Հրազդան Գետի Վրայ 252 մեթր Երկարութեամբ Կամուրջ Պիտի Կառուցուի

Հրազդան Գետի Վրայ 252 մեթր Երկարութեամբ Կամուրջ Պիտի Կառուցուի

11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 –

Մայրաքաղաքի Արգաւանդ-Շիրակ նոր ճանապարհահատուածի կառուցման մեկնարկը տրուած է: Սեպտեմբեր 11-ին 2.7 քմ․ երկարութեամբ ճանապարհի կառուցումը ազդարարող երկկողմ յուշագիրը ստորագրած են Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն ու Levantina Ingenieria y Construccion (Սպանիա) ընկերութեան լիազօր ներկայացուցիչ Լուիզ Լոփեզ Մոլոնին: Փաստաթուղթին մէկ օրինակը տեղադրուած է կառուցուելիք ճանապարհի հիմքին մէջ:

Մանրակերտի վրայ, ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանին եւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին ներկայացուած են ծրագրին մանրամասնութիւնները: Ասիական զարգացման դրամատան կողմէ ֆինանսաւորուող Քաղաքային կայուն զարգացման ներդրումային ծրագրի Թրանշ 2-ի ծիրէն ներս կառուցուող երթեւեկութեամբ նոր ճանապարհը պիտի ունենայ 4-6 երթեւեկելի գօտի` միջինը 24-28 մեթր լայնութեամբ: Ճանապարհահատուածը կը ներառէ նաեւ Հրազդան գետի վրայ 252 մեթր երկարութեամբ եւ 28 մեթր լայնութեամբ մետաղական կամուրջի կառուցում, ինչպէս նաեւ մէկ անցումի կառուցում` Իսակով – Բաբաջանեան փողոցներու հատման վայրին մէջ առկայ ճանապարհային հանգոյցին վրայ:

«Նոր ճանապարհահատուածը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի Երեւանի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի համար: Այսօր մայրաքաղաքին մէջ ունինք չորս կամուրջ, եւ այս ծրագրով Հրազդան գետի վրայ կառուցուելիքը պիտի ըլլայ հինգերորդը: Այս ճանապարհահատուածը զգալիօրէն պիտի թեթեւցնէ Երեւանի մէջ երթեւեկութիւնը»,- նշած է քաղաքապետը:

Շինարարական աշխատանքները իրականացնող սպանական ընկերութեան լիազօր ներկայացուցիչ Մոլոնին իր հերթին նշած է, որ նման նախագիծերու իրականցման մէջ ընկերութիւնը ունի երկարամեայ փորձ, եւ վստահեցուցած է, որ աշխատանքները պիտի իրականացուին նախատեսուած ժամկէտի մէջ:

Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին պիտի իրականացուին բոլոր անհրաժեշտ հաղորդուղիներու տեղափոխումները, իսկ լուսաւորութեան համակարգին մէջ պիտի տեղադրուին LED լուսատուներ:

Արգաւանդ-Շիրակ ճանապարհը Երեւանի արեւմտեան օղակաձեւ ճանապարհի մէկ հատուածն է, որ նաեւ կը կապէ Մալաթիա-Սեբաստիա եւ Շէնգաւիթ վարչական շրջանները:

Պայմանագրի արժէքն է 26 միլիոն տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ:

Շինարարութիւնը պիտի տեւէ 21 ամիս:

yerakouyn.com/2019/09/11/հրազդան-գետի-վրայ-252-մեթր-երկարութեամբ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail