շահարկումներու նիւթի կը վերածուի եւ կը տկարացնէ հայկական դիրքերը: Բան մը, որ կանխարգելիչ քայլերու դիմելու շտապ պարտադրանքին տակ կը դնէ հայկական կողմը: Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն: Որովհետեւ արցախեան տագնապին կապակցաբար «իշխանութիւն» եւ «ընդդիմութիւն» զօրակայաններ գոյութիւն չե՛ն կրնար ունենալ: Մերժելի են: Այս պարագային միայն ու միայն կայ ու պէտք է տիրական ըլլայ համահայկական գերխնդիրը` Արցախը, որուն պետութեան ամրապնդման եւ հզօրացման պարտականութիւնը բոլորին կը պատկանի:
Արցախեան ջուրերն ալ պղտոր չեն, որ հոն ձուկ որսալու ճիգեր թափուին:
aztagdaily.com/archives/455876