Ակնարկ. Թրամփ – Ռուհանի Հանդիպումը Առանց Պոլթընի

Ակնարկ. Թրամփ – Ռուհանի Հանդիպումը Առանց Պոլթընի

13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններու վրայ կտրուկ շրջադարձներ կատարելը արդէն իսկ կանխատեսելի վարքագիծով կը յատկանշուի: Կանխատեսելի շրջադարձայնութեան մէջ կը սահմանուին նաեւ նախագահ Թրամփի վերջին յայտարարութիւնները Իրանի դէմ հաստատուած կարգ մը պատժամիջոցներ ջնջելու առումով: Որոշումը կը պայմանաւորուի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումով:

Շրջադարձ կատարելու համար սակայն ենթահող պէտք է ձեւաւորել: Որքան ալ կտրուկ ըլլան այդ որոշումները, այդուհանդերձ հասարակական եւ քաղաքական գետին պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի ամերիկեան վարչակազմին կողմէ:

Գլխաւոր խորհրդականի հանգամանքին այստեղ կը տրուի գերդերակատարութիւն: Երբ պաշտօնանկ կ՛ըլլայ նման բարձրաստիճան պաշտօնատար, որուն կը յաջորդէ Իրանի հետ մերձեցման նախադրեալներ պարունակող նախագահական որոշում, ըսել կ՛ուզուի, որ լարուածութեան կամ մագլցողական քաղաքականութեան ձեւաւորման կայ պատասխանատու, որուն տուած խորհուրդները չեն բխած Միացեալ Նահանգներու շահերէն:

Ոչ հեռու անցեալին էր, որ արտաքին գործոց նախարարին, անվտանգութեան գլխաւոր խորհրդականին եւ պաշտպանութեան նախարարին յորդորներով եւ խորհուրդներով, ամերիկեան կործանիչները բարձրացած էին հարուածելու համար իրանեան զինուորական յենակէտեր: Վերջին պահուն, նախագահին որոշումով ռմբաձիգները վերադարձած էին իրենց ռազմախարիսխները, առանց իրականացնելու յանձնարարուած գործողութիւնը: Առ այս պահը յորդորողներէն միայն գլխաւոր խորհրդականն է, որ պաշտօնէն կ՛ազատի: Հիմա պատժամիջոցներ ջնջելու պահն է:

Այս բոլոր գործընթացներէն կը թուի, որ դժգոհ կողմեր կան:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է, թէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատին պատկանող խմբակի մը կողմէ Սուրիայէն դէպի Իսրայէլ շարք մը հրթիռներ արձակուած են: Այդ հրթիռները չեն հասած Իսրայէլ: Իսրայէլ սուրիական վարչակարգը պատասխանատու կը նկատէ իր հողերէն հրթիռարձակման համար:

Իսրայէլ չհասած իրանեան հրթիռներու գործողութեան դէմ բողոքելով` Թել Աւիւ խորքին մէջ ոչ թէ Թեհրանին կամ Դամասկոսին ուղերձ կը յղէ, այլ Ուաշինկթընին` հակահարուած տալու սպառնալիքը փոխանցելով:

Հանգիստ չըլլալու պատճառներ ունի նաեւ Անգարան, որուն արտաքին գործոց նախարարը պարզ դարձուց, որ եթէ Ուաշինկթընը շարունակէ ձգձգել անվտանգութեան գօտիի ծրագիրի իրականացումը, ապա Անգարան ինքնուրոյն պիտի ձեւաւորէ իր առաջադրած գօտին Սուրիոյ մէջ:

Կ՛ենթադրուի նաեւ, քաղաքական պարզ տրամաբանութեամբ, որ Ռուհանիի հետ հանդիպման ընթացքին միջուկային ծրագիրի սահմանափակում-պատժամիջոց գործարքային կապերու առընթեր օրակարգի վրայ կ՛ըլլան նաեւ չյայտարարուած կէտեր. առաջնային կարգով` Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները:

Կանխահաս է խօսիլ Ուաշինկթըն-Թեհրան մերձեցման մասին: Պատժամիջոցներու թեթեւացման որոշումը սակայն երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն մէջ նոր ուղղութիւն կ՛ենթադրէ:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/457730

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail