Նասրալլա. «Մենք Չէզոք Չենք, Եւ Որեւէ Պատերազմ Պիտի Ըլլայ Իսրայէլի Եւ Ամերիկեան Երազներուն Աւարտը»
12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր Աշուրայի սգատօնին առիթով պատկերասփռուած ճառի ընթացքին վերահաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդը այլընտրանք չունի, քան վստահիլ Դիմադրութեան, որպէսզի դիմակայէ ինչ որ կը նախատեսուի «Դարու գործարք» ծրագիրին ընդմէջէն: Ան շեշտեց Դիմադրութեան յանձնառութիւնը հայրենիք վերադառնալ փափաքող պաղեստինեան ժողովուրդի իրաւունքներուն հանդէպ, եւ Դիմադրութիւնը պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ եւ պաշտպանէ տունդարձի իրաւունքը: Նասրալլա կոչ ուղղեց դադրեցնելու Եմէնի ու անոր ժողովուրդին վրայ տեղի ունեցած նախայարձակումը եւ թոյլ տալու, որ եմէնցիները որոշեն իրենց երկրին ապագան:
Նասրալլա դիտել տուաւ, որ Պահրէյնի ժողովուրդը տակաւին կը տառապի, իսկ Պահրէյնի վարչակարգը կը բնականոնացնէ իր յարաբերութիւնը թշնամի Իսրայէլին հետ եւ կ՛աջակցի Իսրայէլի բոլոր յարձակումներուն` Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ: Ան Պահրէյնի ժողովուրդին աջակցութիւն յայտնեց` նշելով, որ իրենք կը վերանորոգեն իրենց հաւատքը անոր նկատմամբ եւ կը կանգնին այդ ժողովուրդի կողքին:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ ամերիկեան անարդար եւ դատապարտելի պատժամիջոցները նախայարձակում կը նկատուին ամերիկեան վարչակարգին կողմէ, որպէսզի ելեւմտական եւ տնտեսական ճնշում բանեցուի` տրուած ըլլալով, որ իրեն ենթակայ Իսրայէլը պարտուեցաւ Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ Դիմադրութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմներուն, ինչպէս նաեւ ձախողութիւն արձանագրեց հաւատադրժողական խմբաւորումներու միջոցով միջնորդաւորուած պատերազմներուն մէջ: «Կառավարութիւնը պէտք է պաշտպանէ լիբանանցիները եւ ոչ թէ մղէ պետական կառոյցները իրագործելու ամերիկեան պատժամիջոցները», շեշտեց Նասրալլա` դատապարտելով դրամատուներուն վրայ հաստատուած պատժամիջոցները, նշելով, որ անոնք կապ չունին Հըզպալլային եւ հարուստներուն հետ, որովհետեւ կը պատկանին շիի համայնքին, եւ կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու այս քաղաքականութիւնը:
Նասրալլա շեշտեց, որ լիբանանցիները 2006-էն ի վեր տապալեցին իսրայէլեան փորձը` փոխելու կռիւի կանոնները, եւ իսրայէլեան բանակը վերածուեցաւ հոլիվուտեան բանակի, որովհետեւ գետնի վրայ անկարող դարձաւ: Ան նշեց, որ կարմիր գիծերը խախտելը երբեք չի նշանակեր հրաժարիլ թիւ 1701 բանաձեւէն` տրուած ըլլալով, որ Իսրայէլ չի յարգեր ատիկա: «Եթէ Իսրայէլ յարձակի Լիբանանի վրայ, ապա լիբանանցիներուն իրաւունքն է պաշտպանել իրենց երկիրը: Մենք պիտի պատասխանենք համապատասխան եւ համաչափ ձեւով, եւ երբեք չկան կարմիր գիծեր», ընդգծեց Նասրալլա: Ան հաստատեց, որ չկայ երկիր մը աշխարհին մէջ, որ լիբանանեան կառավարութենէն չխնդրեց դադրեցնել Դիմադրութեան պատասխան-յարձակումը` աւելցնելով, որ ատիկա իրենց ուժը կ՛ամրապնդէ:
Անդրադառնալով Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապին` Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական իրավիճակը անյոյս չէ, եւ լուծելու կարելիութիւն կայ, եթէ լրջութեամբ մօտեցուի հարցին: «Մենք կը մերժենք սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն վնաս հասցնել, կամ նոր տուրքեր պարտադրել` լուծելու համար այս տագնապը», ընդգծեց Նասրալլա: Ըստ անոր, պէտք է նախ եւ առաջ ետ բերել գողցուած դրամները, որպէսզի լուծուի տագնապը:
Նասրալլա մերժեց ենթադրեալ պատերազմը Իրանի դէմ` նշելով, որ ատիկա պիտի կործանէ երկիր մը եւ պիտի ըլլայ պատերազմ մը` Դիմադրութեան առանցքին վրայ: «Մենք չէզոք չենք, եւ որեւէ պատերազմ պատճառ պիտի դառնայ Իսրայէլի աւարտին եւ ամերիկեան երազներու աւարտին», յայտնեց Նասրալլա` նշելով, որ այաթոլլա Ալի Խամենէի Դիմադրութեան առանցքի ղեկավարն է, իսկ Իրանը` առանցքին սիրտը, հիմնական կեդրոնը եւ ամէնէն հզօր աջակիցը:
«Անոնք, որոնք գրաւ դրած են Դիմադրութեան առանցքէն մեր հեռանալուն վրայ, ապա անոնց մենք կ՛ըսենք` «մենք կը նախընտրենք մեռնիլ քան յանձնուիլ», եզրափակեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
aztagdaily.com/archives/457613