Թրամփ Յարմար Կը Նկատէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցներու Ջնջումը` Առ Ի Պատրաստութիւն Ռուհանիի Հետ Հանդիպումին

«Իրաք Ներխուժումը Մեծ Սխալ Մըն Էր». Թրամփ Յարմար Կը Նկատէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցներու Ջնջումը` Առ Ի Պատրաստութիւն Ռուհանիի Հետ Հանդիպումին

12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յարմար կը նկատէ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ¬ի Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին Իրանի դէմ հաստատուած կարգ մը պատժամիջոցներու ջնջումը: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան, Թրամփ երկու օր առաջ յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած է Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները թեթեւցնելու հարցը: Ժողովին ներկայ եղած են Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն:

Մնուչին զօրակցած է Թրամփի գաղափարին` Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութեան հոլովոյթը վերաջերմացնելու համար, սակայն Պոլթըն ատոր դէմ եղած է:

«Պլումպըրկ» կը նշէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարին կողմէ կարգ մը պատժամիջոցներու ջնջումի քննարկումը «բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն մըն է` առ ի պատրաստութիւն Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումի մը»:

«Պլումպըրկ» կը նշէ նաեւ, որ Սպիտակ տունը ձեռնարկած է Թրամփի եւ Ռուհանիի միջեւ հաւանական հանդիպումի մը պատրաստութեան:

Թրամփ երէկ յայտնեց, որ Պոլթըն շարք մը սխալներ գործած է, եւ անոր ու ամերիկեան վարչակազմի բազմաթիւ պաշտօնատարներու միջեւ անհասկացողութիւն գոյութիւն ունէր: «Ազգային անվտանգութեան խորհրդատուի պաշտօնին Ճոն Պոլթընը փոխարինելու հինգ լուրջ թեկնածուներ գոյութիւն ունին», նշեց ան:

Ըստ Սպիտակ տան ղեկավարին, «Իրան կ՛ուզէ համաձայնութիւն գոյացնել եւ բանակցիլ Միացեալ Նահանգներու հետ»: Ան նաեւ զգուշացուց Իրանը, թէ «իւրանիոմ հարստացնելը անոր համար մեծ վտանգ մը պիտի ըլլայ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Իրաք ներխուժումը մեծ սխալ մըն էր»:

aztagdaily.com/archives/457647

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail