Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն պաշտօնազրկուեցաւ

Ճան Պոլթըն 2018ին Հայաստան այցելութեան պահուն

Ճան Պոլթըն Պաշտօնազրկուեցաւ

11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերին պաշտօնազրկուեցաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ, որ գրեց, թէ «Սպիտակ տունը այսուհետեւ պէտք չունի անոր սպասարկութիւններուն»։

Իր կարգին, Պոլթըն յայտնեց, թէ ինք մէկ օր առաջ արդէն իսկ հրաժարած էր պաշտօնէն։

Կը հաղորդուի, որ Պոլթըն եւ Թրամփ շարք մը հարցերու շուրջ տարակարծիք էին եւ Պոլթըն դէմ էր յատկապէս Աֆղանիստանի »Թալեպան« շարժումին հետ բանակցելու Թրամփի ինքնագլուխ որոշումին, որ արտաքին քաղաքկանութեան մէջ ձախողութեան մը եւս առաջնորդած էր երկիրը։

Պոլթըն Ապրիլ 2018ին նշանակուած էր այս պաշտօնին, յաջորդելով Հ. Ռ. ՄըքՄեսթըրին, որ փոխարինած էր Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ ապօրինի կապերուն իբրեւ հետեւանք հրաժարած Մայքըլ Ֆլինին։

Թրամփ խոստացաւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ազգային ապահովութեան հարցերու չորրորդ խորհրդականը նշանակել յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին։

asbarez.com/arm/353966/Ճան-Պոլթըն-Պաշտօնազրկուեցաւ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail