Արցախը Պայքարի եւ Դիմադրութեան Օրինակ է. Վալերի Պուայէ
Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովին մէջ Սեպտեմբեր 11-ին հիւրընկալուած են Ֆրանսայի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամները, որոնք եռօրեայ աշխատանքային այցով Արցախ կը գտնուին:
«Մեծ պատիւ է գտնուիլ Արցախ, քանի որ արցախցիները ժողովրդավարութեան օրինակ կը ծառայեն այս տարածաշրջանին մէջ ապրող մարդոց համար», Արցախի Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի հիմնադիր անդամ Վալերի Պուայէ:
Անոր խօսքով` Արցախը պայքարի եւ դիմադրութեան օրինակ է իրենց համար: «Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ արցախցիները երբեք չեն թուլցներ իրենց պայքարը եւ միշտ կը ցանկան մնալ իրենց համոզումներուն ու աւանդոյթներուն հաւատարիմ: Արցախի մէջ ներկայ պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին մենք պէտք է Ֆրանսայի մէջ պատմենք հակամարտութեան մասին, որ ցաւօք կը մոռցուի աշխարհի կողմէ: Հակամարտութեան համար պէտք է գտնուի լուծում, որ պիտի ապահովէ ազատութիւն Արցախի ժողովուրդին համար: Կը վստահեցնեմ, որ մենք պիտի վկայենք այն, ինչ կը տեսնենք այս հողին վրայ: Յուսով եմ` մեր ներկայութիւնը խնդրի լուծման ճանապարհին եւս մէկ քայլ պիտի ըլլայ»,- աւելցուցած է Վալերի Պուայէ:
yerakouyn.com/2019/09/11/արցախը-պայքարի-եւ-դիմադրութեան-օրինա/