Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնը Իրականացաւ նախագահութեամբ Սահակ եպս. Մաշալեանի
Իրականացաւ Աղթամարի Ուխտագնացութիւնը
09 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնը սկսաւ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբերին, նախագահութեամբ Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի։ Տեղապահ սրբազանը Շաբաթ յետմիջօրէին այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Մեհմետ Էմին Պիլմեզին, որ ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս տարի կրկին առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։
Սրբազանը ըսաւ, որ եկած է գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ընծայուած ընդունելութեան, թէ՛ արարողութեան իրականացման նպատակով ցուցաբերուած դիւրութիւններուն համար։
Տեղապահը երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի հետ։ Մտերմիկ զրոյցին ընթացքին Կիւնայ շեշտեց երկու ժողովուրդներուն կապերուն անհրաժեշտութիւնը։
Սրբազանը այցելեց նաեւ Վանի նորակառոյց թանգարանը եւ տեղւոյն գիտաշխատող Աթիլլա Կէօքի առաջնորդութեամբ տեսաւ հարուստ հաւաքածոն։
Մինչ այդ, արդէն իսկ Վան հասնելու սկսած էին ուխտաւորներ։ Այս ուխտաւորները նախապէս այցելած էին Կարս եւ յարակից շրջանները, ապա եկած էին Վան՝ մասնակցելու Աղթամարի արարողութեան։
Կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցաւ պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցան Վանի կուսակալը, Ատանայի մօտ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսը, Կեւաշի քաղաքապետը, գաւառապետը, մշակոյթի նախկին նախարար Կիւնայ եւ այլ պաշտօնատարներ։
Պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ յիշատակութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս Աղթամարայ երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորը, տաճարի ճարտարապետ Մա-նուէլ Վարդապետը, Աղթամարի մէջ գահակալած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Տէրունական աղօթքէն առաջ, սրբազանը քարոզեց բնաբան ունենալով Խաչվերացի Ողորմեա շարականէն «Փայտ կենաց, որ փոխանակ մահացու պտղոյն զՔրիստոս պտղաբերեցեր. պարսպեալ պահեա զուխտս հաւատացելոց» տունը։
Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։ Ապա պատարագիչ սրբազան հայրը հաղորդութիւն տուաւ հաւատացեալներուն, որոնց թիւը նկատի ունենալով՝ միւս հոգեւոր հայրերը եւս հաղորդութիւն մատակարարեցին։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն ետք, պատ-րիարքական տեղապահ սրբազանը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներուն աղօթակցութեամբ կատարուեցաւ հանդիսաւոր Անդաստանը։ Աշխարհի իւրաքանչիւր կողմ դարձը կը դժուարանար, որովհետեւ հաւատացեալներ եւ մամուլի աշխատակիցներ գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին վանքին շրջափակը։
Ապա սրբազան հօր տուած օրհնութեամբ աւարտին հասան հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները։
Ապա խօսք առաւ Վանի կուսակալը եւ իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ անգամ մը եւս իրականացած էր Աղթամարի ուխտագնացութիւնը, շեշտելով նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը։
Խօսք առաւ նաեւ Էրթուղրուլ Կիւնայ, որ շեշտեց հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համակեցութեան կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ նաեւ, որ հայերէն չգիտնալուն պատճառաւ արարողութեան լեզուն չէր կրնար հասկնալ, բայց եւ այնպէս երաժշտութիւնը շա՜տ հարազատ կը հնչէր իր ականջին։
asbarez.com/arm/353938/Իրականացաւ-Աղթամարի-Ուխտագնացութիւն/