Յորդանանի Հովիտը Իսրայէլին Կցելու Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը Կ՛արժանանայ Բուռն Քննադատութեան
12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ իսրայէլեան կողմին հետ կնքուած բոլոր համաձայնութիւններն ու անոնցմէ բխող յանձնառութիւնները վերջ գտած պիտի ըլլան, եթէ իսրայէլեան կողմը գործադրէ Յորդանանի հովիտը, Սեւ ծովու հիւսիսը կամ 1967-ին բռնագրաւուած պաղեստինեան որեւէ տարածք իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ առնելու մտադրութիւնը:
Ապպաս նաեւ շեշտեց. «Մեր իրաւունքն է պաշտպանել մեր իրաւունքները եւ մեր նպատակներուն հասնիլ կարելի բոլոր միջոցներով, ինչ ալ ըլլայ արդիւնքը, որովհետեւ Նեթանիահուի որոշումները կը հակասեն միջազգային օրինականութեան եւ միջազգային օրէնքի որոշումներուն»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի օր խոստացաւ 17 սեպտեմբերին նախատեսուած իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելով վարչապետ ընտրուելուն պարագային Յորդանանի հովիտը, Սեւ ծովու հիւսիսն ու իսրայէլեան բնակեցման վայրերը առնել իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ: Ան նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Դարու գործարք»-ը պիտի ներկայացնէ իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն մէկ օր ետք:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի նշեց, որ թագաւորութիւնը կը մերժէ Նեթանիահուի կատարած յայտարարութիւնը, զոր նկատեց ընտրական քարոզչութիւն եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում:
Յորդանանի վարչապետը զգուշացուց, որ այդպիսի քայլ մը ամբողջ շրջանը պիտի մղէ դէպի բռնութիւն եւ պիտի հրահրէ տագնապը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանէն մասերու իր գերիշխանութեան կցումը կը նկատուի «շրջանին մէջ խաղաղութեան քանդում»:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները Արաբական լիկայի արտակարգ նիստի մը ընթացքին յայտնեցին, որ Իսրայէլի կողմէ այդպիսի քայլ մը կը սպառնայ շրջանի եւ աշխարհի կայունութեան:
Սէուտական Արաբիա յայտնեց, որ Նեթանիահուի յայտարարութիւնը կը նկատուի շատ վտանգաւոր մագլցում մը եւ միջազգային օրէնքի խախտում:
Քաթար իր կարգին յայտարարեց, որ իսրայէլեան այդպիսի քայլ մը «ամբողջովին վերջ պիտի տայ որոնուող խաղաղութեան առիթներուն»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսաւ, թէ Նեթանիահուի ընտրական խոստումը «ցեղային խտրականութեան պետութեան ծիրին մէջ է»:
www.aztagdaily.com/archives/457646