ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Որո՜ւ Համար Կը Ղօղանջեն Արցախի Զանգերը
06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:
Որքան ալ բարի կամեցողութեամբ մարդիկ յորդորեն կամ պահանջեն քաղաքական դաշտի իրենց մրցակիցներէն, որ համազգային նշանակութեամբ ու կարեւորութեամբ հարցերու եւ օրակարգերու հետ պէտք չէ վարուիլ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու տրամադրութեամբ կամ դիտաւորութեամբ, փաստացի իրողութիւն ըլլալէ չի դադրիր այն երեւոյթը, որ աւելի ուժեղ դիրքեր ձեռք բերելու կամ առաւելութիւններ ապահովելու շահախնդրութիւնն ու պատեհապաշտութիւնը միշտ ալ հիմնական մասը կազմած են քաղաքականութեան խաղականոններուն:
Այդպէ՛ս է ամէնուրեք՝ ներազգային, ազգամիջեան թէ միջազգային քաղաքական խմորումներու ընդհանրական օրինաչափութիւններով:
Այդպէ՛ս է նաեւ հայ քաղաքական մտքի պարագային, որոշապէս եւ նոյնիսկ Արցախի ամբողջական ազատագրութեան իրաւական ամրագրումին եւ մայր հայրենիքի հետ Արցախի վերջնական վերամիաւորման համազգային առաջադրանքներու առումով:
Մտահան չընենք՝ ահա՛ 31 տարիէն աւելի է, որ Արցախեան Պահանջատիրութիւնը դարձած է եւ կը շարունակէ ԿԻԶԱԿԷՏը մնալ Հայ Դատի Պայքարին՝ իբրեւ այդպիսին յառաջապահ գլխաւոր ճակատը հանդիսանալով հայ քաղաքական մտքի եւ կամքի, այլեւ հաւաքական մեր ուժի զօրաշարժին:
Մինչեւ իսկ 1987ին Երեւանի մէջ կենսոլորտային պաշտպանութեան դրօշով ծաւալած ցոյցերու օրերէն, նաեւ՝ անոնցմէ առաջ ամբողջ տասնամեակներ, Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու պահանջատիրութեան շուրջ իրարու գլուխ ջարդած են հայ քաղաքական մտքի անխտիր բոլոր թեւերը՝ իրարու հասցէին շպրտելով այն մեղադրական ազդարարութիւնը, որ «Արցախը պղտոր ջրում ձուկ որսալու տեղ չէ»:
Կարիքը կա՞յ յիշողութիւններ թարմացնելու.
– Յիշե՞նք եղերաբախտ Կարէն Դեմիրճեանին, որ 1988ի փետրուարեան հաւաքներու մասնակիցներուն եւ Արցախի միացումը պահանջողներուն ուղղուած զգօնութեան իր կոչը կը հիմնաւորէր՝ ըսելով, թէ Արցախը «ճէ՞պս է, որ հանեմ տամ»:
– Մտաբերե՞նք Հայաստանի անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, որ 1997ի Դեկտեմբերին »Պատերա՞զմ, Թէ՞ Խաղաղութիւն« վերնագրեալ իր յօդուածով՝ Արցախի հաշուոյն հայ քաղաքական միտքը դրաւ «հող՝ խաղաղութեան դիմաց» ինքնասպանական ընտրանքին առջեւ:
– 17-18 տարի ետ երթա՞նք՝ յիշեցնելու համար Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին Արցախը պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու խաղադաշտի վերածելու սպառնական փորձերը՝ Քի Ուեսթի մէջ սադրուած Մեղրիի եւ Լաչինի անցքերու եւ ընդհանրապէս տարածքներու փոխանակման թունաւոր, այլեւ մահացու «պատառ»ը մեր ժողովուրդի կոկորդէն վար հրելու փութկոտութեամբ ու ընչաքաղցութեամբ:
– Արդէն աւելորդ չե՞ն յիշելն ու յիշեցնելը Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 2016ի Ապրիլեան պատերազմի օրերու ինքնարդարացման պատեհապաշտութեան, որ ատրպէյճանական թշնամիի նախայարձակման պատրաստ գտնուած չըլլալու իր ծանր յանցանքին վրայէն մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնն ու ընդվզումը շեղելու անհեռանկար փորձով՝ յայտարարեց, թէ կորսուած հողին վերատիրանալու համար չ՛արժեր 25 երիտասարդ զինուորի կեանքը վտանգել:
Հետեւաբար, յիշողութենէ զուրկ հանրային կարծիք ձեւաւորելով՝ զայն պարզապէս շահարկելու հետամուտ են այսօրուան հայ քաղաքական միտքը թունաւորող փոխադարձ վերագրումները՝ իրարու հասցէին ուղղելով Արցախեան Հարցը մրցապայքարի շահախնդրական խաղաքարի վերածելու մեղադրանքը:
Մանաւանդ ժողովրդավարական կարգերու իրենց ծարաւը յագեցնող ժողովուրդներու համար, մրցապայքարի այսօրինակ հռետորաբանութիւնը ընկալեալ խաղականոն է եւ պէտք չէ քարոզչական հարթակէ վեր բարձրացնել զայն: Այլապէս, բազմակարծութեան եւ մրցակիցի տեսակէտին նկատմամբ յարգանքի հանրապարտադիր սահմանագիծը բր-տօրէն խախտելու փորձի կը վերածուին նման ցեխարձակումները, երբ հրապարակագիրներու մակարդակէն կը բարձրացուին քաղաքական ներկայացուցիչներու ճարտասանութեան պատուանդանին:
Արցախի այսօրուան եւ վաղուան բարգաւաճման ու հզօրացման ի խնդիր ծաւալած քաղաքական ուժերու մրցապայքարը եւ հակադիր պատկերացումներու ժողովրդավարական բախումը երաշխիքն են լաւագոյն գալիքի ընտրութեան եւ գործնապէս նուաճումին:
Եւ այդ ընտրանքներու կայացման միակ ու անվիճելի իրաւատէրը նոյնինքն ժողովուրդն է, որ սխալելու պարագային ապահովագրուած է դարձեալ քուէտուփ դիմելու եւ սխալը սրբագրելու իրաւունքով ու հնարաւորութեամբ:
Եւ մեր ժողովուրդը այսօր իր լիաթոք վստահութեան արժանացուցած է ուղեգիծը քաղաքական առաջնորդի մը, որուն բառերով՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»:
Երեք տասնամեակէ աւելի է, որ քաղաքական աշխարհը իրարու ագուցած է – եւ անքակտելիօրէն – մէկ կողմէ Արցախի միացումը Հայաստանի հետ, իսկ միւս կողմէ Հայաստանի ազատ եւ անկախ Հանրապետութեան վերականգնումը՝ իբրեւ անփոխարինելի երաշխիքն ու հզօրագոյն կռուանը Միացեալ Հայաստանի մեր դարաւոր երազի իրականացումին:
Արցախը այս օրերուն կանգնած է սեմին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ նախագահական ընտրութեանց:
Ինչպէս երեսունմէկ տարիներէ ի վեր՝ Հայաստանի պետական-քաղաքական ղեկին կանգնած ուժը այսօր ալ առաւելութիւնը ունի իշխանութեան լծակներուն տիրապետողի իր դիրքերէն սեփական նախասիրութիւնները հրահանգելու մեր ժողովուրդին: Հարցը այն է, որ իշխանութեան լծակներ ունեցող ո՞ր ուժը սեփական ժողովուրդին յարգանքն ու վստահութիւնը գրաւած քաղաքական խմբաւորումներուն ու գործիչներուն ընտրական յաջողութեան կը ծառայեցնէ իր միջամտութիւնը՝ արժանանալու համար մեր ժողովուրդի կա՛մ օրհնանքին, կա՛մ ընդդիմադիր ցասումին:
Ո՛չ, Արցախը անցեալին թէ ներկայիս չէ եղած, ոչ ալ կրնայ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու դաշտ ըլլալ որեւէ քաղաքական ուժի կամ գործիչի համար, իշխանաւոր ըլլայ անիկա թէ ընդդիմախօս:
Հայրենի հայութեան թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին Հայաստանի ներ-քաղաքական խաղի կանոնները ենթակայ դարձած են նոյնինքն մեր ժողովուրդի անմիջական՝ ուղղակի հակակշիռին եւ իրաւարարութեան:
Իսկ ան, որ տակաւին քնացած է եւ չ՛անդրադառնար, թէ ազգովին կ՛ապրինք նոր Հայաստանի ազատ ու գերիշխան ժողովուրդի Հանրապետութեան մէջ, դատապարտուած է քաղաքական լուսանցքայնացման:
Քաղաքացիական ազատ ու արդար հասարակութիւն կերտելու վճռականութեամբ լեցուած մեր ժողովուրդը հմայական սրուակի խցանը բացած եւ ազատ աշխարհ դուրս եկած է:
Միայն բռնակալ, այդ ալ օտար բռնակալի բիրտ ճնշումը ի վիճակի կրնայ ըլլալ ետ շղթայելու ազատագրեալ հայու գերիշխան ոգին:
Երբ երեսունմէկ տարի առաջ սկսան ղօղանջել Արցախի զանգերը՝ մենք ազգովին ձայն տուինք իրարու՝
Ով որ քաջ է ի՛նչ կը սպասէ:
Հազարաւոր քաջերու հերոսական արեամբ սրբագործուած Արցախը արժանի է իր ազատամարտիկներուն երազած Հայաստանի անառիկ դարպասը կարգի բերելու՝ ազատութեան մէջ հայրենի եզերքը շէնցնելու եւ հզօրացնելու ժողովրդավարական մրցապայքարին:
Լաւագոյն Արցախի նուաճման համար մղուող իւրաքանչիւր ընտրապայքար միայն ողջունելի կրնայ ըլլալ, պէ՛տք է ըլլայ:
Մնացեալը հետեւանք է ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ ներքնապէս ինքնամաքրուելու հրամայականի հիւանդագին մերժումին:
Առանց յիշողութեան՝ անկողմնացոյց նաւարկելը բարբանջանք է: Արցախը շատոնց յառաջապահ ճակատը դարձած է Հայ Դատի պայքարին:
Անցած են ժամանակները մեր ժողովուրդին ազգային-քաղաքական ընտրանք պարտադրելու բռնադատութեանց:
Եկած է ժամանակը վերազարթնումի:
Եւ Արցախի զանգերը կը շարունակեն ղօղանջել:
asbarez.com/arm/353892/Որո՜ւ-Համար-Կը-Ղօղանջեն-Արցախի-Զանգեր/